12 Մարտի այս օրը, հարիւր տարի առաջ, պատմութիւնը իր դառն ու հեգնական, այլեւ դաժան խաղերէն մէկը բեմադրեց բազմաչարչար Հայաստանի հողին վրայ եւ անճիտուած հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Թրքական զօրքը իր ուժերու վերջին լարումով մը անակնկալօրէն յաղթանակ տարաւ ռուսական զօրքին եւ անոր աջակից հայոց կամաւորական գունդին դէմ՝ ամբողջապէս գրաւելով Կարին (Էրզրում) բերդաքաղաքը, որ իր ռազմաքաղաքական դիրքով բանալի նշանակութիւն ունէր ամբողջ Անդրկովկասի վրայ տիրապետութիւն հաստատելու առումով։
Արդարեւ, Պալքանեան եւ Արաբական ռազմաճակատներուն վրայ ծանր պարտութիւն կրած թրքական զօրքերուն համար պատմութեան անիւը յանկարծակի շրջուած էր։ Ռուսիոյ մէջ ժողովրդավարական իշխանութիւնը տապալած եւ «պրոլետարական դիկտատուրա» հաստատած պոլշեւիկները, 1917ի Դեկտեմբերին ռուսական զօրքերը տուն կանչելէ ետք, 1918ի առաջին օրերէն սկսեալ գործակցութեան ձեռք երկարեցին պատերազմը կորսնցուցած թուրքերուն։ Դէպի արեւելեան ներքին գաւառները ցիրուցան նահանջող թրքական զօրքերը վերախմբուեցան, վերակազմակերպուեցան եւ կատաղի թափով գրոհի ձեռնարկեցին արդէն հայեւթրքական պատերազմի դաշտի վերածուած թուրքեւռուսական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին։
Պատմութեան հերթական խաղերէն մէկն էր պատահածը, որ հայ ժողովուրդի պարագային, Արեւմտահայաստանէն ետք, Արեւելահայաստանը եւս կորսնցնելու օրհասական վտանգին ահազանգը հնչեցուց։
— Պոլշեւիկ Ռուսաստանը արտաքին ճակատի վրայ զինադադարի պէտք ունէր, որպէսզի հաշուեյարդար կատարէր իր ներքին ընդդիմութեան հետ։ Ռուսական բանակը տուն կանչուեցաւ բոլոր ռազմաճակատներէն, նաե՛ւ թուրք-ռուսական ռազմաճակատէն, ուր Հայասպանութեան մեծ ոճիրը ամբողջացնելու թրքական եղեռնագործ ուրուականը կը թեւածէր Արեւելահայաստանի վրայ։ Իսկ թրքական բանակի վերախմբուող ուժերը տենդագին կ’արշաւէին դէպի ատենի նաւթային մայրաքաղաք Պաքուն, որու սեւ ոսկիի ռազմավարական պաշարներուն տիրանալու մեծապետական մրցակցութիւնը իր գագաթնակէտին հասած էր։
— Ազգայնամոլական Թուրքիոյ դիտանկիւնէն՝ օսմանեան տիրակալութեան ամէն դիրք կորսուած էր Պալքաններու եւ Արաբական Աշխարհի մէջ։ թրքական տիրակալութեան վերականգնման միակ ելքը կը նկատուէր այսպէս կոչուած «արեւելեան Անատոլու»ի՝ նոյնի՛նքն Արեւմտահայաստանի հողին վրայ թուրք ազգայնական պետութեան մը ստեղծումը, որուն կենսագործման համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունէր մինչեւ Պաքու տարածուած «համաթրքական քաղաքական միաւորին ամբողջական կայացումը»։
Պահը օրհասական էր յատկապէս հայ ժողովուրդին համար, որ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետեւած տարագրութեան եւ ցեղասպանութեան հարուածը կը փորձէր դիմագրաւել՝ ռուս-թրքական ռազմաճակատի երկայնքին հայ կամաւորական շարժումը կեանքի կոչելով եւ գալիք հայ ազգային բանակի կենսատու կորիզը հիմնելով։
