Արդի ժամանակներու ազգային «մաքրազտումներու» մեծագոյն ողբերգութիւններէն ու գայթակղութիւններէն մէկուն` հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող յունական Զմիւռնիա չքնաղ քաղաքին հրոյ ճարակ կործանման 96րդ տարելիցը կը լրանայ այսօր` 13 Սեպտեմբերին։
1922ի Սեպտեմբեր 9ին, Դաշնակիցներու նաւատորմին անտարբեր եւ ձեռնածալ հայեացքին տակ, քեմալական զօրքը` Նուրէտտին փաշայի մը հրամանատարութեամբ, յաղթական մուտք գործեց երեք քառորդով յունաբնակ եւ հայաբնակ Զմիւռնիա քաղաքը։ Երեք օր շարունակ թուրք զինուորները ահաւոր վայրագութեանց` կոտորածի, կողոպուտի ու բռնաբարման ենթարկեցին Եգէականի ափին հազարամեակներով ապրած ու բարգաւաճած այս գեղեցիկ, արգասաբեր ու վաճառականական մեծ կեդրոն քաղաքը։
Բայց յատկապէս Զմիւռնիայի հայկական թաղամասերէն 13 Սեպտեմբերին բռնկած եւ արագօրէն ամբողջ յունաբնակ քաղաքն ու արուարձանները տարածուած անզուսպ հրդեհը աշխարհի քարտէսէն ջնջեց, գրեթէ ամբողջութեամբ, յունական եւ հայկական` քրիստոնէակա՛ն շեշտակի դրոշմը Զմիւռնիային։ Քաղաքի յոյն թէ հայ բնակիչներէն բոլոր անոնք, որոնք չէին կրցած մինչեւ 8 Սեպտեմբեր, յունական նահանջող զօրքին հետ, հեռանալ իրենց ծննդավայր քաղաքէն, նոյնիսկ եթէ յաջողեցան խուսափիլ թրքական զօրքի կոտորածներէն, ի վերջոյ զոհ գացին Զմիւռնիայի մեծ հրդեհին` «բախտաւոր» պարագային ծովը նետուելով…
Այդպէ՛ս կործանեցաւ հելլէնական եւ հռոմէական դարերէն` Քրիստոսի ծնունդէն հազարամեակ մը առաջ կառուցուած ու մինչեւ 1920ականները հոյակերտ քաղաքակրթութիւն մը իր անունին կապած Զմիւռնիան, որ յատկապէս յոյն ժողովուրդին, բայց նաեւ 11րդ դարէն սկսեալ հոն հաստատուած հայութեան ստեղծագործ տաղանդին եւ քաղաքակրթական շնորհներուն խօսուն վկայութիւնն ու փառքի դափնեպսակը հանդիսացաւ։
Եւ ա՛յդ բարբարոսութեան վրայ հիմնուեցաւ Աթաթուրք հռչակուած Մուսթաֆա Քեմալի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ կործանուած Զմիւռնիային փոխարէն 1928ին ձեռնարկեց Իզմիր քաղաքի կառուցման, որ տասնամեակներու ընթացքին դարձաւ աւելի քան 2,5 միլիոն թուրք բնակչութեամբ առեւտրական մեծ նաւահանգիստ` միջազգային տօնավաճառներու կեդրոն հանդիսանալով։
Շատ գրուած է ե՛ւ 1919էն 1922 մղուած յոյն-թրքական պատերազմին, ե՛ւ նոյնինքն Զմիւռնիայի Աղէտին մասին։ Այսօր եւս լոյս կը տեսնեն տարբեր բնոյթի ուսումնասիրութիւններ կամ գրական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս եւ գեղարուեստական գործեր կը հրապարակուին` ամբողջապէս լուսաբանելու եւ արժեւորելու համար թէ՛ Զմիւռնիայի Աղէտը, թէ՛ Զմիւռնիայի քաղաքակրթական մեծ ներդրումը պատմութեան ընթացքին։
