Յուլիս 12ին, 97 տարի առաջ, նորաստեղծ 3ամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամբողջապէս ինկաւ Խորհրդային Ռուսաստանի Կարմիր Բանակին տիրապետութեան տակ։
12 Յուլիս 1921ին, ազատ ու անկախ Հայաստանի վերջին տարածքն ու միջնաբերդը՝ Լեռնահայաստանը եւս անձնատուր եղաւ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի Կարմիր Բանակի Հայաստան ներխուժած զօրայիններուն։
Հայոց նորագոյն պատմութեան դառն ու տխուր պահերէն մէկը արձանագրուեցաւ 12 Յուլիս 1921ի օրը, երբ հայ ժողովուրդը իր ազատութեան եւ անկախութեան վերջին արծուեբոյնը եւս զիջեցաւ խորհրդային ամբողջատիրութեան, որ վճռած էր իր մուրճ ու մանգաղով զինանշուող դրօշին տակ առնել հայոց հիմնած անկախ հայրենիքն ու ազգային պետականութիւնը։
Շատ բան գրուած է պատմական Հայաստանի Գողթան գաւառի եւ Սիւնեաց Աշխարհի՝ Ազատն Լեռնահայաստանի փառահեղ հերոսամարտին մասին։ Գրուած է ինչպէս օրին, Լեռնահայաստանի անկումին հետեւած տարիներուն՝ 1920ականներուն, նոյնպէս եւ վերջին քսանամեակին, երբ յատկապէս Զանգեզուրի անպարտելի Արծիւին՝ Գարեգին Նժդեհի մերօրեայ վերարժեւորման խորապատկերին վրայ, նորովի գնահատականը տրուեցաւ Հայաստանի հարաւային դարպասի հայացումին եւ ազատագրումին ունեցած փրկարար դերին՝ հայոց նորագոյն պետականութեան արմատաւորման մեծ գործին մէջ։
28 Մայիս 1918ին նուաճուած Հայաստանի անկախութիւնն ու նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրցան դիմանալ արտաքին ճնշումներուն եւ հարուածներուն դէմ՝ յատկապէս Լեռնահայաստանի ազատագրումին շնորհիւ, որուն ձեռնարկեց վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութիւնը 1919ի աշնան, երբ Զանգեզուր ուղարկեց Գարեգին Նժդեհը իբրեւ ընդհանուր հրամանատարը հայկական բանակի այն զօրամասներուն, որոնք կենաց-մահու կռիւ կը մղէին Հայաստանի հարաւ-արեւելեան սահմաններուն վրայ, թրքական եւ թաթարական կանոնաւոր զօրքի եւ զինեալ խուժանի ասպատակումներուն դէմ։
Ապաւինած հայրենի մեր լեռներուն ու ազգի ազատատենչ ոգիի զօրութեան՝ Սիւնիքի հայութիւնը, հայկական բանակի մարտունակութեամբ եւ Նժդեհի ղեկավարութեամբ, քաջաբար կռուեցաւ նախայարձակ թշնամիին դէմ եւ յաղթանակով պսակեց անհաւասար ուժերով մղուած իր դիւցազնամարտը:
Այդ ծանր օրերուն, թուրքն ու թաթարը ձեռք¬ձեռքի տուած կը փորձէին գրաւել Ղարաբաղն ու ամբողջ Լեռնահայաստանը՝ հարաւէն եւս պաշարելու եւ խեղդելու համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Համաթրքական սպառնալիքին վրայ գումարուած էր նաեւ հիւսիսի կարմիր վտանգը. 11րդ Կարմիր Բանակը շարժման մէջ դրուած էր՝ Անդրկովկասն ու Ցարական Կայսրութեան երբեմնի հարաւային սահմանները վերադարձնելու եւ պոլշեւիկեան տիրապետութեան տակ դնելու… առաքելութեամբ։
Բացայայտուած էր Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ Հայաստանի անկախութիւնը եւ ազգային պետականութիւնը կործանելու մեծ դաւադրութիւնը։
Օրհասական պայքարի մէջ էր ողջ հայ ժողովուրդը եւ ճակատագրական այդ մաքառումը ծնունդ տուաւ իր հերոսին՝ անզուգական Նժդեհին։
Իր զինուորական հմտութեամբ, կազմակերպչական տաղանդով եւ ոգեշունչ հռետորութեամբ՝ Նժդեհ յաջողեցաւ Լեռնահայաստանի մէջ ստեղծել «ժողովրդական կուռ բանակ մը, որ պատրաստ էր իր հրամանատարի ձեռքի մէկ շարժումին անսալով՝ կրակի մէջն անգամ նետուելու» (Աւօ, «Նժդեհ», էջ 210):