Ռուս ցարական բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ գործելով՝ 1915ի աշնանամուտէն սկսեալ, հայ կամաւորական գունդերը կրցած էին, մեծ զոհաբերութեանց գնով, թիզ առ թիզ ազատագրել Արեւմտահայաստանը, հասնիլ մինչեւ Տրապիզոն եւ սպայակազմի կեդրոնը հաստատել Կարնոյ մէջ՝ հայրենի հողերը գրեթէ ամբողջութեամբ վերաբնակեցնելով գաղթական հայութեամբ։
Արեւմտահայաստանի վերատիրացման ազգային մեծ երազն էր, որ ահա այդպէս՝ ազգայնամոլական Թուրքիոյ ի նպաստ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի կատարած դիմաշրջումով՝ մահացու հարուած ստացաւ։
Հայասպանութիւնը «ամբողջացնելու» թրքական ազգայնամոլներու կատաղութեան դէմ յանդիման առանձինն մաքառելու օրհասին դատապարտուեցաւ կամաւորական գունդերու վրայ հիմնուած նորակազմ Հայկական Կորպուսը։
Ճգնաժամային Պահը հետեւեցաւ ամիսներու վրայ երկարած այն բանակցութեանց, որոնք յառաջ կը մղուէին մէկ կողմէ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի եւ, միւս կողմէ, Դաշնակից Ուժերու դէմ կռուող Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Ի վերջոյ 1918ի Մարտ 3ին անոնք կնքեցին Բրեստ-Լիտովսկիի տխրահռչակ դաշնագիրը, որուն հիման վրայ պոլշեւիկեան Ռուսաստանը փաստօրէն խզուեցաւ Դաշնակից Ուժերէն եւ մօտեցաւ իր նախկին հակառակորդներուն։
Կնքելով Բրեստ-Լիտովսկիի պայմանագիրը՝ յիշեալ կողմերը համաձայնեցան, որ այնուհետեւ իրենց միջեւ կը դադրեցուին պատերազմական գործողութիւնները, իսկ փոխադարձ զիջումներու եւ պայմանաւորուածութեանց շարքին՝ Ռուսաստան յանձն կþառնէ իր զօրքերը դուրս բերել «Արեւելեան Անատոլիա»յէն, մասնաւորապէս՝ Կարսի, Արդահանի եւ Բաթումի մարզերէն։
Թէեւ պայմանագիրը «տրամաբանական շարունակութիւն»ն էր 1917ի Նոյեմբեր 8ին պոլշեւիկներու ընդունած «Խաղաղութեան մասին» Լենինեան «դեկրետ»ին (հրամանագիրին), այսուհանդերձ՝ Ռուսաստանի կատարած այդ զիջումով, ծանրագոյն ճգնաժամի մէջ յայտնուեցաւ կովկասեան ճակատի երկայնքին ապրող հայութիւնը: Բրեստի Դաշնագրով՝ փաստօրէն չեղեալ համարուեցաւ 1917ի Դեկտեմբեր 29ին պոլշեւիկներու ընդունած «Արեւմտեան Հայաստանի հողերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան մասին» որոշումը եւ, փոխարէնը, հաստատուեցաւ նոյն այդ հողերը Թուրքիոյ վերադարձնելու… վճիռ:
Հարկ եղաւ, որ դարակազմիկ նուաճումներ ձեռք բերուէին, հայ ժողովուրդը հերոսական դիմադրութեամբ Մայիս 1918ին կասեցնէր թրքական յարձակումը եւ Առաջին Աշխարհամարտը վերջ գտնէր Դաշնակիցներու յաղթանակով, որպէսզի 1918ի Սեպտեմբերի 20ին, Ռուսաստանի պոլշեւիկեան կառավարութիւնը, արտգործնախարար Չիչերինի ստորագրած «նոտայով», չեղեալ յայտարարէր ըստ Բրեստ-Լիտովսկի պայմանագրին ի նպաստ ազգայնամոլական Թուրքիոյ կատարուած «կովկասեան տարածքներ»ու, այսինքն՝ հայկական հողերու զիջումը:
Բայց աւերը արդէն գործուած էր եւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բնաւ չկրցաւ վերատիրանալ արեամբ եւ մեծ զոհողութիւններով ազատագրուած Արեւմտահայաստանին։