Յատկապէս յոյն ժողովուրդը, աշխարհի չորս ծագերուն, ամէն Սեպտեմբերի 9ին եւ 13ին, ոչ միայն կ’ոգեկոչէ յիշատակը բազմահազար իր նահատակներուն, այլեւ` կը սգայ կործանումն ու կորուստը յոյն ազգային յիշողութեան մէջ իր անփոխարինելի տեղն ու նշանակութիւնը ունեցող Զմիւռնիային։
Բայց նաեւ իր այժմէական դասերով` 1922ի Զմիւռնիայի Աղէտը իր վրայ կը կեդրոնացնէ ուշադրութիւնը ոչ միայն յոյն ժողովուրդին, այլեւ թրքական եղեռնագործութեան այս կամ այն չափով զոհ գացած բոլոր ժողովուրդներուն, որոշապէս իրաւատէր հայութեան, որովհետեւ 96 տարի առաջ պատահած մեծ ողբերգութեան նկատմամբ եւս Թուրքիա օրին որդեգրեց եւ կը շարունակէ կառչած մնալ պետական ու պաշտօնական ուրացումի եւ չքմեղանքի միեւնոյն՝ թրքակեդրոն քաղաքականութեան։
Աւելի՛ն. Զմիւռնիայի Աղէտը ուսանելի շատ ծանր դասեր կը փոխանցէ մեծապետական աշխարհի ղեկավար ուժերուն նեղ-շահամոլական վարքագծին` Թուրքիան սիրաշահելու նպատակով անոնց ներքին մրցապայքարին մասին, որմէ առաւելագոյնս օգտուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալ 1922ին Զմիւռնիան գրաւելու եւ այդպէ՛ս կործանելու ժամանակ։ Քեմալ միեւնոյն պատեհապաշտութեամբ գործած էր նախապէս ալ, 1920ի աշնան, արշաւելով Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ եւ, անոր խորտակման ու խորհրդայնացման զուգահեռ, բռնագրաւելով հայապատկան Կարսն ու Արտահանը, Վանն ու Կարինը` ամբողջ Արեւմտահայաստանի վրայ թրքական տիրապետութիւնը… յաւերժացնելու մտօք։
Մեծապետական ուժերու այդ վարքագիծը միշտ ալ բաւարար հիմք տուած է թրքական պետութեան վարիչներուն, Քեմալի ժամանակներէն մինչեւ Էրտօղանի այս օրերը, որպէսզի արհամարհեն պատմութիւնն ու թրքական եղեռնագործութեան զոհերուն ազգային յիշողութիւնը` անպատիժ մնացած իրենց յանցագործութեան վրայ գումարելով Ուրացման, այլեւ Պատմական Նենգափոխման ոճիրը։
Զմիւռնիայի Աղէտէն 96 տարի ետք ալ թրքական պաշտօնական քաղաքականութիւնը կը շարունակէ աշխարհին հրամցնել միեւնոյն այն յանկերգը, թէ իբր`
1) Յոյները իրե՛նք հրահրեցին ազգամիջեան ատելութիւնն ու թշնամանքը, երբ 1919ի Մայիսին «գրաւեցին» Զմիւռնիան` օգտուելով Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին Օսմանեան Կայսրութեան կրած խայտառակ պարտութենէն։
2) Զմիւռնիա մտած յոյն զինուորները ուղղակի կոտորածի ենթարկեցին քաղաքի թուրք փոքրամասնութիւնը։
3) Զմիւռնիան հրդեհի տուողներն ալ եղան իրենք` յոյն զինուորները, որոնք իրենց նահանջին եւ Զմիւռնիան պարպելու ժամանակ իբր թէ ուզեցին քարուքանդ քաղաք մը… ձգել յաղթական թուրք բանակին։
Իբր թէ…
