Յու­լիս 11ի այս օ­րը քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թիւ­նը կը նշէ Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օ­րը։
Ար­դէն կ­’ապ­րինք ա­ւե­լի քան 7,6 մի­լիառ մարդ ապ­րեց­նող երկ­րա­գուն­դի մը վրայ, որ կը դի­մագ­րա­ւէ միա­ժա­մա­նակ՝
— Մարդ­կու­թեան թո­ւա­կան ա­ճը հա­կակշ­ռե­լու եւ հա­մա­հա­ւա­սար զար­գա­ցում ու բա­րե­կե­ցու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։
— Երկ­րա­գուն­տը մարդ էա­կի գոր­ծած ա­ւեր­նե­րուն, ա­պա­կա­նում­նե­րուն եւ մսխում­նե­րուն դէմ պաշտ­պա­նե­լու կե­նաց-մա­հու խնդի­րը։
— Գիւ­ղե­րէն դէ­պի քա­ղաք մար­դոց ան­կա­սե­լի հոս­քը հու­նա­ւո­րե­լու եւ մեծ քա­ղաք­նե­րու սրըն­թաց ա­ճը քա­ղա­քա­շի­նա­կան լու­ծում­նե­րով դիւ­րաց­նե­լու ծան­րա­գոյն մար­տահ­րա­ւէ­րը։
Առ այդ՝ երկ­րա­գուն­տը գա­լի­քի բնակ­չագ­րա­կան պայ­թու­մի ա­հա­ւոր ա­ղէ­տին դէմ պաշտ­պա­նե­լու եւ քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թիւ­նը զգօն պա­հե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ՝ Յու­լիս 11ը, Մ.Ա.Կ.ի ո­րո­շու­մով, 29 տա­րիէ ի վեր կը նշո­ւի իբ­րեւ Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օ­րը։
11 Յու­լիս 1987ին, երբ երկ­րա­գուն­դի բնակ­չու­թեան թի­ւը ան­ցաւ 5.000.000.000ը, ա­ւե­լի լաւ ու բա­րօր աշ­խար­հի մը պա­հան­ջով թափ ա­ռած մի­ջազ­գա­յին շար­ժում­նե­րը սկսան ճնշում բա­նեց­նել Մ.Ա.Կ.ի վրայ, որ­պէս­զի կա­յաց­նէ աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան մի­ջազ­գա­յին Օր մը հաս­տա­տե­լու ո­րո­շու­մը՝ զայն նո­ւի­րե­լով մարդ­կու­թեան ժո­ղովր­դագ­րա­կան ա­պա­գան բա­րե­լա­ւե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քին։
Երկ­բե­ւեռ աշ­խար­հա­կար­գի փլուզ­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր։ Եր­կու տա­րո­ւան ճամ­բայ կտրած էր Խորհըր­դա­յին Միու­թեան «կոր­պա­չե­ւեան վե­րա­կա­ռուց­ման» յու­սա­հա­տա­կան փոր­ձը։ Ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը կը տես­նէր ու կը գի­տակ­ցէր, որ խորհըր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թիւ­նը լրիւ սնան­կա­ցած էր՝ թէ՛ քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան, թէ՛ տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին ա­ռում­նե­րով։ Այ­սու­հան­դերձ՝ 1987ին դեռ ոչ ոք վստահ էր, որ մէկ ձեռ­քի մատ­նե­րուն վրայ համ­րո­ւող տա­րի­ներ միայն մնա­ցած էին «­Չա­րի­քի Կայս­րու­թեան» վերջ­նա­կան փլու­զու­մին հա­մար։
Նախ՝ 1989ին փուլ պի­տի գար — Եւ­րո­պան եւ ամ­բողջ աշ­խար­հը երկ­փեղ­կող — Պեր­լի­նի Պա­տը, ո­րուն պի­տի հե­տե­ւէր, 1991ի Դեկ­տեմ­բե­րին, Խորհր­դա­յին Միու­թեան պաշ­տօ­նա­կան լու­ծա­րու­մը։
1987ին նոյն­պէս տե­սա­նե­լի էին նա­խան­շան­նե­րը «ա­մե­րի­կեան կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան» (American Imperialism) ե­լեւմ­տա­կան ճգնա­ժա­մին, բայց դար­ձեալ ոչ ոք ստու­գա­պէս կը նա­խա­տե­սէր, որ տնտե­սա­կան-ե­լեւմ­տա­կան ինչ­պի­սի՛ ա­հա­ւոր ան­կու­մի մը նա­խօ­րէին կանգ­նած էր ողջ մարդ­կու­թիւ­նը։
