2045-2050 թո­ւա­կան­նե­րուն, ե­թէ ան­նա­խա­տե­սե­լի ո­րե­ւէ ա­ղէտ չպա­տա­հի եւ մարդ­կու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ իր ա­ճի ներ­կայ կշռոյ­թը, մեր երկ­րա­գուն­դի բնակ­չու­թեան ընդ­հա­նուր համ­րան­քը պի­տի անց­նի 10 մի­լիա­ռը։
Այ­սօր ար­դէն կ­’ապ­րինք ա­ւե­լի քան 7 մի­լիառ 433 մի­լիոն մարդ ապ­րեց­նող երկ­րա­գուն­դի մը վրայ, որ կը դի­մագ­րա­ւէ ոչ միայն մարդ­կու­թեան թո­ւա­կան ա­ճը հա­կակշ­ռե­լու եւ հա­մա­հա­ւա­սար զար­գա­ցում ու բա­րե­կե­ցու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու մեծ մար­տահ­րա­ւէ­րը, այ­լեւ՝ երկ­րա­գուն­դը մարդ էա­կի գոր­ծած ա­ւեր­նե­րուն, ա­պա­կա­նում­նե­րուն եւ մսխում­նե­րուն դէմ պաշտ­պա­նե­լու կե­նաց-մա­հու խնդի­րը։
­Գա­լի­քի բնակ­չագ­րա­կան նման ա­ղէ­տի նա­խա­տե­սու­թեամբ՝ ­Յու­լիս 11ը, Մ.Ա.Կ.ի ո­րո­շու­մով, 27 տա­րիէ ի վեր կը նշո­ւի իբ­րեւ «Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օր»ը։
11 ­Յու­լիս 1987ին, երբ երկ­րա­գուն­դի բնակ­չու­թեան թի­ւը ան­ցաւ 5.000.000.000ը, ա­ւե­լի լաւ ու բա­րօր աշ­խար­հի մը պա­հան­ջով թափ ա­ռած մի­ջազ­գա­յին շար­ժում­նե­րը սկսան ճնշում բա­նեց­նել Մ.Ա.Կ.ի վրայ, որ­պէս­զի կա­յաց­նէ աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան մի­ջազ­գա­յին Օր մը հաս­տա­տե­լու ո­րո­շու­մը՝ զայն նո­ւի­րե­լով մարդ­կու­թեան ժո­ղովր­դագ­րա­կան ա­պա­գան բա­րե­լա­ւե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քին։
Երկ­բե­ւեռ աշ­խար­հա­կար­գի փլուզ­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր։ Եր­կու տա­րո­ւան ճամ­բայ կտրած էր ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան «կոր­պա­չե­ւեան վե­րա­կա­ռուց­ման» յու­սա­հա­տա­կան փոր­ձը։ Ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը կը տես­նէր ու կը գի­տակ­ցէր, որ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թիւ­նը լրիւ սնան­կա­ցած էր՝ թէ՛ քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան, թէ՛ տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին ա­ռում­նե­րով։ Այ­սու­հան­դերձ՝ 1987ին դեռ ոչ ոք վստահ էր, որ մէկ ձեռ­քի մատ­նե­րուն վրայ համ­րուող տա­րի­ներ միայն մնա­ցած էին «­Չա­րի­քի ­Կայս­րու­թեան» վերջ­նա­կան փլու­զու­մին հա­մար։
­Նախ՝ 1989ին փուլ պի­տի գար — Եւ­րո­պան եւ ամ­բողջ աշ­խար­հը երկ­փեղ­կող — ­Պեր­լի­նի պա­տը, ո­րուն պի­տի հե­տե­ւէր, 1991ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին, ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան պաշ­տօ­նա­կան լու­ծա­րու­մը։
1987ին նոյն­պէս տե­սա­նե­լի էին նա­խան­շան­նե­րը «ա­մե­րի­կեան կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան» (American Imperialism) ե­լեւմ­տա­կան ճգնա­ժա­մին, բայց դար­ձեալ ոչ ոք ստու­գա­պէս կը նա­խա­տե­սէր, որ տնտե­սա­կան-ե­լեւմ­տա­կան ինչ­պի­սի՛ ա­հա­ւոր ան­կու­մի մը նա­խօ­րէին կանգ­նած էր ողջ մարդ­կու­թիւ­նը։
Ա­հա այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, ի տես ա­րա­գօ­րէն ա­ճող աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան թո­ւա­քա­նա­կին, յատ­կա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան մեծ մա­սին սպառ­նա­ցող ա­մէն կար­գի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան եւ տնտե­սա­կան մա­հա­ցու վտանգ­նե­րուն, հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ թափ ա­ռած ըն­կե­րա­յին շար­ժում­նե­րը ար­դէն ի վի­ճա­կի դար­ձած էին ի­րենց օ­րա­կար­գը պար­տադ­րե­լու երկ­րա­գուն­դի ճա­կա­տա­գի­րը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րուն, որ­պէս­զի այս վեր­ջին­նե­րը ար­մա­տա­կան վե­րա­նայ­ման են­թար­կեն ի­րենց ե­սա­սի­րու­թիւ­նը եւ ան­մարդ­կա­յին ան­տար­բե­րու­թիւնն ու ան­հո­գու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան լքեալ, անս­նունդ, վա­տա­ռողջ եւ մե­ծա­քա­նակ մա­հա­ցող մե­ծա­մաս­նու­թեան նկատ­մամբ։