Բրեստ-Լիտովսկի «հաշտութեան դաշինք»ը «լաւ հնարաւորութիւններ» ընձեռեց մեծապետական նկրտումներ ունեցող ազգայնամոլ Թուրքիոյ, որպէսզի օգտուելով ստեղծուած իրավիճակէն եւ խախտելով 1917ի Դեկտեմբերի 5ին պոլշեւիկեան Ռուսաստանի հետ իր կնքած Երզնկայի զինանադադարը՝ ձեռնարկէ ընդհանուր արշաւանքի։ Բնականաբար հայ ժողովուրդին ազգային արժանապատուութիւնը խորապէս հեգնող նշանակութիւն ստացաւ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի կողմէ հռչակուած «Թուրքահայաստանի մասին» Լենինեան «դեկրետ»ը՝ «ընդհուպ ազգային ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումը» խոստացող իր կեղծիքով։
Աշխարհաքաղաքական այս խորապատկերով զարգացան ռազմական այն գործողութիւնները, որոնք 12 Մարտ 1918ին յանգեցան Կարնոյ անկումին։
Թրքական զօրքերը առաւելագոյնս նպաստաւորուեցան ռազմաճակատը լքող ռուս զինուորներու յառաջացուցած քաոսէն։ Վեհիպ փաշայի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ, Հայկական Կորպուսի սակաւաթիւ զօրքին դէմ՝ թրքական բանակի ի մի բերած գերակշռող ուժերուն շնորհիւ, թրքական զօրքերը նախ Փետրուարի սկիզբը գրաւեցին Երզնկան, ուրկէ Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող հայկական ուժերը սկսան նահանջել։ Իսկ Փետրուարի վերջը, երբ Անդրանիկ իր զօրքով ու գաղթական հայութեամբ որոշեց պարպել նաեւ Կարինը, Մարտ 12ին թրքական բանակը ամբողջական իր տիրապետութեան տակ առաւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ներկայացնող հայոց հինաւուրց բերդաքաղաք Կարինը (Էրզրումը)։
Այնուհետեւ միայն շաբաթներու հարց եղաւ թրքական զօրքին յառաջխաղացքը դէպի Սարիղամիշ, Կարս եւ Ալեքսանդրապոլ, որ 15 Մայիս 1918ին ինկաւ թուրքերու ձեռքը։
Պատմական ծանրակշիռ նշանակութեամբ այդ իրադարձութիւններուն քաղաքական արժեւորումը կատարելով՝ Սիմոն Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» գործին մէջ հետագային պիտի նշէր.-
«Էրզրումի անկումով փաստօրէն ամբողջ Թիւրքահայաստանը նորից անցաւ թիւրքերի ձեռքը։ Ճիշտ է, Ալաշկերտ-Խնուս-Վան տարածութիւնը դեռ գրաւուած չէր, բայց նրա ճակատագիրն էլ որոշուած պէտք էր համարել։ Թիւրքահայկական գաւառները նորից դարձան աւերակ եւ անմարդաբնակ։
«Պատերազմը փոխադրւում էր ռուսահայկական հողերի վրայ։ բնաջնջման սպառնալիքը կախւում էր եւ հայութեան երկրորդ հատուածի գլխին։ Կռիւը ո՛չ միայն ըստ էութեան, ձեւականօրէն էլ ստանում էր հայ-թիւրքական բնաւորութիւն։ Այսուհետեւ բացառապէս հայ ժողովրդից էր կախուած պատերազմի վախճանը։ Անդրկովկասեան իշխանութիւնը ո՛չ միայն նպաստում էր պատերազմին, այլեւ իր վարանոտ ու հակասական քայլերով եւ ներքին հակամարտութիւններով աւելի եւս թուլացնում էր ճակատի պաշտպանութեան գործը»։
Կարնոյ անկումին եւ անոր հետեւող թրքական պետութեան ցեղասպանական սպառալիքին՝ հայ ժողովուրդը իր պատմական հատու պատասխանը տուաւ երկու ամիս ետք՝ 28 Մայիս 1918ի Սարդարապատեան յաղթանակներով։
12 Մարտ 1918. Թրքական զօրքը գրաւեց Կարինը
12 Մարտ 1918. Թրքական զօրքը գրաւեց Կարինը. Հայոց Ցեղասպանութեան ուրուականը սկսաւ թեւածելու նաեւ Արեւելեան Հայաստանի վերեւը Ն.