Ա­հա այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, ի տես ա­րա­գօ­րէն ա­ճող աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան թո­ւա­քա­նա­կին, յատ­կա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան մեծ մա­սին սպառ­նա­ցող ա­մէն կար­գի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան եւ տնտե­սա­կան մա­հա­ցու վտանգ­նե­րուն, հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ թափ ա­ռած ըն­կե­րա­յին շար­ժում­նե­րը ար­դէն ի վի­ճա­կի դար­ձած էին ի­րենց օ­րա­կար­գը պար­տադ­րե­լու երկ­րա­գուն­դի ճա­կա­տա­գի­րը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րուն, որ­պէս­զի այս վեր­ջին­նե­րը ար­մա­տա­կան վե­րա­նայ­ման են­թար­կեն ի­րենց ե­սա­սի­րու­թիւ­նը եւ ան­մարդ­կա­յին ան­տար­բե­րու­թիւնն ու ան­հո­գու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան լքեալ, անս­նունդ, վա­տա­ռողջ եւ մե­ծա­քա­նակ մա­հա­ցող մե­ծա­մաս­նու­թեան նկատ­մամբ։
Այդ ճնշում­նե­րը ար­դիւ­նա­ւո­րո­ւե­ցան 1989ին, երբ Մ.Ա.Կ.ի Զար­գաց­ման Ծ­րագ­րի Ղե­կա­վար Խոր­հուր­դը իր թիւ 89/46 ո­րո­շու­մով Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին յանձ­նա­րա­րեց Յու­լիս 11ը հռչա­կել Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օր։
Այդ­պէս ալ ե­ղաւ՝ 11 Յու­լիս 1990էն սկսեալ։
Այդ ո­րո­շու­մին ար­դիւն­քը ան­մի­ջա­պէս զգա­լի դար­ձաւ նախ ժո­ղովըր­դագ­րա­կան հար­ցե­րուն ստա­ցած ա­ռաջ­նա­հերթ նշա­նա­կու­թեամբ՝ ամ­բողջ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը տագ­նա­պեց­նող ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ։ Նո­րա­ծին­նե­րու մա­հա­ցու­թեան ա­րա­գըն­թաց յաղ­թա­հա­րու­մէն մին­չեւ սո­վա­հար­նե­րու փրկու­թեան ուղ­ղո­ւած մի­ջազ­գա­յին օգ­նու­թեանց կազ­մա­կեր­պու­մը, անց­նե­լով կեն­սո­լոր­տի պաշտ­պա­նու­թե­նէն եւ յե­տամ­նա­ցու­թեան մատ­նո­ւած լքեալ­նե­րուն հա­մար զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­հո­վու­մէն եւ հաս­նե­լով մե­ծա­քա­ղաք­նե­րու բնակ­չագ­րա­կան հար­ցե­րու բար­ւոք լուծ­ման քա­ղա­քա­շի­նա­կան լու­ծում­նե­րուն՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն լծո­ւե­ցաւ երկ­րա­գուն­տը ամ­բողջ մարդ­կու­թեան հա­մար ա­ւե­լի բա­րօր եւ ար­դար աշ­խար­հի մը վե­րա­ծե­լու հա­ւա­քա­կան ճի­գին։
Նոյն այդ ո­րո­շու­մին ար­գա­սի­քը ե­ղաւ Հա­զա­րա­մեա­կի Ծ­րագ­րին որ­դեգ­րու­մը, որ ա­հա շուրջ ե­րեք տաս­նա­մեա­կէ ի վեր հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կ­’աշ­խա­տի ի սպաս ոչ միայն երկ­րա­գուն­տի բա­րիք­նե­րուն ա­ւե­լի ար­դար վե­րա­բաշ­խու­մին, այ­լեւ մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան ձեռք­բե­րում­նե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս բո­լո­րին մատ­չե­լի դարձ­նե­լու նպա­տա­կին։