Այդ ճնշում­նե­րը ար­դիւ­նա­ւո­րո­ւե­ցան 1989ին, երբ Մ.Ա.Կ.ի ­Զար­գաց­ման Ծ­րագ­րի ­Ղե­կա­վար ­Խոր­հուր­դը իր թիւ 89/46 ո­րո­շու­մով Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին յանձ­նա­րա­րեց ­Յու­լիս 11ը հռչա­կել «Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օր»։
Այդ­պէս ալ ե­ղաւ՝ 11 ­Յու­լիս 1990էն սկսեալ։
Այդ ո­րո­շու­մին ար­դիւն­քը ան­մի­ջա­պէս զգա­լի դար­ձաւ նախ ժո­ղովր­դագ­րա­կան հար­ցե­րուն ստա­ցած ա­ռաջ­նա­հերթ նշա­նա­կու­թեամբ՝ ամ­բողջ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը տագ­նա­պեց­նող ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ։ ­Նո­րա­ծին­նե­րու մա­հա­ցու­թեան ա­րա­գըն­թաց յաղ­թա­հա­րու­մէն մին­չեւ սո­վա­հար­նե­րու փրկու­թեան ուղ­ղո­ւած մի­ջազ­գա­յին օգ­նու­թեանց կազ­մա­կեր­պու­մը, անց­նե­լով կեն­սո­լոր­տի պաշտ­պա­նու­թե­նէն եւ յե­տամ­նա­ցու­թեան մատ­նո­ւած լքեալ­նե­րուն հա­մար զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­հո­վու­մէն, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն լծո­ւե­ցաւ երկ­րա­գուն­դը ամ­բողջ մարդ­կու­թեան հա­մար ա­ւե­լի բա­րօր եւ ար­դար աշ­խար­հի մը վե­րա­ծե­լու հա­ւա­քա­կան ճի­գին։
­Նոյն այդ ո­րո­շու­մին ար­գա­սի­քը ե­ղաւ ­Հա­զա­րա­մեա­կի Ծ­րագ­րին որ­դեգ­րու­մը, որ ա­հա եր­կու տաս­նա­մեա­կէ ի վեր հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կ­’աշ­խա­տի ի սպաս ոչ միայն երկ­րա­գուն­դի բա­րիք­նե­րուն ա­ւե­լի ար­դար վե­րա­բաշ­խու­մին, այ­լեւ մարդ­կա­յին քա­ղա­քակրթու­թեան ձեռք­բե­րում­նե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս բո­լո­րին մատ­չե­լի դարձ­նե­լու նպա­տա­կին։
­Կաս­կա­ծէ վեր է, որ միայն ճամ­բուն սկզբնա­ւո­րու­թեան կը գտնո­ւի մարդ­կու­թիւ­նը։ ­Գաղ­թա­տի­րու­թեան եւ կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան դա­րաշր­ջան­նե­րուն պատ­ճա­ռած չա­րիք­նե­րը՝ ի­րա­ւազր­կում­նե­րը, կե­ղե­քում­նե­րը, ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­ներն ու ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րը այն­քան խոր ար­մատ­ներ նե­տած են երկ­րա­գուն­դի ողջ տա­րած­քին, որ նոյ­նիսկ բա­րեա­ցա­կա­մու­թեան լիար­ժէք առ­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ, մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը եր­կար ժա­մա­նա­կի եւ ար­մա­տա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րու կա­րի­քը ու­նի, որ­պէս­զի կա­րե­նայ շօ­շա­փե­լի նո­ւա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րել Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օ­րո­ւան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ճամ­բուն վրայ։
Այդ ա­ռու­մով պեր­ճա­խօս է Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր ­Քար­տու­ղա­րին 11 ­Յու­լիս 2011ի ու­ղեր­ձը, որ կը խտաց­նէ ոչ միայն Օ­րո­ւան խոր­հուր­դը, այ­լեւ՝ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։ ­Պան ­Քի-­Մու­նի ա­տե­նին պատ­գա­մած էր՝
