Մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը, միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ կարեւորութեամբ իր օրակարգի առաջնահերթ նիւթերէն մէկը դարձուցած չէր Ցեղասպանութեան ոճիրը — իբրեւ մարդկութեան դէմ ծանրագոյն յանցագործութեան — դատապարտելու, օրէնքով պատժելի հռչակելու եւ կանխարգիլելու մեծ խնդիրը։
Հակառակ 19րդ դարու սկիզբներուն թափ առած գաղթարարական խօլ մրցապայքարին, որ զանգուածային բնաջնջումներու միջոցաւ Եւրոպայի մեծապետական ուժերու լուծին կ’ենթարկէր ամբողջ ժոովուրդներ Հին Աշխարհի տարածքին, Միջազգային Իրաւունքի եւ Օրէնքի հիմնական փաստաթուղթերն ու ուխտագիրները ոչ միայն դատապարտանքի խօսք չէին պարունակեր Ցեղասպանութեան դէմ, այլեւ՝ յայտնագործած ու շրջանառութեան մէջ դրած չէին նոյնինքն Ցեղասպանութիւն բառն անգամ։
Ցեղասպանութեան իբրեւ մարդկութեան դէմ ծանրագոյն ոճիրի սահմանումն ու դատապարտումը առաջին անգամ կատարուեցան Դեկտեմբեր 11ի այս օրը, 71 տարի առաջ, երբ այդ օրերուն նոր կազմուած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը իր Ընդհանուր Ժողովի օրակարգին վրայ բերաւ Ցեղասպանութեան դատապարտման հարցը եւ որդեգրեց իր թիւ 96/1 որոշումը։ Այդ որոշումը հանդիսացաւ, Միջազգային Իրաւունքի պատմութեան մէջ, հիմնաքարը Ցեղասպանութիւնը իբրեւ մեծագոյն յանցագործութիւն ճանչնալու, դատապարտելու, կանխարգիլելու եւ պատժելու առաջադրանքով մշակուած եւ որդեգրուած հետագայ բոլոր միջազգային փաստաթուղթերուն՝ յատկապէս 10 Դեկտեմբեր 1948ին նոյն Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ հաստատուած Ցեղասպանութեան Ուխտագրին։
Պատմութիւնը կը յուշէ, որ 11 Դեկտեմբեր 1946ին որդեգրուած Մ.Ա.Կ.ի թիւ 96/1 որոշումին նախագիծը պատրաստուած եւ առաջադրուած էր հրեայ ծագումով լեհ միջազգային իրաւագէտ Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ, որ իրաւամբ կը նկատուի Ցեղասպանութիւն բառեզրի եւ համապատասխան իրաւագիտական յղացքի հեղինակ հայրն ու իրաւապաշտպան դրօշակիրը։
Ռաֆայէլ Լեմքին (1900-1959) ծնած է Պեզվոտնի, Լեհաստան (ներկայիս Վոլկովսկիի մերձակայքը, Պելառուս), 1900ի Յունիս 24ին: 14 տարեկանին Լեմքին արդէն կը տիրապետէր 14 լեզուներու, ներառեալ ֆրանսերէնի, սպաներէնի, եբրայերէնի, իտիշի եւ ռուսերէնի: Պիալիսթոքի Մասնագիտական Պատրաստութեան ուսումնարանը աւարտելէ ետք, ան լծուած է լեզուաբանութեան ուսումնասիրման՝ Լվովի Ճոն Քազիմիրի համալսարանին մէջ։ Այդ շրջանէն իսկ յատուկ հետաքրքրութիւն առաջացած է ուսանող Լեմքինի մօտ՝ սահմանելու եւ բնութագրելու այն յանցագործութիւնները, զորս հետագային Լեմքին խտացուց Ցեղասպանութեան եզրին ու գաղափարին մէջ։