Կաս­կա­ծէ վեր է, որ միայն ճամ­բուն սկզբնա­ւո­րու­թեան կը գտնո­ւի մարդ­կու­թիւ­նը։ Գաղ­թա­տի­րու­թեան եւ կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան դա­րաշըր­ջան­նե­րուն պատ­ճա­ռած չա­րիք­նե­րը՝ ի­րա­ւազր­կում­նե­րը, կե­ղե­քում­նե­րը, ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­ներն ու ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րը այն­քան խոր ար­մատ­ներ նե­տած են երկ­րա­գուն­տի ողջ տա­րած­քին, որ նոյ­նիսկ բա­րեա­ցա­կա­մու­թեան լիար­ժէք առ­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ, մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը եր­կար ժա­մա­նա­կի եւ ար­մա­տա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րու կա­րի­քը ու­նի, որ­պէս­զի կա­րե­նայ շօ­շա­փե­լի նո­ւա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րել Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օ­րո­ւան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ճամ­բուն վրայ։
Այդ ա­ռու­մով պեր­ճա­խօս է եօ­թը տա­րի ա­ռաջ հրա­պա­րա­կո­ւած՝ Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Քար­տու­ղա­րին 11 Յու­լիս 2011ի ու­ղեր­ձը, որ կը խտաց­նէ ոչ միայն Օ­րո­ւան խոր­հուր­դը, այ­լեւ՝ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։ Պան Քի-­Մու­նի ա­տե­նին պատ­գա­մած էր՝
«…Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օ­րը ա­ռիթ մըն է տօ­նե­լու մեր հա­սա­րա­կաց մարդ­կայ­նու­թիւ­նը եւ բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը։ Նաեւ յի­շե­ցում մըն է մեր ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան՝ ի­րա­րու հան­դէպ եւ մեր մո­լո­րա­կին նկատ­մամբ հո­գա­տար ըլ­լա­լու։
«…­Մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը միշտ պէտք է կեդ­րո­նա­նայ մար­դոց վրայ։ Ա­ւե­լի քան եր­բեք, ան­հատ մար­դիկ այ­սօր ի վի­ճա­կի են տար­բե­րու­թիւն ի­րա­գոր­ծե­լու՝ հա­մա­ցան­ցի ճամ­բով ի­րա­րու հետ միա­նա­լով եւ բա­րե­փոխ­ման հա­մար գոր­ծե­լով։ Այս տա­րի մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք բա­զում օ­րի­նակ­նե­րու, ո­րոնց ընդ­մէ­ջէն ի յայտ ե­կաւ ա­հա­գին ու­ժը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու, ո­րոնք յո­ւսալքու­թեան փո­խա­րէն ընդգր­կե­ցին յոյ­սը եւ հե­տա­մուտ ե­ղան ար­դար վե­րա­բե­րու­մի ար­ժա­նա­նա­լու ի­րենց ի­րա­ւուն­քը նո­ւա­ճե­լու՝ հոն, ուր խտրա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով կը տա­ռա­պէին, պա­հան­ջե­լով ար­դա­րու­թիւ­նը՝ ընդ­դէմ բռնա­կա­լու­թեան։
«Այ­սօր ժո­ղո­վուրդ­ներ ո­գե­ւո­րո­ւած են՝ հաս­նե­լու եւ ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով նո­ւա­ճե­լու տիե­զե­րա­կան այն ի­րա­ւունք­նե­րը, ո­րոնց­մով կը հպար­տա­նայ Մ.Ա.Կ.ը։
«Երբ կը գոր­ծենք ի խնդիր մեր ընդ­հա­նուր ար­ժէք­նե­րուն՝ սա­տա­րած կ­’ըլ­լանք մեր հա­ւա­քա­կան ա­պա­գա­յի կեր­տու­մին։ Աղ­քա­տու­թեան եւ ա­նար­դա­րու­թեան յաղ­թա­հա­րու­մը կ­’օգ­նէ մարդ­կա­յին անս­պառ նե­րու­ժի շղթա­յա­զեր­ծու­մին։ Հա­զա­րա­մեա­կի Զար­գաց­ման Ն­պա­տակ­նե­րուն յա­ռաջ մղու­մը կը նպաս­տէ բա­րե­կե­ցու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան ծաղ­կու­մին։ Եւ մեր մո­լո­րա­կի բնա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կ­’ա­պա­հո­վէ այն բնա­կան պա­շար­նե­րը, ո­րոնք կը պա­հեն մեզ բո­լորս։