«…Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օ­րը ա­ռիթ մըն է տօ­նե­լու մեր հա­սա­րա­կաց մարդ­կայ­նու­թիւ­նը եւ բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը։ ­Նաեւ յի­շե­ցում մըն է մեր ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան՝ ի­րա­րու հան­դէպ եւ մեր մո­լո­րա­կին նկատ­մամբ հո­գա­տար ըլ­լա­լու։
«…­Մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը միշտ պէտք է կեդ­րո­նա­նայ մար­դոց վրայ։ Ա­ւե­լի քան եր­բեք, ան­հատ մար­դիկ այ­սօր ի վի­ճա­կի են տար­բե­րու­թիւն ի­րա­գոր­ծե­լու՝ հա­մա­ցան­ցի ճամ­բով ի­րա­րու հետ միա­նա­լով եւ բա­րե­փոխ­ման հա­մար գոր­ծե­լով։ Այս տա­րի մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք բա­զում օ­րի­նակ­նե­րու, ո­րոնց ընդ­մէ­ջէն ի յայտ ե­կաւ ա­հա­գին ու­ժը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու, ո­րոնք յո­ւալ­քու­թեան փո­խա­րէն ընդգր­կե­ցին յոյ­սը եւ հե­տա­մուտ ե­ղան ար­դար վե­րա­բե­րու­մի ար­ժա­նա­նա­լու ի­րենց ի­րա­ւուն­քը նո­ւա­ճե­լու՝ հոն, ուր խտրա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով կը տա­ռա­պէին, պա­հան­ջե­լով ար­դա­րու­թիւ­նը՝ ընդ­դէմ բռնա­կա­լու­թեան։
«Այ­սօր ժո­ղո­վուրդ­ներ ո­գե­ւո­րո­ւած են՝ հաս­նե­լու եւ ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով նո­ւա­ճե­լու տիե­զե­րա­կան այն ի­րա­ւունք­նե­րը, ո­րոնց­մով կը հպար­տա­նայ Մ.Ա.Կ.ը։
«Երբ կը գոր­ծենք ի խնդիր մեր ընդ­հա­նուր ար­ժէք­նե­րուն՝ սա­տա­րած կ­’ըլ­լանք մեր հա­ւա­քա­կան ա­պա­գա­յի կեր­տու­մին։ Աղ­քա­տու­թեան եւ ա­նար­դա­րու­թեան յաղ­թա­հա­րու­մը կ­’օգ­նէ մարդ­կա­յին անս­պառ նե­րու­ժի շղթա­յա­զեր­ծու­մին։ ­Հա­զա­րա­մեա­կի ­Զար­գաց­ման Ն­պա­տակ­նե­րուն յա­ռաջ մղու­մը կը նպաս­տէ բա­րե­կե­ցու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան ծաղ­կու­մին։ Եւ մեր մո­լո­րա­կի բնա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կ­’ա­պա­հո­վէ այն բնա­կան պա­շար­նե­րը, ո­րոնք կը պա­հեն մեզ բո­լորս։
«Այս տա­րո­ւան (2011) վեր­ջե­րուն, եօ­թը մի­լիա­ռե­րորդ մա­նու­կը պի­տի ծնի բար­դու­թեան եւ հա­կա­սու­թեան մեր աշ­խար­հին մէջ։ ­Մենք բա­ւա­րար սննդա­նիւթ ու­նինք ա­մէ­նուն հա­մար, այ­սու­հան­դերձ՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ մի­լիառ հո­գի ա­նօ­թի կը մնան։ ­Մենք մի­ջոց­նե­րը ու­նինք ջնջե­լու շատ մը հի­ւան­դու­թիւն­ներ, այ­սու­հան­դերձ՝ ա­նոնք կը շա­րու­նա­կեն տա­րա­ծում գտնել։ ­Մենք ու­նինք պար­գե­ւը հա­րուստ բնա­կան մի­ջա­վայ­րի մը, այ­սու­հան­դերձ՝ ա­նի­կա են­թա­կայ կը մնայ ա­մէ­նօ­րեայ յար­ձակ­ման եւ չա­րա­շա­հու­մի։ Խղ­ճի տէր բո­լոր մար­դիկ կ­’ե­րա­զեն խա­ղա­ղու­թիւն, այ­սու­հան­դերձ՝ աշ­խար­հի շատ մեծ մա­սը բա­խու­մի մէջ է եւ շատ խոր մխրճո­ւած զի­նար­շա­ւի մէջ։
«Ն­ման տա­րո­ղու­թեամբ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու նուա­ճու­մը պի­տի պա­հան­ջէ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րիս մէջ գտնո­ւող լա­ւա­գոյ­նը։ Ե­կէք օգ­տա­գոր­ծենք այս Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օ­րը՝ վճռա­կան քայ­լեր նե­տե­լու, որ­պէս­զի ա­ւե­լի լաւ ա­պա­գայ մը կեր­տենք մեր աշ­խար­հի եօ­թը մի­լիա­ռե­րորդ բնա­կի­չին եւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