Ուշագրաւ է, որ Լեմքին իրաւագիտական իր պրպտումները սկսաւ՝ թուրքերու կողմէ հարիւր հազարաւոր հայերու անպատիժ կոտորածները ուսումնասիրելով: Լեմքինի չարչրկող գլխաւոր հարցը ա՛յն էր, թէ չկար միջազգային օրէնք մը, որ դատաստանի առջեւ կանգնեցնէր ամբողջ ազգ մը սպաննելու որոշումը կայացուցած եւ մեծագոյն այդ ոճիրին պետականօրէն գործադրութիւնը հրահանգած թուրք պաշտօնատարները։
Իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելու նպատակով Գերմանիա տեղափոխուած եւ Հայտելպըրկի համալսարանը ընդունուած երիտասարդ իրաւագէտին կեանքի շրջադարձային պահը առաջացաւ 1921ին, երբ Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեան ահաբեկեց Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Թալէաթ Փաշան։ Թեհլիրեանի դատավարութեան իբրեւ իրաւագէտ խորհրդականի մասնակցելով՝ Լեմքին լծուեցաւ Թալէաթի ահաբեկման տուն տուած պատճառներուն ուսումնասիրութեան։ Մանրամասն տեղակագիր մը պատրաստելով Թալէաթ Փաշայի կազմակերպած կոտորածներուն մասին, Լեմքին յանգեցաւ այն դառն եզրակացութեան, որ դեռ գոյութիւն չունէր միջազգային որեւէ օրէնք, որ նման պետական յանցագործութեան համար դատապարտէր ոճրագործ պատասխանատուները։
Վկայութեանց համաձայն՝ թուրք ցեղասպաններու անպատիժ մնալը Լեմքինը «այնքան կը տագնապեցնեն, որ օր մը այդ մասին ան բանավէճ մը կ’ունենայ իր դասախօսներէն մէկուն հետ: Ինչո՞ւ մէկ անձի սպանութիւնը բաւարար պատճառ է ոճրագործը դատարան քշելու,- հարց կու տայ Լեմքին,- բայց անդին մէկ միլիոն անձ սպաննողը հեռու կը մնայ դատական հետապնդումէ: Դասախօսը կը պատասխանէ՝ տալով օրինակը ագարակապանի մը, որ օր մը կ’որոշէ «սպաննել» իր բոլոր հաւերը: Դասախօսը դիտել կու տայ, որ հաւերը կը պատկանին ագարակապանին, եւ անոր դրացին իրաւունք չունի բողոքելու կատարուածին մասին:
«Դասախօսներուն հետ այս եւ նմանօրինակ վէճերու անդրադառնալով՝ Լեմքին աւելի ուշ կը գրէ.- «… Այս հարցը քննարկեցի դասախօսներու հետ: Անոնք պետութիւններու գերիշխանութեան պարագան մատնանշեցին: Բայց պետութիւններու գերիշխանութիւնը,- պատասխանեցի,- կը վերաբերի անկախ կերպով արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւն մշակելու, դպրոցներ եւ ճամբաներ կառուցելու, մէկ խօսքով՝ ժողովուրդի բարօրութեան ի խնդիր գործելու: Գերիշխանութիւն չի նշանակեր միլիոնաւոր անմեղներ սպաննելու իրաւունք»:
Այս ուղղութեամբ իր ուսումնասիրութիւնները խորացնելով՝ Լեմքին 1933ին հրապարակուած իր ծաւալուն ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ նման կոտորածները անուանեց «Ոճրագործութիւն Միջազգային Օրէնքի Դէմ»։ Լեմքինի հետազօտական աշխատանքը ընդհատուեցաւ, երբ ան բանակ մեկնեցաւ 1939ին, գերմանական եւ լեհական պատերազմին հետեւանքով։ Իսկ երբ գերմանական Նացի բանակը գրաւեց Լեհաստանը, Լեմքին ապաստանեցաւ Միացեալ Նահանգներ՝ ծնողները Լեհաստան ձգելով։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ան, իբրեւ խորհրդատուի, աշխատակցեցաւ Նիւրէմպուրկի դատավարութեանց, այս անգամ արդէն նաեւ իբրեւ անձնապէս վնասուած կողմի, որովհետեւ ծնողները եւս զոհ գացած էին նացիական կեդրոնացման ճամբարներուն (concentration camps) մէջ հրեաներու դէմ իրագործուած Ողջակիզման ցեղասպանութեան։