«Այս տա­րո­ւան (2011) վեր­ջե­րուն, եօ­թը մի­լիա­ռե­րորդ մա­նու­կը պի­տի ծնի բար­դու­թեան եւ հա­կա­սու­թեան մեր աշ­խար­հին մէջ։ Մենք բա­ւա­րար սննդա­նիւթ ու­նինք ա­մէ­նուն հա­մար, այ­սու­հան­դերձ՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ մի­լիառ հո­գի ա­նօ­թի կը մնան։ Մենք մի­ջոց­նե­րը ու­նինք ջնջե­լու շատ մը հի­ւան­դու­թիւն­ներ, այ­սու­հան­դերձ՝ ա­նոնք կը շա­րու­նա­կեն տարա­ծում գտնել։ Մենք ու­նինք պար­գե­ւը հարուստ բնա­կան մի­ջա­վայ­րի մը, այ­սու­հան­դերձ՝ ա­նի­կա են­թա­կայ կը մնայ ա­մէ­նօ­րեայ յար­ձակ­ման եւ չա­րա­շա­հու­մի։ Խղ­ճի տէր բո­լոր մար­դիկ կ­’ե­րա­զեն խա­ղա­ղու­թիւն, այ­սու­հան­դերձ՝ աշ­խար­հի շատ մեծ մա­սը բա­խու­մի մէջ է եւ շատ խոր մխրճո­ւած զի­նար­շա­ւի մէջ։
«Ն­ման տա­րո­ղու­թեամբ մար­տահը­րա­ւէր­նե­րու նո­ւա­ճու­մը պի­տի պա­հան­ջէ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րիս մէջ գտնո­ւող լա­ւա­գոյ­նը։ Ե­կէք օգ­տա­գոր­ծենք այս Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օ­րը՝ վճռա­կան քայ­լեր նե­տե­լու, որ­պէս­զի ա­ւե­լի լաւ ա­պա­գայ մը կեր­տենք մեր աշ­խար­հի եօ­թը մի­լիա­ռե­րորդ բնա­կի­չին եւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
«­Մե­րօ­րեայ աշ­խար­հին մէջ կ­՚ապ­րի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­մե­նա­մեծ սե­րուն­դը ողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին` 1,8 մի­լիառ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնց մեծ մա­սը զար­գա­ցող երկր­նե­րու մէջ է եւ կը տի­րա­պե­տէ մարդ­կու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած խնդիր­նե­րու դէմ պայ­քա­րին նպաս­տե­լու ահ­ռե­լի նե­րու­ժի: Բայց չա­փա­զանց մե­ծա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­ներ զրկո­ւած են ո­րա­կեալ կրթու­թիւն ստա­նա­լու, ար­ժա­նա­պա­տիւ աշ­խա­տանք գտնե­լու եւ ի­րենց հա­սա­րա­կու­թեանց մէջ քա­ղա­քա­կան կեան­քին մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւա­չափ հնա­րա­ւո­րութիւն­նե­րէ:
«Բ­նակ­չու­թեան Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն է, որ­պէս­զի վերըս­տանձ­նենք հա­սա­րա­կու­թեան մէջ յա­ռա­ջըն­թա­ցը խթա­նե­լու ա­ռու­մով ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն օգ­նե­լու մեր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը:
«­Գոր­ծե­լու հրա­մա­յա­կան կայ: Չա­փա­զանց մե­ծա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­ներ չու­նին աղ­քա­տու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­ներ: Յատ­կա­պէս ան­հանգս­տա­ցած եմ ան­չա­փա­հաս աղ­ջիկ­նե­րու հաշ­ւոյն, ո­րոնք կը բա­խին խտրա­կա­նու­թեան, սե­ռա­յին բռնու­թեան, վա­ղա­հաս ա­մուս­նու­թեան եւ ան­ցան­կա­լի յղու­թեան խնդիր­նե­րուն»:
Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օ­րը 2018ին կը նշո­ւի «­Մե­ծա­քա­ղաք­նե­րու (megacities) խե­լա­յեղ ընդար­ձա­կու­մը հակակշռելու եւ կարգաւորելու» բնաբանով՝ շեշտելու համար, որերկրագունտի յետամնաց, աղէտահար ու պատերազմական գօտիներէն տեղահաններու եւ տարագրեալներու, գաղթականներու եւ փախստականներու աննախատեսելիտարողութեամբ հոսքը դէպի մեծաքաղաքներ պէտք է հակակշռուի միացեալ ուժերով։