«­Մե­րօ­րեայ աշ­խար­հին մէջ կ­՚ապ­րի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­մե­նա­մեծ սե­րուն­դը ողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին` 1,8 մի­լիառ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնց մեծ մա­սը զար­գա­ցող երկիր­նե­րու մէջ է եւ կը տի­րա­պե­տէ մարդ­կու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած խնդիր­նե­րու դէմ պայ­քա­րին նպաս­տե­լու ահ­ռե­լի նե­րու­ժի: ­Բայց չա­փա­զանց մե­ծա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­ներ զրկո­ւած են ո­րա­կեալ կրթու­թիւն ստա­նա­լու, ար­ժա­նա­պա­տիւ աշ­խա­տանք գտնե­լու եւ ի­րենց հա­սա­րա­կու­թեանց մէջ քա­ղա­քա­կան կեան­քին մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւա­չափ հնա­րա­ւո­րութիւն­նե­րէ:
«Բ­նակ­չու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն է, որ­պէս­զի վերս­տանձ­նենք հա­սա­րա­կու­թեան մէջ յա­ռա­ջըն­թա­ցը խթա­նե­լու ա­ռու­մով ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն օգ­նե­լու մեր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը:
«­Գոր­ծե­լու հրա­մա­յա­կան կայ: ­Չա­փա­զանց մե­ծա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­ներ չու­նին աղ­քա­տու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­ներ: ­Յատ­կա­պէս ան­հանգս­տա­ցած եմ ան­չա­փա­հաս աղ­ջիկ­նե­րու հաշ­ւոյն, ո­րոնք կը բա­խին խտրա­կա­նու­թեան, սե­ռա­յին բռնու­թեան, վա­ղա­հաս ա­մուս­նու­թեան եւ ան­ցան­կա­լի յղու­թեան խնդիր­նե­րուն»:
Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օ­րը 2017ին կը նշո­ւի «Ըն­տա­նի­քի ծրագ­րում.- Ուժ տալ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, զարկ տալ ազ­գե­րուն» բնա­բա­նով՝ շեշ­տե­լու հա­մար, որ մարդ­կա­յին հիմ­նա­կան ի­րա­ւանց մաս կը կազ­մէ «ա­պա­հով եւ կա­մա­ւոր ըն­տա­նի­քի ծրագ­րում» ու­նե­նա­լը։ Ա­տի­կա նաեւ ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նի սե­ռե­րու ի­րա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան եւ կա­նանց ու­ժե­ղաց­ման հա­մար։ Ա­նի­կա նաեւ բա­նա­լի գոր­ծօն է աղ­քա­տու­թեան նո­ւա­զեց­ման մէջ։
­Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն, 2017ին Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օ­րը կը զու­գա­դի­պի ­Լոն­տո­նի մէջ «Ըն­տա­նի­քի Ծ­րագ­րում 2020» գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի երկ­րորդ հան­դիպ­ման գու­մա­րու­մին։ «Ըն­տա­նի­քի Ծ­րագ­րում 2020»ը կ­՚ա­ռա­ջադ­րէ յա­ւե­լեալ 120 մի­լիոն կա­նանց հաշ­ւոյն մի­ջոց­ներ հայ­թայ­թել, որ­պէս­զի կա­մա­ւոր կեր­պով տի­րա­նան «Ըն­տա­նի­քի Ծ­րագ­րում»ով ըն­ծա­յո­ւող տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն։
Ի դէպ, մինչ մեր երկ­րա­գուն­դը այս տա­րե­վեր­ջին պի­տի ու­նե­նայ իր 7.500.000.000րդ բ­նա­կիչ մարդ էա­կը, աշ­խար­հի տա­րած­քին ա­ւե­լի քան 214 մի­լիոն կա­նայք ի վի­ճա­կի չեն ա­պա­հով եւ ազ­դու ըն­տա­նե­կան ծրագ­րու­մով խու­սա­փե­լու յղու­թե­նէ… կրե­լով ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ծան­րա­գոյն հե­տե­ւանք­նե­րը։
Ա­ռա­ւե­լա­բար ա­մէ­նէն աղ­քատ եր­կիր­նե­րու մէջ բնա­կող այդ կա­նայք ո՛չ անհ­րա­ժեշտ չա­փով ի­րա­զե­կո­ւած են յղու­թեան կան­խար­գիլ­ման անվ­նաս մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն մա­սին, ոչ ալ այդ ուղ­ղու­թեամբ անհ­րա­ժեշտ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը ստա­նան ի­րենց ա­մու­սին­նե­րէն կամ ընդ­հան­րա­պէս ի­րենց պատ­կա­նած հա­ւա­քա­կա­նու­թե­նէն։