11 Մայիսի այս օրը, 113 տարի առաջ, Անդրկովկասի նաւթային մայրաքաղաք Բագուի կեդրոնական հրապարակներէն Պարապետի վրայ, 21ամեայ հայ յեղափոխական մը ռումբի հարուածով ահաբեկեց նահանգապետ իշխան Նակաշիձէն։
Երիտասարդ այդ յեղափոխականը Դրաստամատ Կանայեանն էր՝ անզուգական ԴՐՕն, որ այդպէ՛ս, օր-ցերեկով եւ բանուկ հրապարակի մը վրայ, գործադրեց Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կեդրոնական Կոմիտէին տուած մահապատիժի որոշումը՝ հարիւրաւոր անմեղ հայերու կոտորածը հրահրած Բագուի նահանգապետին դէմ։
Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման եւ, ընդհանրապէս, համառուսական յեղափոխական խմորումներու պատմութեան ամէնէն ուշագրաւ եւ ուսանելի էջերէն է Նակաշիձէի ահաբեկումը։ Նաեւ՝ այսօրուան համար նշանակալի դասեր փոխանցող դրուագ մըն է, որ մէկէ աւելի զուգահեռներով լոյս կը սփռէ հայեւատրպէյճանական մերօրեայ հակադրութեան արմատներուն վրայ։
Ո՞վ էր Նակաշիձէ եւ ի՞նչ ըրած էր, որ արժանացաւ նման դաժան դատաստանի։
Ինչո՞ւ Բագուն թատերաբեմ հանդիսացաւ հայկական յեղափոխութեան այդօրինակ հարուածին։
Բագուն 19րդ դարավերջին դարձած էր ոչ միայն Անդրկովկասի, այլեւ՝ ամբողջ Ցարական Կայսրութեան նաւթային կեդրոնն ու ամէնէն ճարտարարուեստական քաղաքը, ուր անխնայ մրցակցութեան մէջ էին ռուսական թէ անգլիական, հայ թէ թաթարական դրամագլուխներն ու գործատէրերը։
Իսկ 1900ականներու սկզբնաւորութեան համառուսական առաջին յեղափոխութեան խառն ժամանակներն էին։ Ցարական Ռուսաստանը, արտաքին ճակատի վրայ, ծայրագոյն արեւելքի մէջ պատերազմ կը մղէր Ճափոնի դէմ, իսկ ներքին ճակատի վրայ կը դիմագրաւէր Ս. Փեթերսպուրկէն սկսած եւ կայսրութեան ողջ տարածքը ալեկոծած ընկերային յեղափոխութեան բուռն պայթումը։
Յատկապէս Անդրկովկասը յեղափոխական ալեկոծումի մէջ էր եւ յեղափոխական տարրերը, առանց ազգային խտրութեան, միասնաբար ծառացած էին ցարական բռնատիրութեան դէմ։
Բազմազգեան մեծ խառնարան մըն էր Անդրկովկասը, յատկապէս նաւթահորերով հարուստ Բագուն, ուր հայն ու ռուսը, վրացին եւ թաթարը մէկ կողմէ, ազգերու միջեւ յարաբերութիւններու ճակատին վրայ, սուր մրցապայքարի մէջ էին իրարու հետ, իսկ միւս կողմէ՝ ընկերային չարաշահումներու եւ կեղեքումներու առումով, միացեալ ուժերով ծառացած էին կայսերապետական ճնշումի գործիքներուն՝ խաւարամիտ ու յետադիմական տարրերուն դէմ։
Համառուսական յեղափոխութեան ալիքը հասկնալիօրէն լայն արձագանգ գտած էր Բագուի աշխատաւորութեան մէջ՝ անկախ նաւթահորերու կամ ճարտարարուեստական մարզի բանուորներու ազգային պատկանելիութենէն։ Ի տես յեղափոխական խմորումներու այդօրինակ սաստկացումին ու ծաւալումին՝ ցարական իշխանութիւնները ամէն կարգի դաւ ու սադրանք կ’որոճային, հակակշռելու համար յեղափոխութեան վարակիչ ալիքը։
Ահա՛ պատմական ու աշխարհաքաղաքական այս ենթահողին վրայ, խռովայոյզ Բագուի նահանգապետի իր դիրքէն, թաթարական ծագումով ցարական իշխան Նակաշիձէն ձեռնամուխ եղաւ յեղափոխական խմորումներու յենարանը հանդիսացող Բագուի աշխատաւորութիւնը ազգային հողի վրայ պառակտելու եւ աշխատաւորական յեղափոխութիւնը ջլատելու դաւադրութեան։
