Դարձեալ 11 Սեպտեմբեր է եւ ողջ մարդկութեան հետ հայութիւնը եւս զարհուրանքով կը յիշէ 16 տարի առաջ Նիւ Եորքի մէջ գործուած մոլեգին ահաբեկչութեան ահաւոր ողբերգութիւնը։
2001 թուականի Սեպտեմբեր 11ի այս օրը աննախընթաց բնոյթի յարձակում մը գործուեցաւ Նիւ Եորքի Համաշխարհային Առեւտուրի Կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին երկնաքեր զոյգ աշտարակներուն դէմ։
Ոչ միայն անմոռանալիօրէն ցնցիչ եղան ահաբեկչական գործողութեան ահաւորութիւնը, վայրկեանը վայրկեանին, արար-աշխարհին փոխանցող լուսանկարներն ու տեսաժապաւէնները, այլեւ` անոնց պատեհ թէ անպատեհ առիթներով շարունակական յիշեցումները, փաստօրէն, մնայուն մղձաւանջը դարձան ողջ մարդկութեան, երկրագունտի բոլոր ծագերուն։
Ժամանակակից մարդկութեան յիշողութեան պաստառին աջնջելիօրէն քանդակուած կը մնան պատկերները՝
— Դրամատիրական աշխարհի ելեւմտական հզօրութիւնը խորհրդանշող զոյգ աշտարակներուն մէջ բառացիօրէն մխրճուող օդանաւերուն։
— Երկնակամարը քերող շէնքերու բարձունքին բռնկած հրդեհներուն եւ ամբողջ հորիզոնին վրայ տարածուած ծխածածկոյթին։
— Խաւաքարտէ տուփերու պէս փլուզուող շէնքերուն եւ օգնութեան փութացող հրշէջներուն։
— Եւ փողոցի խուճապահար մարդոց շրթներուն եւ դէմքերուն յայտնուած զարհուրանքի արտայայտութիւններուն…
Նոյնպէս՝ Սեպտեմբեր 11ի ահաբեկչութեան խլած հազարաւոր զոհերուն եւ գործած քանդումին ու հասցուցած նիւթական մեծ կորուստին վերաբերեալ տեղեկութիւնները, իրենց կարգին ցնցիչ, անջնջելիօրէն դրոշմուած կը մնան մարդոց յիշողութեան մէջ։
Բայց 11 Սեպտեմբեր 2001էն 16 տարի ետք, երբ կը վերյիշենք այդ բոլորը, արդէն միայն 11 Սեպտեմբերի ողբերգութեամբ չեն սահմանափակուիր մեր մտածումներն ու ապրումները։
11 Սեպտեմբերի խլած զոհերուն ու պատճառած կորուստներուն համար ցաւելու եւ կատարուած յանցագործութիւնը դատապարտելու համընդհանուր տրամադրութեան վրայ գումարուելու կու գայ ահաւորութիւնը այն հակահարուածին, որ օրին Մ. Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմին շղթայազերծած հակա-ահաբեկչական արշաւով հասցուեցաւ թէ՛ նոյնինքն ամերիկացիներուն, թէ՛ ամբողջ աշխարհին։
Իբրեւ այդպիսին, Սեպտեմբեր 11ը պատշաճ պահն է ընդգծելու եւ դատապարտելու միջազգային ահաբեկչութեան եւ հակա-ահաբեկչութեան շարունակուող ալիքին եւ անոր մոլեգին ծայրայեղութիւններուն մասին։
Այսօր պահն է, մանաւա՛նդ, ոգեկոչելու զոհերն ու կորուստները ոչ միայն 2001ի նիւ-եորքեան ողբերգութեան, այլեւ այնուհետեւեւ մինչեւ մեր այս օրերը ամէն քայլափոխի կրկնուած նորօրինակ ահաբեկչութեանց, որոնց պատճառած ցաւն ու զարհուրանքը անդարմանելիօրէն խոր են եւ ցնցիչ։