Աշխարհի Բնակչութեան Օրուան գլխաւոր խնդիրներու ցուցակին վրայ առաջնահերթ իր տեղը կը շարունակէ զբաղեցնել «ապահով եւ կամաւոր ընտանիքի ծրագրում» ունենալը։Ատիկա նաեւ առանցքային նշանակութիւն ունի սեռերու իրաւահաւասարութեան եւ կանանց ուժեղացման համար։ Անիկա նաեւ բանալի գործօն է աղքատութեան նուազեցման մէջ։
Արդարեւ, օրակարգի վրայ կը շարունակէ մնալ «Ընտանիքի Ծրագրում 2020» միջազգային առաջադրանքին միացեալ ուժերով դիմագրաւումը։ Ծրագիր՝ որ կ՚առաջադրէ յաւելեալ 120 միլիոն կանանց հաշւոյն միջոցներ հայթայթել, որպէսզի կամաւոր կերպով տիրանան «Ընտանիքի Ծրագրում»ով ընծայուող տնտեսական եւ ընկերային զարգացմանհնարաւորութիւններու։
Ի դէպ, մինչ մեր երկրագունտը արդէն հատած է 7.600.000.000րդ բնակիչ մարդ էակ ունենալու սահմանագիծը, աշխարհի տարածքին աւելի քան 214 միլիոն կանայք ի վիճակի չենապահով եւ ազդու ընտանեկան ծրագրումով խուսափելու յղութենէ… կրելով առողջապահական ծանրագոյն հետեւանքները։
Առաւելաբար ամէնէն աղքատ երկիրներու մէջ բնակող այդ կանայք ո՛չ անհրաժեշտ չափով իրազեկուած են յղութեան կանխարգիլման անվնաս միջոցառումներուն մասին, ոչ ալ այդուղղութեամբ անհրաժեշտ աջակցութիւնը կը ստանան իրենց ամուսիններէն կամ ընդհանրապէս իրենց պատկանած հաւաքականութենէն։
Այդ բոլորի լոյսին տակ այսօր եւս այժմէական կը հնչէ Մ.Ա.Կ.ի Բնակչութեան Հիմնադրամին կողմէ ատենին հրապարակուած «Աշխարհի բնակչութիւնը 2011ին» զեկոյցին այնհարցադրումը, թէ՝ «Մեր այժմեան քայլերէն է կախուած, թէ արդե՞օք մենք ապագային կþապրինք առողջ, կայուն կենսոլորտով եւ բարգաւաճ կեանքով, թէ՞ դատապարտուած կþըլլանք քաղելուանհաւասարութեան եւ տնտեսական անկումի պտուղները»:
«Ճիշտ ծրագրումի եւ մարդոց նպատակաուղղուած ողջմիտ ներդրումներու իրագործման պարագային, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ ոչ միայն վերջիններուս, այլեւ աշխարհիտեսանկիւնէն ճիշտ որոշումներ կայացնելու անոնց ունակութեան զարգացումը, 7 միլիառանոց աշխարհի բնորոշ գիծերը կրնան դառնալ բարգաւաճ, կենսոլորտով կայուն քաղաքները, արդիւնաւէտ աշխատուժը, որ կþապահովէ տնտեսութեան աճը, եւ երիտասարդութիւնը, որ իր նպաստը կը բերէ հասարակութեան բարեկեցութեան», — կ’ընդգծէր օրին Մ.Ա.Կ.ի Բնակչութեան Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն դոկտոր Բաբատունդէ Օսոտիմեհինի՝ «Մարդիկ եւ հնարաւորութիւնները 7 միլիառանոց աշխարհին մէջ» ենթավերնագրով իր զեկոյցինախաբանով:
Իրողութիւն է, որ այսօր մարդիկ աւելի երկար եւ առողջ կþապրին ու ամբողջ աշխարհի մէջ աւելի ու աւելի շատ երեխաներու կեանքը կը յաջողուի փրկել: Բայց բոլորը չեն, որ կըկարենան օգտուիլ այս ձեռքբերումներէն կամ կեանքի աւելի բարձր որակէն:
Տակաւին շատ մեծ են ու խոր անհաւասարութիւնները երկրագունտի բնակչութիւնը կազմող տարբեր երկիրներուն եւ ցամաքամասերուն միջեւ։
Ամբողջ երկրագունտին իբրեւ մեր մեծ տունը նայելու եւ անոր հոգերուն ու հեռանկարներուն ըստ արժանւոյն ընդառաջելու հրամայականը շեշտող Օրն է Յուլիս 11ը՝ Աշխարհի Բնակչութեան Միջազգային Օրը։