Իսկ նման սադրանքի յաջողութեան համար պատրաստի հող էր թուրք-թաթար զանգուածը, բանուորութեամբ հանդերձ, իր խաւարամտութեան ու կրօնամոլութեան հետեւանքով։ Մանաւանդ որ ինչպէս Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, նոյնպէս եւ Ցարական Կայսրութեան հովանիին տակ հրահրուած էր թաթարներու (ի դէպ՝ նաե՛ւ վրացիներու) ամբոխային այն տրամաբանութիւնը, թէ իբր հայերը՝ սակաւաթիւ ըլլալով հանդերձ, ե՛ւ մեծ կշիռ ունէին մեծահարուստներու շարքին, ե՛ւ բարեկեցիկ կեանք ապահոված էին իրենց բանուորներուն…
Նահանգապետ Նակաշիձէ առաւելագոյն նենգամտութեամբ իւղ թափեց հայ-թաթարական հակադրութեանց ու թշնամանքի այդ կայծերուն վրայ՝ գաղտնաբար զինելով նաեւ թաթար ազգայնամոլական խմբաւորումները, որոնց գլխաւորութեամբ 6 Փետրուար 1905ին, Բագուի տարբեր շրջաններուն մէջ, թաթար խուժանը յարձակեցաւ հայերու եւ անոնց խանութներուն ու հաստատութեանց վրայ՝ քանդելով, կողոպտելով եւ սպաննելով… Թուրք-թաթար ամբոխին կատաղութիւնը շարունակուեցաւ երեք օր՝ հակառակ անոր, որ առաջին օրը անակնկալի եկած հայութիւնը շատ արագ ինքնապաշտպանութեան եւ հակահարուածի դիմեց՝ Դաշնակցութեան եւ անոր յաղթ բռունցքը մարմնաւորող հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեամբ։ Թէեւ թուրք-թաթար ամբոխի խժդուժութեանց սանձ դրուեցաւ, բայց երկուստեք հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ ինկան, իսկ Բագուի հայութիւնը ենթարկուեցաւ նիւթական հսկայական կորուստներու։
Այս աստիճան ծանր յանցագործութեան գլխաւոր պատասխանատուն էր նահանգապետ Նակաշիձէն։ Անոր սադրանքը անպատիժ պէտք չէ մնար՝ թէ՛ նոյնինքն յանցագործը արդար դատաստանի արժանացնելու համար, թէ՛ նման սադրանքներու եւ յանցագործութեանց կրկնումը կանխարգիլելու նպատակով։
Եւ նահանգապետին դէմ մահապատիժ որոշեց ոչ միայն Դաշնակցութիւնը՝ յանձին Բագուի Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կ. Կոմիտէի, այլեւ՝ ռուս ընկերվարական-յեղափոխական կուսակցութիւնները իրենց կարգին մահապատիժի վճիռ արձակեցին Նակաշիձէի դէմ։ Մինչեւ անգամ Ռուս Սոցիալիստ-Յեղափոխականներու կուսակցութիւնը դիմեց Դաշնակցութեան՝ բոլոր յեղափոխականներու օրհնութիւնը վայելող մահապատժի այդ որոշումին գործադրութիւնը Սոցիալիստ-Յեղափոխականներուն վստահելու առաջարկութեամբ։
Դաշնակցութիւնը ընդառաջեց Ռուս Սոցիալիստ-Յեղափոխականներու կուսակցութեան դիմումին, բայց այս վերջինի կողմէ կատարուած Նակաշիձէի ահաբեկման գործողութիւնը անյաջող անցաւ։
Ցարիզմի նենգ պաշտօնատարը անպայման պէտք է պատժուէր եւ ի վերջոյ պատժուեցա՛ւ, երբ անզուգական ԴՐՕի յանձնարարուեցաւ մահապատիժին գործադրութիւնը։ ԴՐՕ այդ շրջանին կը ծառայէր ռուսական բանակին մէջ, բայց հազիւ լսած Փետրուար 6ի թուրք-թաթար ամբոխի խժդուժութեանց լուրը՝ փութացած էր Բագու ու ինքզինք տրամադրած Նիկոլ Դումանի եւ Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կ. Կոմիտէին։ ԴՐՕ նաեւ կամաւոր իր թեկնածութիւնը առաջարկեց Նակաշիձէի ահաբեկումի գործադրութեան համար, երբ ռուս յեղափոխականներու առաջին փորձը ձախողեցաւ։
Եւ Դուման իր հաւանութիւնը տուաւ։
Գործողութեան կազմակերպման պատասխանատուութիւնը վստահուեցաւ Կ. Կոմիտէի անդամներէն Աբրահամ Գիւլխանդանեանի, իսկ անփորձ ահաբեկիչին՝ ԴՐՕին պիտի աջակցէր Գանձակեցի Կռօ անունով նոյնպէս երիտասարդ յեղափոխական մը։
Եւ 11 Մայիս 1905ին Նակաշիձէ ստացաւ իր արժանի պատիժը։
Իշխան Նակաշիձէն նահանգապետարան փոխադրող ձիակառքը, շրջապատուած ձիաւոր թիկնապահներով, ամէն օր կ’անցնէր Պարապետի հրապարակէն։ Գործողութեան համար ճշդուած օրը՝ Մայիս 11ին, Կռօ դիրք բռնած պէտք է ըլլար հրապարակ տանող փողոցին ծայրը, իսկ ԴՐՕ՝ իբրեւ հրապարակին վրայ զբօսնող անցորդ, տոպրակի մը մէջ դրած մահարկու ռումբը, պիտի սպասէր Կռոյի ազդանշանին՝ թէ նակաշիձէի կառքը կը մօտենար։ Բայց այդ օր Կռօ ընդհանրապէս չէր երեւցած, իսկ Ա. Գիւլխանդանեան պահ մը երեւցած ու անհետացած էր։ ԴՐՕ առանձին մնացած էր… հրապարակին վրայ գտնուող թուրք-թաթար պտղավաճառ մը, մայթին վրայ շարած էր իր վաճառած միրգերը. թարմ կեռաս ունէր. ԴՐՕ պտղավաճառին ապսպրեց տոպրակ մը կեռաս եւ մինչ վաճառորդը կը լեցնէր տոպրակը, յանկարծ լսուեցան ձիակառքի եւ ձիաւորներու ձայներ։ Առանց այլայլելու, Դրօ իր ձեռքի տոպրակէն հանեց պատրաստի ռումբը, արագօրէն վազեց յառաջացող կառքի ուղղութեամբ եւ նետեց ռումբը։ Ահաւոր պայթիւնին հետեւեցաւ հրապարակի խուճապահար անցորդներու մեծ իրարանցումը։ ԴՐՕ խառնուեցաւ ամբոխին եւ անհետացաւ…
Նակաշիձէ, իր սպասաւորը, թիկնապահներ եւ կեռասի պտղավաճառը տեղն ու տեղը սպաննուեցան։
Ահ ու սարսափը պատեց կայսերապետական ուժերուն եւ ցարական ոստիկանութեան։
«Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կովկասեան Բ. Կ. Կոմիտէի որոշմամբ՝ Բագուի նահանգապետ իշխան Նակաշիձէ, փետրուարեան եղեռնի գլխաւոր հեղինակը, Մայիսի 11/24ին ենթարկուեց տեռորի՝ ռումբի միջոցաւ։ Նահանգապետը սպաննուեց տեղնուտեղը։ Տեռորիստը ազատ է»…
Այդպէ՛ս, հեռագրալուրի մը պէս խիտ եւ մեծատառ ու մահավճիռի մը նման հատու եւ ահազդու, վերեւի յայտարարութիւնը գրաւեց ճակատը Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի Յունիս 1905ի համարին առաջին էջին։
Սոսկ յայտարարութիւն մը չեղաւ «Դրօշակ»ի այդ ազդը, այլ՝ արիւնալի ամբողջ ժամանակաշրջանի մը ե՛ւ ողբերգական, ե՛ւ դիւցազնական խորհուրդը փոխանցեց հայոց պատմութեան ու մեր սերունդներուն։
Այդպէ՛ս, Բագուի Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կ. Կոմիտէն, հայ ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս Անդրկովկասի հանրային կարծիքին ուղղուած երկու անջատ յայտարարութիւններով, ստանձնեց պատասխանատուութիւնը Նակաշիձէի մահապատիժին։ Իսկ Հ.Յ.Դ. Կովկասեան Պատասխանատու Մարմինը, յատկապէս ցարական պաշտօնէութեան ուղղուած երրորդ յայտարարութեամբ մը, ազդարարեց Նակաշիձէի ահաբեկման ի պատասխան հակահայ նոր դաւեր սադրող ուժերուն, թէ աւելի հատու պիտի ըլլայ հայ յեղափոխականներու յաջորդ հարուածը։
