Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Շա­բաթ 30 ­Սեպ­տեմ­բեր եւ ­Կի­րա­կի 1 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մար­մին­նե­րու ­Ռա­յո­նա­կան ­Ժո­ղո­վը՝ Ա­թէն­քի մէջ։
­Ժո­ղո­վին ա­ռըն­թեր, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ 11 նո­րա­գիր­նե­րու երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն. Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թե­նէն ե­կող 11 ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը, լրաց­նե­լով յա­տուկ դաս­տիա­րակ­չա­կան շարք, ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին մուտք գոր­ծե­լու Հ.Յ.Դ. շար­քե­րը՝ ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տը ընդ­լայ­նե­լու հա­մար կու­սակ­ցա­կան, քա­ղա­քա­կան, ­Հայ ­Դա­տի եւ հա­յա­պահ­պան­ման բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։
Երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մթնո­լոր­տը յու­զիչ էր։ ­Ներ­կայ ե­ղան Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ­նե­րը, ­Ռա­յո­նա­կան ­Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցող ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ա­թէն­քի մէջ գոր­ծող ­Կո­մի­տէու­թեանց ըն­կեր­նե­րը եւ ըն­կե­րու­հի­նե­րը։
Երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան կնքա­հայրն էր Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ ընկ. Հ­րանդ ­Մար­գա­րեան, որ կուռ խօս­քով մը հրա­ւի­րեց նո­րա­գիր­նե­րը ար­ժե­ւո­րե­լու ի­րենց եր­դումն ու կու­սակ­ցա­կան ինք­նու­թիւ­նը՝ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ընդ­մէ­ջէն ծա­ռա­յե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին, ա­նոր դա­տին, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան գոր­ծին, մեր հայ­րե­նի աշ­խար­հի ազ­գա­յին, ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բար­գա­ւաճ­ման։
Այ­նու­հե­տեւ, 11 նո­րա­գիր­նե­րը, ի­րենց ձեռ­քը դնե­լով Հ.Յ.Դ. դրօ­շի, Ծ­րագ­րի եւ ­Կազ­մա­կեր­պա­կան ­Կա­նոն­նե­րուն վրայ, եր­դո­ւե­ցին եւ մուտք գոր­ծե­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րը։
­Յա­ջոր­դեց ըն­կե­րա­յին խրախ­ճանք, բա­ժա­կա­ճա­ռե­րով, կե­նաց­նե­րով, մե­ներգ­նե­րով եւ խմբերգ­նե­րով՝ ­Դաշ­նակ­ցա­կան մթնո­լոր­տին հա­րա­զատ, ո­գե­ւո­րիչ եւ խան­դա­վառ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։
­Բո­լոր մաս­նակ­ցող­նե­րը սրտա­բուխ կեր­պով բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­ցին նո­րա­գիր­նե­րուն, բա­րի յա­ջո­ղու­թեան եւ ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թեան մաղ­թանք­նե­րով։