85 տարի առաջ՝ 11 Փետրուար 1934ին, Մարսէյլի մէջ «Համազգային»ի կողմէ կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեան մը ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, օրուան պատգամաբերը բեմին վրայ չկրցաւ աւարտել իր խօսքը. ուղեղի կաթուածը տապալեց եւ լռութեան մատնեց Աւետիս Ահարոնեանը՝ Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան մեծ երգիչը։
Լռել չգիտցող, այլեւ ստրկամիտ համակերպման ու հնազանդութեան անարգ «լռութիւն»ը ողջ էութեամբ մերժող մեծ Հայը, որ քառասուն տարի իր գրիչով ու խօսքով սերունդներ ոտքի հանեց, ըմբոստացման մղեց եւ վարակեց յանուն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան սրբազան կռուի գաղափարով, այդպէ՛ս յանկարծ… լռեց եւ անկողնին գամուած մնաց մինչեւ մահը՝ 20 Ապրիլ 1948ին։
Բեմի վրայ Ահարոնեանի արտասանած վերջին բառերը եղան՝ «Հայ բա…նա…կ…ը», որուն ազգային նշանակութիւնն ու առթած հպարտութիւնը շեշտող իր պատգամը Ահարոնեան չկրցաւ ամբողջացնել.-
«Ժողովուրդ Հայոց, գիտցի՛ր, որ սպասման վիճակ է այս: Հաւատա՛, որ պիտի վերադառնաս քո պապերի, արի-արանց քաջերի երկիրը: Եկել ենք այստեղ չմնալու համար, եկել ենք վերադառնալու համար…
«Գիտցի՛ր, հայ ժողովուրդ, որ արժէք ես դու, եւ խօսք ունիս ասելու այս նամարդ աշխարհին։
«Ո՛չ մի ազգի հետ չեմ բաղդատեր իմ ազգս։ Բարձր եւ իմաստուն մեր ցեղը։
Ժողովուրդ հայոց եւ երիտասարդներ։
«Ո՛չ մէկ ժողովուրդի առջեւ գլխարկ հանելու պէտք չունինք։ Լաւ համոզուեցէք ասոր։
«Որպէսզի իմանայինք, թէ ո՛վ էին եւ ո՛վ ենք մենք, Անիի աւերակները տեսնել պէտք էր… Բագրատունեանց հարստութեան ի՜նչ փառք, ի՜նչ պատիւ, մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան ի՜նչ հոյակապ ցուցադրութիւն… ի՜նչ կամարներ, եկեղեցիներ։ Անին տեսնելէ վերջ, երբ նկարի տակը կը կարդամ սա պարբերութիւնը՝ «Անցեալ ու ներկայ Հայաստան», հոգիս կը վերանայ պահ մը, թէ այդ բոլոր տաճարները շինուած են պատերազմներու շառաչին մէջ… Ո՜հ, այն ատեն կը հասկնայինք, թէ ի՞նչ էին մեր պապերը, մեր հայրերը, իրենց ստեղծագործութիւններն ու արիարանց բանակը։
«Ֆրանսացի գրագէտ մը, որ շատ համեստ անձնաւորութիւն մըն է, իր մէկ աշխատութեան մէջ հերոսերգութիւնը կ’ընէ հայ բանակին.-
«Հայ բա…նա…կ…ը»…
Պատգամելու դեռ շատ բան ունէր Աւետիս Ահարոնեան, բայց անողոք ուղեղի կաթուածը վերջնական անշարժութեան մատնեց անոր գրիչն ու լեզուն։
Բազմաշնորհ տաղանդ էր Իգդիրմաւա (Իգդիրի գիւղերէն) ապրող դարբին Առաքել Ահարոնեանի յարկին տակ ծնած Աւետիսը (1866-1948), որուն մայրը՝ Զարդար գիւղի միակ կարդալ-գրել գիտցող կինը եղած է։ Հօր վաղահաս մահուան (1878) հետեւանքով՝ Ահարոնեան կարճ ժամանակ մը կը ստիպուի ընդհատել Իգդիրի նախակրթարանէն ներս իր ստացած ուսումը եւ աշխատիլ, բայց ուսումնատենչ պատանիին ընդունակութեանց քաջածանօթ տնօրէնը՝ Դաւիթ Քալանթար կը միջնորդէ եւ, իր հոգատարութեան տակ, ոչ միայն Իգդիրի նախակրթարան կը վերադարձնէ Ահարոնեանին, այլեւ կը դասաւորէ, որ նախակրթարանէն ետք ան ընդունուի Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարան։