1944ին հրատարակուած իր «Axis rule in Occupied Europe» գիրքին մէջ, Լեմքին առաջին անգամ օգտագործեց Ցեղասպանութիւն բառը եւ զայն սահմանեց իբրեւ՝ «նպատակադրուած վայրագութիւն եւ կոտորած, ամբողջ ազգ մը կամ ցեղ մը բնաջնջումի ենթարկելու արարք»։ Լեմքին յղացաւ Ցեղասպանութիւն («Genocide») այսօր արդէն հանրածանօթ եզրը՝ յունարէնի «genos» (ցեղ) եւ լատիներէնի «cide» (սպանութիւն) արմատները միահիւսելով։
Ցեղասպանութեան դատապարտման ի խնդիր իրաւապաշտպանի տենդագին ու հետեւողական պայքար ծաւալելով՝ Լեմքին ի վերջոյ յաջողեցաւ 1946ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողովի 11 Դեկտեմբերի նիստին, օրակարգի վրայ բերել համապատասխան որոշումի նախագիծ մը, որ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ՝ Միջազգային Իրաւունքի առումով դառնալով Ցեղասպանութիւնը որպէս ոճիր բնորոշող եւ անոր դատապարտումը պատժելի հռչակող առաջին միջազգային օրէնքը։
Մ.Ա.Կ.ի առաջին այդ որոշումը ամբողջացման կարիք ունէր, որպէսզի ներառէր նաեւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը եւ յանցագործ հեղինակներուն պատժումը։
Լեմքինի այդ առաջադրանքը իրականացաւ 1948ի Դեկտեմբեր 10ին, երբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը ընդունեց եւ հռչակեց Ցեղասպանութեան Ուխտագիրը։
Թէեւ Մ.Ա.Կ.ի Ուխտագիրը օրին չհաստատուեցաւ բոլոր պետութեանց կողմէ եւ նոյնիսկ մինչեւ այսօր կան մեծապետական ուժեր, որոնք դեռ չեն վաւերացուցած այդ Ուխտագիրը, բայց նոյնիսկ այդպիսիք, պարագայաբար եւ պատեհապաշտօրէն, երկու չափ, երկու կշիռ գործածելով՝ պարտաւոր կը զգան գոնէ խօսքով դատապարտելու որոշ ցեղասպանական ոճիրներ…
Մեծապետական աշխարհի այդ պատեհապաշտ վարքագիծին հետեւանքով՝ անպատիժ մնացած անցեալի ցեղասպանական յանցագործութիւնները, ինչպէս օրինակ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը, փաստօրէն խրախուսանքի աղբիւր եւ անպատժելիութեան նախադէպ կը դառնան նորանոր ցեղասպանութեանց ձեռնարկող յանցագործներու համար։
Ժամանակն է, որպէսզի Մ.Ա.Կ.ը եւ միջազգային ընտանիքը նետեն յաջորդ քայլը եւ օրէնքով պատժելի հռչակեն ցեղասպանութեանց ուրացումը՝ նոյնինքն անպատիժ մնացած ցեղասպան պետութիւններ ըլլան այդ ուրացողները (ինչպէս Թուրքիան է), թէ ըլլան այս կամ այն ցեղասպան պետութեան ի սպաս իրենց կոչումն ու առաքելութիւնը, այլեւ՝ բարոյական հեղինակութիւնը ծախու հանած միջազգային ատեաններ թէ անձնաւորութիւններ։
11 Դեկտեմբեր 1946
11 Դեկտեմբեր 1946. Մ.Ա.Կ. որդեգրեց Ցեղասպանութեան դատապարտումի որոշումը Ն.