12 Մարտի այս օրը, 101 տարի առաջ, թրքական բանակը ամբողջութեամբ գրաւեց նորոգ ազատագրեալ հայապատկան Կարին (Էրզրում) բերդաքաղաքը, որ իր ռազմաքաղաքական դիրքով տիրապետութեան բանալին էր ամբողջ Անդրկովկասի։
Առաջին Աշխարհամարտի վերջին արարի ժամանակաշրջանն էր։ Պալքանեան եւ Արաբական ռազմաճակատներուն վրայ ծանր պարտութիւն կրած թրքական զօրքերուն համար պատմութեան անիւը յանկարծակի շրջուած էր։ Իսկ Ռուսաստանի մէջ ցարական կարգերը տապալած էին Փետրուար 1917ին՝ համաժողովրդային մեծ յեղափոխութեան պոռթկումով։ Յեղափոխական այդ ահեղ ալիքով իշխանութեան ղեկին տիրացած ժողովրդավարական ուժերու իշխանութիւնը, սակայն, իր կարգին շուտով տապալեցաւ պոլշեւիկեան այսպէս կոչուած «Հոկտեմբերեան յեղափոխութեամբ» եւ «պրոլետարական դիկտատուրա» հաստատած Լենինականները, 1918ի առաջին օրերէն սկսեալ, գործակցութեան ձեռք երկարեցին պատերազմը կորսնցուցած թուրքերուն։
Ահա այդ պայմաններուն մէջ, դէպի Օսմանեան Կայսրութեան արեւելեան ներքին գաւառները (իմա՛ Հայաստան) ցիրուցան նահանջող թրքական զօրքերը վերախմբուեցան, վերակազմակերպուեցան եւ կատաղի թափով գրոհի ձեռնարկեցին հայեւթրքական պատերազմի դաշտի վերածուած թուրքեւռուսական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին։ Պատմութեան հեգնական խաղերուն օրհասական պահերէն մէկն էր պատահածը։
— Պոլշեւիկեան Ռուսաստանը արտաքին ճակատի վրայ զինադադարի պէտք ունէր, որպէսզի հաշուեյարդար կատարէր իր ներքին հակառակորդներուն հետ։ Ռուսական բանակը տուն կանչուեցաւ բոլոր ռազմաճակատներէն, նաե՛ւ թուրք-ռուսական ռազմաճակատէն, ուր ոչ միայն հայասպանութեան մեծ ոճիրը ամբողջացնելու եղեռնագործ ուրուականը կը թեւածէր Արեւելահայաստանի վրայ, այլեւ՝ թուրքեւգերման զինակցութեան մինչեւ Պաքու հասնելու եւ սեւ ոսկիի ռազմավարական պաշարներուն տիրանալու ռազմավարական մեծ կռիւն ու մրցակցութիւնը իրենց գագաթնակէտին հասած էին։
— Ազգայնամոլական Թուրքիոյ դիտանկիւնէն՝ օսմանեան տիրակալութեան ամէն դիրք կորսուած էր Պալքաններու եւ Արաբական Աշխարհի մէջ։ Թրքական տիրակալութեան վերականգնման միակ ելքը կը նկատուէր այսպէս կոչուած «արեւելեան Անատոլու»ի՝ նոյնի՛նքն Հայաստանի հողին վրայ թուրք ազգայնամոլական պետութեան մը ստեղծումը, որուն կենսագործման համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունէր մինչեւ Պաքու տարածուած համաթրքական աշխարհի քաղաքական-պետական ամբողջութեան կայացումը։
Պահը օրհասական էր յատկապէս հայ ժողովուրդին համար, որ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետեւած տարագրութեան եւ ցեղասպանութեան հարուածը դեռ չէր կրցած ըստ ամենայնի դիմագրաւել ու յաղթահարել՝ ռուս-թրքական ռազմաճակատի երկայնքին հայ կամաւորական շարժումը կեանքի կոչելով եւ գալիք հայ ազգային բանակի կենսատու կորիզը հիմնելով։ Ռուս ցարական բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ գործելով՝ 1915ի աշնանամուտէն սկսեալ, հայ կամաւորական գունդերը կրցած էին, մեծ զոհաբերութեանց գնով, թիզ առ թիզ ազատագրել Արեւմտահայաստանը, հասնիլ մինչեւ Տրապիզոն եւ սպայակազմի կեդրոնը հաստատել Կարնոյ մէջ՝ հայրենի հողերը գրեթէ ամբողջութեամբ վերաբնակեցնելով գաղթական հայութեամբ։ Արեւմտահայաստանի վերատիրացման ազգային մեծ երազն էր, որ ահա այդպէս՝ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի ի նպաստ ազգայնամոլական Թուրքիոյ դիմաշրջումով՝ մահացու հարուած կը ստանար։ Հայասպանութիւնը «ամբողջացնելու» թուրք ազգայնամոլներու կատաղութեան դէմ յանդիման առանձինն մաքառելու օրհասին դատապարտուած էր Ա. Աշխարհամարտի սկզբնաւորութեան կազմուած հայ կամաւորական գունդերու վրայ հիմնուած ռուսական բանակի նորակազմ Հայկական Կորպուսը։
Ճգնաժամային Պահը հետեւեցաւ ամիսներու վրայ երկարած բանակցութեանց՝ մէկ կողմէ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի եւ, միւս կողմէ, Դաշնակից Ուժերու ճակատին դէմ կռուող Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ կազմած ճամբարին միջեւ։ Ի վերջոյ Մարտ 3ին անոնք կնքեցին Բրեստ-Լիտովսկիի տխրահռչակ դաշինքը, որուն հիման վրայ պոլշեւիկեան Ռուսաստանը փաստօրէն խզուեցաւ Դաշնակիցներէն եւ մօտեցաւ իր նախկին հակառակորդներուն։ Կնքելով պայմանագիրը՝ անոնք համաձայնեցան, որ այնուհետեւ իրենց միջեւ կը դադրեցուին պատերազմական գործողութիւնները, իսկ փոխադարձ զիջումներու եւ պայմանաւորուածութեանց շարքին՝ Ռուսաստան յանձն կ’առնէ իր զօրքերը դուրս բերել «Արեւելեան Անատոլիա»յէն, մասնաւորապէս՝ Կարսի, Արդահանի եւ Բաթումի մարզերէն։
Թէեւ պայմանագիրը «տրամաբանական շարունակութիւն»ն էր1917ի Նոյեմբեր 8ին պոլշեւիկներու ընդունած «Խաղաղութեան մասին» լենինեան «դեկրետ»ին, այսուհանդերձ՝ Ռուսաստանի կատարած Բրեստ-Լիտովսկիի այդ զիջումով, ծանրագոյն ճգնաժամի մատնուեցաւ կովկասեան ճակատի ողջ երկայնքին տարածուած հայութիւնը: Բրեստ-Լիտովսկիի դաշնագրով՝ փաստօրէն չեղեալ համարուեցաւ 1917ի Դեկտեմբեր 29ին պոլշեւիկներու ընդունած «Արեւմտեան Հայաստանի հողերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան մասին» որոշումը եւ, փոխարէնը, հաստատուեցաւ նոյն այդ հողերը Թուրքիոյ վերադարձնելու… վճիռը:
Հարկ եղաւ, որ դարակազմիկ իրադարձութիւններ կատարուին, հայ ժողովուրդը հերոսական դիմադրութեամբ Մայիս 1918ին կասեցնէ թրքական յարձակումը եւ Առաջին Աշխարհամարտը վերջ գտնէ Դաշնակիցներու յաղթանակով, որպէսզի 1918ի Սեպտեմբերի 20ին, Ռուսաստանի պոլշեւիկեան կառավարութիւնը, արտգործնախարար Չիչերինի ստորագրած «նոտայով»՝ չեղեալ յայտարարէր ըստ Բրեստ-Լիտովսկի պայմանագրին ի նպաստ ազգայնամոլական Թուրքիոյ կատարուած «կովկասեան տարածքներ»ու, այսինքն՝ հայկական հողերու զիջումը:
Բայց աւերը արդէն գործուած էր եւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բնաւ չկրցաւ վերատիրանալ արեամբ եւ մեծ զոհողութիւններով ազատագրուած Արեւմտահայաստանին։