Ճեմարանի յեղափոխաշունչ մթնոլորտին մէջ թրծուեցաւ Ահարոնեանի միտքն ու հոգին եւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ազատագրութեան պայքարի հունով ընթացաւ, այնուհետեւ, Ահարոնեան գրողին եւ ազգային գործիչին ողջ կեանքը։
Ճեմարանը աւարտելէ ետք, Ահարոնեան քանի մը տարի ուսուցչութիւն ըրաւ եւ 1897ին մեկնեցաւ Լօզան (Զուիցերիա), ուսումը շարունակելու համար։ Ինչպէս ինք կը վկայէ, Ահարոնեան Զուիցերիա գնաց՝ Դաշնակցութեան հիմնադիր Քրիստափորի յորդորներուն անսալով։ Այդ շրջանին Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը լոյս կը տեսնէր Ժընեւի մէջ եւ Քրիստափոր, մեծ համարում ունենալով Ահարոնեանի գրական ընդունակութեանց վրայ, կ’ուզէր ապահովել տաղանդաւոր գրողին աշխատակցութիւնը՝ հայկական յեղափոխութեան ոգին ու պատգամը շնչաւորող գրական ստեղծագործութիւններով։
Ուսման կողքին, Ահարոնեան սկսաւ լոյս ընծայել Ղարիբ ստորագրութեամբ անմոռանալի պատմուածքներ, որոնք արագօրէն հայ մարդոց սիրտն ու միտքը գրաւեցին եւ յեղափոխական շունչ ու ոգի ներարկեցին յատկապէս երիտասարդ սերունդին։ «Դրօշակ»ի էջերուն լոյս տեսած պատմուածքներու այդ շարքը հետագային ի մի բերուեցաւ եւ «Ազատութեան Ճանապարհին» անուն հատորով հրատարակուեցաւ։ Իր այդ գործով ալ, մեծն Րաֆֆիէն ետք, Ահարոնեան եղաւ հայ արձակի այն վարպետը, որ ամբողջ սերունդներ ոգեւորեց ու դաստիարակեց Հայոց Ազատամարտի անշէջ հուրով։
Լօզանէն ետք Ահարոնեան անցաւ Փարիզ, աւելի քան տարի մը հետեւեցաւ Սորպոնի համալսարանին գրականութեան դասընթացքներուն եւ 1902ին վերադարձաւ Թիֆլիս՝ նախ Ներսիսեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, ապա՝ Հ.Յ.Դ. շրջանային պաշտօնաթերթ «Մուրճ»ի խմբագրութիւնը ստանձնելու համար։ Ազգային եւ հանրային իր եռուն գործունէութեամբ, մանաւանդ հայ ազգային-ազատագրական պայքարին իր ամբողջական նուիրումով, Ահարոնեան անմիջապէս արժանացաւ մեր ժողովուրդի միահամուռ յարգանքին, բայց նաեւ թիրախ դարձաւ ցարական իշխանութեանց հակայեղափոխական հալածանքներուն։ Եւ երբ Ցարիզմը 1909ին ձեռնարկեց Դաշնակցութեան գլուխը «ճզմելու» քայլին եւ բանտերը նետեց ատենի երեւելի հայ մտաւորականները հարիւրներով, դաշնակցական ըլլային անոնք թէ ոչ, Ահարոնեան եղաւ առաջին բանտարկուողներէն մէկը։ Մետեխի բանտային ծանր պայմանները քայքայեցին անոր առողջութիւնը։ 1911ին, երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուելով, Ահարոնեան անցաւ Պոլիս եւ հոնկէ Եւրոպա, բուժուելու համար։
Կազդուրման այդ տարիները եղան նաեւ գրական-ստեղծագործական եւ քաղաքական-յարաբերական գործունէութեան բեմնաւոր շրջան մը։ Ահարոնեան այդ տարիներուն գրեց գրական իր մեծարժէք գործերը՝ յատկապէս հայրենի հողէն ու այդ հողին կառչած հայ մարդոց յուզաշխարհէն ներշնչուած պատմուածքներով, վիպակներով ու վէպերով հարստացնելով հայ գրականութիւնը։ Իսկ քաղաքական-յարաբերական գործունէութեան առումով՝ Ահարոնեան դարձաւ Հայկական Հարցի անխոնջ պաշտպանը եւրոպական ոստաններուն մէջ, իր վայելած համազգային վարկով խօսակից ներկայանալով ատենի եւրոպացի ազատախոհ եւ արդարամիտ գործիչներուն։
Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին Ահարոնեան վերադարձաւ Անդրկովկաս եւ տենդագին լծուեցաւ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին։ 1917ին, երբ Թիֆլիսի մէջ գումարուեցաւ Հայոց Ազգային առաջին Համագումարը, Անդրանիկի հետ Ահարոնեան ստանձնց համագումարին նախագահութիւնը։ Այնուհետեւ ղեկավարեց Համագումարէն ստեղծուած Հայոց Ազգային Խորհուրդը եւ ղեկավար դերակատարութիւն ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման մէջ։
Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, Ահարոնեան ստանձնեց ազգընտիր անդրանիկ խորհրդարանին նախագահութիւնը։ Այնուհետեւ, Համօ Օհանջանեանի կառավարութեան օրով, Ահարոեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, դիւանագիտական յարաբերութեանց եւ դժուարին բանակցութեանց ղեկավարման գործին։ Նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան նախագահ եւ այդ հանգամանքով իր ստորագրութիւնը դրաւ 10 Օգոստոս 1920ին կնքուած Սեւրի Դաշնագրին տակ։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, երկար տարիներ, կանգուն պահեց արդէն տարագիր դարձած Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը՝ ամէնուր իրաւատէր ու պահանջատէր ներկայանալով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի անժամանցելի դատին։
Այդպէ՛ս ապրեցաւ ու գործեց, գրականութեան մէջ թէ քաղաքական իր գործունէութեան ընթացքին, Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան անզուգական երգիչը։ Աւետիս Ահարոնեան պատուով տարաւ բազմաչարչար մեր ժողովուրդին արդարութեան եւ ազատութեան կանչը աշխարհին լսելու դարձնելու պատասխանատու առաքելութիւնը։
Տարբեր ուղի չէր կրնար ունենալ Հայաստան Աշխարհի այս բազմաշնորհ ծնունդը, որ Հայոց Սրբազան Լերան վեհութիւնը ունէր իր հոգիին մէջ։
Ինչպէս Զապէլ Եսայեան կը վկայէ՝
«Արարատին ստորոտը ծնած է ան. իր առաջին կրօնքը այդ հսկայ լեռը եղած է. լեռները իրենց բարձրութեան մոլեռանդութիւնը կը ներշնչեն։ Ահարոնեանի հոգին սկիզբէն դէպի այդ ալեւոր լեռն ի վեր սլացած է…
«…Ահարոնեանի հոգին ըմբոստ է, մրրկավար արձակութիւն մը ունի անիկա։ Արարատի բաժին լայն հորիզոններու կարօտ է։
«Հազուադէպ կերպով, բայց գեղեցկօրէն, ոմանք հայ տառապանքը նկարագրեր ու շատեր մեր երկրին ցաւը պատմեր են մեզի. սքանչելի եւ հոյակապ էջեր ունի հայ գրականութիւնը՝ ներշնչուած ազգային դժբախտութենէն։ Ահարոնեան տարբեր է սակայն. իր էջերուն մէջ Զուլումը կը տեսնես, սեւ, դարաւոր Զուլումը, որուն սուգը կայ ամէնէն բախտաւոր հայու հոգիին մէջ իսկ։ Տառապանքը մեզի հետ ծներ է ու անոր դրոշմը ճակատագրական եւ անվրէպ ձեւով մը կը կրենք մեր վրայ… մեր ցաւը այս ինչ օրուան, այս ինչ ժամանակին, այս ինչ տեղին զուլումին հետեւանքը չէ, մեր ազգային տէրտն է անիկա, ինչպէս ուրիշ ցեղեր իրենց ազգային հպարտութիւնը ունին իրենց իւրաքանչիւր անհատին մէջ։
«Ահարոնեան այդ վիշտը կ’արտայայտէ, անիկա ժամանակ չունի, մասնաւոր տեղ չունի։ Ու այդ ցաւը, երբեմն մռայլ, արհաւրալից, երբեք ողբագին ու խղճալի չէ. տառապանքին հպարտութիւնը կայ իր խառնուածքին մէջ, վերածնող եւ ըմբոստ ցաւը, ապրելու ընդունակ ազգի մը ցաւը, յղի՝ կեանքով, ապագայով…»։
Յատկապէս Հայաստանի անկախութեան կործանումէն ետք, երբ հայրենի հողի վրայ բրտօրէն խեղդուեցաւ հայ ժողովուրդի իրաւատիրական