Նժդեհ յղացաւ եւ իրագործեց Դաւիթ-Բէգեան Ուխտեր ստեղծելու եւ անոնց միջոցաւ համաժողովրդական կռիւը յառաջ մղելու ծրագիրը։ Համաժողովրդական այդ ուժն էր, որ 1920ի Ապրիլէն եւ Ատրպէյճանի խորհրդայնացումէն սկսեալ, ոչ միայն հերոսաբար դիմադրեց քեմալական եւ պոլշեւիկեան միացեալ գրոհներուն՝ զանոնք ետ շպրտելով, այլեւ՝ կրցաւ հիմնովին հայացնել ամբողջ Լեռնահայաստանը։
1920ի Օգոստոս 25ին, Կապանի Կաւարտ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ, Նժդեհի զինուորները ուխտեցին Դաւիթ-բէգի անունով՝ «հաւատարիմ մնալ հայրենի երկրի ազատութեան, իրենց հրամանատար Նժդեհին եւ կռուել մինչեւ վերջին շունչը» («Արնոտ գիրք», Գորիս, 1921թ., էջ 33-34):
Այսպէ՛ս ծնունդ առին Դաւիթ-բէգեան Ուխտերը, որոնց նշանաբանն էր. «Յանուն հայրենիքի՝ Դաւիթ-Բէգաբար»:
Եւ երբ Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը տեղի տուաւ խորհրդայնացման ճնշումին առջեւ, Լեռնահայաստանը հռչակեց իր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը եւ մերժեց ընդունիլ խորհրդային իշխանութիւնը։ Աւելի՛ն. Նժդեհի առաջնորդութեամբ, հայկական ուժերը պարտութեան դառնութիւնը ճաշակել տուին Դենիկինի, Կոլչակի ու Վրանգելի բանակները ջարդած եւ «անպարտելի» հռչակուած 11րդ Կարմիր Բանակի հեծելազօրքի պետ Կուրոչկինին:
Ազատ ու անկախ Լեռնահայաստանը ներշնչման աղբիւր եւ քաջալեր ուժ հանդիսացաւ 18 Փետրուար 1921ի համաժողովրդական ապստամբութեան, որուն կողմէ իշխանութեան կոչուած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն, Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեամբ, մինչեւ Ապրիլ կրցաւ դիմադրել Կարմիր Բանակի վերադարձին՝ ապաւինելով Զանգեզուրի յաղթական մարտերուն։
Բայց աշխարհաքաղաքական մեծ խորապատկերով՝ վճռուած էր անխուսափելի խորհրդայնացումը Հայաստանի Հանրապետութեան, որ ամբողջ աշխարհի կողմէ լքուած էր իր բախտին եւ աշխարհական զոյգ հարեւաններու սադրանքին։
Ապրիլ 1921էն սկսեալ, Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը ստիպուեցաւ նահանջելու Երեւանէն եւ Արարատեան դաշտէն դէպի Զանգեզուր, հոնկէ անցնելու համար Ատրպատական, Պարսկաստան։
Այդ օրերուն, 12 հազար գաղթականութեան (որուն 4 հազարը՝ զօրք) նահանջի պայմաններուն մէջ, Սիւնիքը շարունակեց իր յաղթական կռիւները եւ հռչակեց Լեռնահայաստանի Հանրապետութիւնը՝ սպարապետ Նժդեհի վարչապետութեամբ:
Յունիսի 1ին, Զանգեզուր անցած Հ.Հ. կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, Լեռնահայաստանը յայտարարուեցաւ Հայաստան՝ Սիմոն Վրացեանին նշանակելով վարչապետ (Նժդեհը մնաց իբրեւ սպարապետ): Բայց Վրաստանն ու Հայաստանը փաստօրէն ինկած էին պոլշեւիկեան տիրապետութեան տակ։
Պարէնն ու հացահատիկը սպառած էին եւ Լեռնահայաստանի վարչական ու զինուորական ղեկավար մարմինները դժուարութիւն ունէին պաշտպանելու Զանգեզուրի հայութիւնը։ Այդ պայմաններուն մէջ, հաշուի առնելով, որ Հայաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը իր 1921 Յունիսի հռչակագրով Սիւնիքը պաշտօնապէս կցեց Մայր Երկրին՝ Յուլիսին Լեռնահայաստանը իր կարգին տեղի տուաւ խորհրդայնացման առջեւ:
12 Յուլիս 1921ին, հեռանալով Զանգեզուրէն՝ Նժդեհ իր հրաժեշտէն առաջ վստահեցուց Լեռնահայաստանի հայութեան, որ ինք ընդմիշտ չի հեռանար եւ պիտի՛ վերադառնայ, եթէ Երեւանի փոխարէն Պաքուն դառնայ Սիւնիքի տէրը: Այդ իմաստով՝ յաղթական սպարապետը Խորհրդային Հայաստանի Յեղկոմին ուղղեց յատուկ պատգամ մը, որ կ’աւարտէր հետեւեալ սաստող ազդարարութեամբ.-