Բրեստ-Լիտովսկի «հաշտութեան» դաշինքը «լաւ հնարաւորութիւններ» ընձեռեց մեծապետական նկրտումներ ունեցող ազգայնամոլ Թուրքիոյ, որպէսզի օգտուելով ստեղծուած իրավիճակէն եւ խախտելով 1917ի Դեկտեմբերի 5ին պոլշեւիկեան Ռուսաստանի հետ իր կնքած Երզնկայի զինանադադարը՝ ձեռնարկէ ընդհանուր արշաւանքի։ Բնականաբար հայ ժողովուրդը խորապէս հեգնող նշանակութիւն ստացաւ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի կողմէ հռչակուած «Թուրքահայաստանի մասին» լենինեան «դեկրետ»ը՝ «ընդհուպ ազգային ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումը» խոստացող իր կեղծիքով։
Աշխարհաքաղաքական այս խորապատկերով զարգացան ռազմական այն գործողութիւնները, որոնք 12 Մարտ 1918ին յանգեցան Կարնոյ անկումին։
Թրքական զօրքերը առաւելագոյնս նպաստաւորուեցան ռազմաճակատը լքող ռուս զինուորներու յառաջացուցած քաոսէն։ Վեհիպ փաշայի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ, Հայկական Կորպուսի սակաւաթիւ զօրքին դէմ թրքական բանակի ի մի բերած գերակշռող ուժերուն շնորհիւ, թրքական զօրքերը նախ Փետրուարի սկիզբը գրաւեցին Երզնկան, ուրկէ Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող հայկական ուժերը սկսան նահանջել։ Իսկ Փետրուարի վերջը, երբ Անդրանիկ իր զօրքով ու գաղթական հայութեամբ որոշեց պարպել նաեւ Կարինը, Մարտ 12ին թրքական բանակը ամբողջական իր տիրապետութեան տակ առաւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ներկայացնող հայոց հինաւուրց բերդաքաղաք Կարինը (Էրզրումը)։
Այնուհետեւ միայն շաբաթներու հարց եղաւ թրքական զօրքին յառաջխաղացքը դէպի Սարիղամիշ, Կարս եւ Ալեքսանդրապոլ, որ 15 Մայիս 1918ին ինկաւ թուրքերու ձեռքը։
Պատմական ծանրակշիռ նշանակութեամբ այդ իրադարձութիւններուն քաղաքական արժեւորումը կատարելով՝ Սիմոն Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» գործին մէջ հետագային պիտի նշէր.-
«Էրզրումի անկումով փաստօրէն ամբողջ Թիւրքահայաստանը նորից անցաւ թիւրքերի ձեռքը։ Ճիշտ է, Ալաշկերտ-Խնուս-Վան տարածութիւնը դեռ գրաւուած չէր, բայց նրա ճակատագիրն էլ որոշուած պէտք էր համարել։ Թիւրքահայկական գաւառները նորից դարձան աւերակ եւ անմարդաբնակ։
«Պատերազմը փոխադրւում էր ռուսահայկական հողերի վրայ։ Բնաջնջման սպառնալիքը կախւում էր եւ հայութեան երկրորդ հատուածի գլխին։ Կռիւը ո՛չ միայն ըստ էութեան, ձեւականօրէն էլ ստանում էր հայ-թիւրքական բնաւորութիւն։ Այսուհետեւ բացառապէս հայ ժողովրդից էր կախուած պատերազմի վախճանը։ Անդրկովկասեան իշխանութիւնը ո՛չ միայն նպաստում էր պատերազմին, այլեւ իր վարանոտ ու հակասական քայլերով եւ ներքին հակամարտութիւններով աւելի եւս թուլացնում էր ճակատի պաշտպանութեան գործը»։
Կարնոյ անկումին եւ անոր հետեւող թրքական պետութեան ցեղասպանական սպառալիքին՝ հայ ժողովուրդը իր պատմական հատու պատասխանը տուաւ երկու ամիս ետք՝ 28 Մայիս 1918ի Սարդարապատեան յաղթանակներով։
12 Մարտ 1918. Թրքական զօրքը գրաւեց Կարինը
12 Մարտ 1918. Թրքական զօրքը գրաւեց Կարինը. Հայասպանութեան ուրուականը սկսաւ սպառնալ Արեւելահայաստանին Ն.