Անշուշտ անպատասխան մնացած չէ սուտի ու կեղծիքի ճամբով պատմութիւնը նենգափոխելու եւ սեփական եղեռնագործութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ Ուրացման պետական այդ քաղաքականութիւնը։ Յոյն, անգլիացի, ամերիկացի, ֆրանսացի եւ հայ պատմաբաններու սպառիչ ուսումնասիրութիւններով եւ փատագրական հաւաքածոներով, ինչպէս նաեւ պետական արխիւներու մէջ պահուած զեկուցագրերու եւ նամակագրութեանց ճամբով՝ թրքական յանցագործութիւնը, իր ամբողջական ահաւորութեամբ, մերկացուած է ամէն կարգի ուրացման եւ խեղաթիւրման փորձերէ։ Արար աշխարհ գիտէ, որ՝
1) Դաշնակիցները իրե՛նք Յունաստանի իշխանութեանց վստահեցան Զմիւռնիայի հոգատարութիւնը եւ այդպէս էր, որ վարչապետ Վենիզելոս յունական զօրք ղրկեց Զմիւռնիա 1919ի Մայիսին։
2) Եթէ մինչեւ 9 Սեպտեմբեր 1922 մղուած յոյն-թրքական կռիւներու ընթացքին յոյն զինուորներ գործեցին յանցանքներ թուրք բնակչութեան դէմ, այդ արարքները դատապարտելի ըլլալով հանդերձ` պատերազմը կորսնցնող բանակի մը զինուորներուն անկարգ եւ հասկնալի հակազդեցութեանց հետեւանքը եղան, մինչդեռ քեմալական զօրքը` յաղթական մուտք գործելով Զմիւռնիա, ուղղակի Նուրէտտին փաշայի հրահանգով ձեռնարկեց յոյն եւ հայ բնակչութեան սպանդին ու քաղաքի հրոյ ճարակ կործանումին։
3) Դաշնակիցները իր բախտին լքեցին Զմիւռնիան եւ անոր յոյն թէ քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնը պաշտպանող յունական զօրքը, երբ Քեմալ սկսաւ Լենինի հետ իր սիրաբանութեան, իսկ անգլիացիք եւ ամերիկացիք, ֆրանսացիք ու իտալացիք սկսան թրքական ազգայնամոլութեան նորայայտ առաջնորդին սիրաշահելու միջոցներ փնտռելու, որպէսզի չկորսնցնեն Առաջին Աշխարահամարտի իրենց նուաճած պատերազմական աւարները…
Պատմական ճշմարտութիւնը փաստագրող աղբիւրները նաեւ կ’անդրադառնան յունական ներքին քաղաքականութեան մէջ այդ շրջանին երեւան եկած տարակարծութիւններուն, որոնց հետեւանքով Վենիզելոս կորսնցուց իշխանութիւնը եւ փոխարինուեցաւ ուժերով, որոնք ռազմական եւ դիւանագիտական փորձառու ուժերը հեռացուցին յոյն-թրքական ռազմաճակատէն, ինչ որ եկաւ աւելիով տկարացնելու Զմիւռնիա հաստատուած յունական զօրքին դիմադրականութիւնը, գումարուելով Դաշնակիցներուն կողմէ լքուած ըլլալու վիճակին վրայ։
Այս բոլորը առաւելագոյն առարկայականութեամբ եւ գիտական փաստագրութեամբ ներկայացուած են տասնեակ հատորներու մէջ, բայց յատկապէս ամերիկահայ պատմաբան Մարճըրի Յովսէփեան-Տոփքինի «Զմիւռնիա 1922.- Քաղաքի մը կործանումը» խորագրով կոթողական գործին մէջ։
Թրքական ուրացումները եւ խեղաթիւրումները որեւէ հիմք չունին։
9էն 13 Սեպտեմբեր 1922ին Թուրքիա մեծ ոճիր մը եւս աւելցուց դարաւոր իր յանցագործութեանց տխրահռչակ պատմութեան վրայ։