«Դուք գիտէք, որ ցանկութեան դէպքում ես միշտ էլ հնարաւորութիւն կ’ունենամ մի քանի տասնեակ զինուորներով վերագրաւելու Լեռնահայաստանը: Որպէսզի այս երկրի աշխատաւոր գիւղացիութիւնը ստիպուած չլինի մէկ անգամ էլ ինձ օգնութեան կանչելու, աշխատէք բաւարարել հայ գիւղացիութեան եւ նրա մտաւորականութեան արդար պահանջը» (Վ. Գէորգեան, «Լեռնահայաստանի հերոսամարտը», էջ 160):
97 տարի անցած է մեր նորագոյն պատմութեան դառն ու տխուր այդ օրերէն ասդին։
Մինչեւ Հայաստանի մերօրեայ վերանկախացումը, խորհրդային ամբողջատիրութեան շուրջ 70ամեայ ժամակաշրջանին, խորհրդահայ պատմաբաններն ու գաղափարախօսները ի զուր փորձեցին զեղծել պատմական ճշմարտութիւնը եւ հայրենի հողի վրայ վերապրող հայոց սերունդներուն ուզեցին դաստիարակել պաշտօնապէս, թէ իբր ի սկզբանէ սխալ քայլ էր Կարմիր Բանակին դէմ զէնք բարձրացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը, իբր թէ «դաշնակների աւանտուրիզմ» էր Ազատ ու Անկախ Սիւնիքի ստեղծումը, իսկ առիւծասիրտն Գարեգին Նժդեհը իբր թէ պատասխանատուն էր Զանգեզուրի… «եղբայրասպան արիւնահեղութեան»։
Դժբախտասար Հայաստանի վերանկախացումէն ետք ալ կը յամենան Լեռնահայաստանի հերոսամարտին պատմական ճշմարտութիւնը տարբեր առումով խեղաթիւրելու փորձերը։ Հակադաշնակցական մղումներով, վերջին քառորդ դարուն, նորանուն գաղափարախօսներ կը փորձեն Գարեգին Նժդեհի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի դաշնակցական ղեկավարութեան միջեւ ճեղք ու հակադրութիւն քարոզել։ Այդպիսիները երբեմն կը մատնուին այնքան անհեթեթ հակասութեանց, որ մէկ կողմէ Լեռնահայաստանի ազատագրումը կը վերագրեն բացառապէս Նժդեհի ճառագայթող անհատականութեան ու պատմակերտ հերոսութեան, իսկ միւս կողմէ՝ կ’աշխատին ապացուցել, որ Նժդեհ իր ազատ կամքով չյանձնեց Լեռնահայաստանը, այլ պարզապէս ստիպուեցաւ գործադրել օրուան Հ.Յ.Դ. ղեկավարութեան անձնատուութեան որոշումը։
Այսինքն՝ երբ օրին Հ.Հ. Ռազմական նախարար Ռուբէնի հրահանգով եւ հայկական բանակի զօրամասով Նժդեհ կ’ուղարկուէր Զանգեզուր ու յաղթականօրէն յառաջ կը մղէր Լեռնահայաստանի հայացման ու ազատագրման պայքարը, այդ բոլորին մէջ բացառաբար Նժդեհի անհատական պատասխանատուութիւնը… պէտք է շեշտել։
Իսկ հայացուած ու ազատագրուած Լեռնահայաստանի յանձնումը պէտք է վերագրել բացառապէս Հ.Հ. իշխանութեանց պարտուողական քաղաքականութեան…
Կ’անցնին այս օրերն ալ եւ ի վերջոյ կու գան հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամբողջական արժեւորման նուիրուած անկե՛ղծ պատմաբանններ ու գաղափարախօսներ, որոնք Լեռնահայաստանի յանձնման 1921 Յուլիս 12ի դաժան ու տխուր քայլը կ’արժեւորեն իր իսկութեամբ՝
— Իբրեւ մեր գոյութեան սպառնացող պոլշեւիկեան եւ քեմալական զոյգ չարեաց միջեւ փոքրագոյնը՝ ռուսական «մուրճ»ը թրքական «սալ»էն նախընտրելու ազգային ընկրկումի ու նահանջի քայլ,
— Իբրեւ քեմալական տարազով հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի վերջին բեկորը կործանելու նպատակով արշաւող թրքական պետութեան ցեղասպան զօրքին դէմ խորհրդային «օձին փաթթուելու» անձնատուութիւն…
12 Յուլիս 1921.
12 Յուլիս 1921. Ազատ ու անկախ Լեռնահայաստանը ինկաւ. Անզուգական Գարեգին Նժդեհ անցաւ Պարսկաստան Ն.