Անշուշտ որոշ ժամանակի համար զգաստացան ռուս պաշտօնատարները, նոյնպէս եւ թուրք-թաթար ազգայնամոլ շարժումներու պարագլուխները։
Բայց հրձիգութիւնը գործուած էր արդէն եւ ազգամիջեան լարուածութիւնն ու թշնամանքը մէկանգամընդմիշտ սանձազերծուած էին…
Փոքր ազգերը պէտք է զոհաբերուէին, իբրեւ պարզ խաղաքարերու, ի հաշիւ մեծապետական ի՜նչ-ի՜նչ շահերու ձեռքբերման եւ աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու կարգաւորման…
Այս իմաստով է, ահա՛, որ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման ու լինելութեան ահեղ կրուի ամէնէն ուշագրաւ եւ ուսանելի էջերէն մէկը եղաւ 11 Մայիս 1905ին Բագուի նահանգապետ Նակաշիձէի ահաբեկումը։
Ուսանելի գլխաւոր դասը, անշուշտ, Ցարական Ռուսաստանի հակահայ դաւադրութեան մերկացումն էր։ Ինչպէս որ ահաբեկման ազդին հետեւող եւ «Համիդականութիւնը Կովկասում» խորագրուած իր խմբագրականով «Դրօշակ» կ’ընդգծէր օրին, 1905ի Փետրուարին Բագուի մէջ սկսած եւ այնուհետեւ, աւելի քան տարի մը, ամբողջ Անդրկովկասի տարածքին պարբերաբար կրկնուած հակահայ ջարդերը ոճրային մտայղացումն էին Ցարական իշխանութեանց։ Թիֆլիսի մէջ փոխարքայ իշխան Գոլիցինը եւ Բագուի մէջ նահանգապետ իշխան Նակաշիձէն, Ցարական արքունիքի հրահանգները գործադրելով, իրե՛նք զինեցին Անդրկովկասի թուրք-թաթար ամբոխը եւ… զայն արձակեցին անզէն ու անմեղ հայութեան դէմ։
Ցարիզմի նպատակը մէկ ու միակ էր. ինչպէս որ Սուլթանը, հայ ժողովուրդի յեղափոխական ըմբոստացումը արեան մէջ խեղդելու մտօք, ձեռնարկեց հարիւր-հազարաւոր անզէն հայերու զանգուածային սպանդին, միեւնոյն տրամաբանութեամբ ալ Ցարը, Անդրկովկասի մէջ իր բռնատիրութեան դէմ ծաւալած յեղափոխական շարժումը ճզմելու հաշուարկով, որոշեց ազգամիջեան ընդհարումներ հրահրել եւ թուրք-թաթար մահմետական ամբոխը իբրեւ սանձիչ մտրակ գործածել հայ եւ վրացի ժողովուրդներու ըմբոստացման խմորումներուն դէմ։ Նաեւ աւելի՛ն. երբ ցարական իշխանութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ Դաշնակցութեան ղեկավարած հայկական ուժեղ դիմադրութեան, երբ թուրք-թաթար հրոսակախումբերը չարաչար պարտութիւն կրեցին Ղարաբաղէն մինչեւ Երեւան ու Նախիջեւան, Ցարի կամակատարները ձեռնամուխ եղան այս անգամ հայեւվրացական ազգամիջեան գրգռութեանց… բայց ատիկա արդէն առանձին քննարկում պահանջող նիւթ է…
11 Մայիս 1905ին Նակաշիձէի ահաբեկումը հայ ժողովուրդին հատու պատասխանն էր թէ՛ փոքր ազգերը զոհաբերելու պատրաստ մեծապետական ուժերուն, թէ՛ անոնց ձեռքը կոյր գործիքի վերածուած ազգայնամոլներուն։
Իսկ ԴՐՕի յանդուգն քայլն ու ընդհանրապէս Անդրկովկասի հայոց ինքնապաշտպանութեան կռուանները ամրապնդելու Նիկոլ Դումանի ռազմավարութիւնը մղիչ ուժ եւ ներշնչման աղբիւր դարձան հայ ժողովուրդին, որպէսզի հոգեպէս եւ մարտականօրէն նախապատրաստուի աշխարհասասան հետագայ ցնցումներուն։
11 Մայիս 1905
11 Մայիս 1905. ԴՐՕ ահաբեկեց ազգամիջեան խռովութեանց հրահրիչ Բագուի նահանգապետ իշխան Նակաշիձէն Ն.