Թրքական եղեռնագործութեէն վերապրած ժողովուրդները չեն կրնար մոռնալ իրենց նահատակներն ու քաղաքակրթական ծանրագոյն կորուստները, բայց նաեւ իրենց մէջ ուժը պէտք է գտնեն չմոռնալու պատմութեան դաժան դասերը, որպէսզի անպատիժ մնացած ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած Ուրացման շարունակուող քաղաքականութեան դարձեալ զոհ չերթան… իրենց նոր սերունդներով։
Մանաւանդ՝ մտահան չընեն քաղաքակիրթ մարդկութեան կեանքին հետ ըստ կամս վարուող մեծապետական ուժերու Պիղատոսեան պատեհապաշտութիւնը եւ կայսերապաշտութիւնը։
Պատմութեան այդ ողբերգական դասերը մտահան չընելու հարկին տակ է, յոյն ժողովուրդին հետ, նաեւ ու մանաւանդ վերապրող հայութիւնը։ Ինչպէս որ «Հայկական Հարց» հանրագիտարանի մէջ (հրատարակուած 1996ին) Ա. Խառատեան կը վկայէ՝
«Այդ ժամանակ Զմիւռնիայում գտնուող Թորգոմ Զօրավարը ընդհանուր խառնաշփոթի մէջ ի վիճակի չեղաւ կազմակերպելու բնիկ հայերի ու Զմիւռնիայում հաստատուած մեծ թուով հայ գաղթականների ինքնապաշտպանութիւնը: Կոտորածից խուսափելու համար, հազարաւոր հայեր ապաստանեցին Ս.Ստեփանոս եկեղեցու տարածքում: Սեպտեմբերի 13ին քաղաքում ծայր առաւ վիթխարի հրդեհ, որը քեմալականների ձեռքի գործն էր (թուրքական եւ խորհրդային պատմաբանները անհիմն պնդում էին, թէ քաղաքը հրդեհել են նահանջող յոյները):
Հրդեհի հետեւանքով աւերուեցին աւելի քան 50 հազար տուն, 24 եկեղեցի, 28 դպրոց, բանկեր (դրամատուններ), հիւպատոսարաններ, հիւանդանոցներ: Քրիստոնեաների կոտորածը կատարուեց ոչ միայն քաղաքում, այլեւ՝ ծովափին, եւրոպական մարտանաւների Զմիւռնիայի անձնակազմերի աչքի առաջ, սակայն նրանք ի շահ քաղաքականութեան՝ ոչինչ արեցին զոհերին փրկելու համար: «Զմիւռնիայում գտնուող ամերիկեան գրող Հեմինգուէյը մռայլ գոյներով է նկարագրում թուրք բարբարոսների գործողութիւնները քրիստոնեաների նկատմամբ: Թուրքերը կոտորեցին նաեւ Զմիւռնիայի շրջակայ տարածքների յոյներին եւ հայերին, ինչպէս նաեւ ջրասոյզ արեցին այն նաւերը, որոնց վրայ ապաստանել էին բազմաթիւ փրկուածներ: Կոտորածներից փրկուեցին սակաւաթիւ յոյներ եւ հայեր, որոնց յունական կառավարութիւնը նաւերով տեղափոխեց Յունաստան:
«Զմիւռնիայի աղէտը թուրքական կառավարութեան կազմակերպած ցեղասպանութեան ակտ (քայլ) էր յոյն եւ հայ ժողովուրդների նկատմամբ»:
Պատմութեան ողբերգական այս դասերուն լոյսին տակ իրենց լիարժէք իմաստը կը գտնեն մեր օրերուն եւրոպական եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութեան՝ խորհրդարաններու եւ կառավարութեանց կողմէ որդեգրուած օրինագիծները, որոնք քրէական յանցագործութիւն եւ պատժելի արարք կը հռչակեն Ցեղասպանական Արարքներու ուրացումն ու ժխտումը։
13 Սեպտեմբեր 1922
13 Սեպտեմբեր 1922. Քեմալական զօրքը թրքական բարբարոսութեամբ հրոյ ճարակ դարձուց չքնաղ եւ հնաւանդ Զմիւռնիան Ն.