Բայց նաեւ 11 Սեպտեմբեր 2001ի ողբերգութենէն, ներկային եւ ապագային հաշւոյն, անհրաժեշտ դասերը քաղելու պահն է այսօր, որպէսզի 21րդ դարու երկրորդ տասնամեակն ալ երեք տարիէն աւարտող ողջ մարդկութիւնը կարենայ քաղաքակիրթ միջոցներով լուծել իր կեանքն ու համերաշխ զարգացումը խանգարող բոլոր դժուարութիւններն ու հակադրութիւնները, ըլլան անոնք հասարակական, կրօնական, ազգային թէ աշխահաքաղաքական։
Այդ առումով ոսկի առիթ մը կորսնցուց ողջ մարդկութիւնը, երբ 11 Սեպտեմբեր 2001ի յանցագործութիւնը միահամուռ դատապարտանքի արժանացնելէ ետք` չկրցաւ իր միասնականութիւնը տարածել չարիքը դիմագրաւելու ճակատին վրայ եւս։
Ահաբեկչութեան հակա-ահաբեկչութեամբ պատասխանելու ամերիկեան կամակորութիւնը փաստօրէն լուսանցքային դերակատարութեան մղեց չարիքը իր արմատէն դիմագրաւելու եւ բուժելու միջազգային ողջմտութիւնը։
Մ. Նահանգներու վարչակազմը աշխարհը ուզեց բաժնել ահաբեկիչներու եւ հակա-ահաբեկիչներու ու, փաստօրէն, պարտադրեց իր կամքը անխտիր բոլորին` պայթունավտանգ պատերազմի հրդեհներ վառելով աշխարհի տարածքին քիչ մը ամէն տեղ։
Մոլեռանդ եւ անհակակշռելի ահաբեկչութեան Չարիքը արմատախիլ ընելու ողջմիտ ճամբան չ’անցնիր ամէնուր թշնամիներ փնտռելու ծայրայեղականութենէն։ Ամէն կարգի՝ կրօնամոլական թէ գաղափարամոլական, ազգայնամոլական թէ ցեղապաշտական արմատականութեան չարիքին դէմ պայքարը, յատկապէս 21րդ դարուն, կը պահանջէ ամէն կարգի անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները, քաղաքակրթական համընդհանուր գործակցութեամբ, մերձեցման առաջնորդելու եւ հարթելու ողջմտութիւնը` բառին ամէնէն ընդգրկուն եւ մարդկայնակա՛ն իմաստով։
Բայց 11 Սեպտեմբեր 2001էն ետք պատահեցաւ ճիշդ հակառակը.- Միջազգային «օրինականութիւն» ստացաւ արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան միջեւ անհաշտ պատերազմի շղթայազերծումը, որ փաստօրէն պատճառ դարձաւ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը աւելի ու աւելի հեռացնելու երկրագունդը իբրեւ իր ընդհանուր տունը ընկալելու եւ բարեկարգելու փրկարար ուղիէն։ Այդպէ՛ս` 11 Սեպտեմբեր 2001ին սկսաւ, բայց դեռ վերջ չէ գտած միջազգային մոլեռանդ ահաբեկչութեան եւ հակա-ահաբեկչութեան խելայեղ ոլորապտոյտը, որուն մէջ այսօր կը գալարուի ողջ մարդկութիւնը։
Այսօրուան երկրագունդը, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքն ու արաբական աշխարհը, ամէնօրեայ յաճախանքը կ՚ապրին մոլեռանդ ահաբեկչութեան արիւնալի, այլեւ կատաղած ուրուականին։
Քաղաքակիրթ աշխարհի ինքնակոչ «ոստիկան»ը դարձած Սպիտակ Տունը, անկախաբար Մ. Նահանգներու պետական ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժի բնոյթէն, մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ ըստ կամս հրդեհներ վառել աշխարհի չորս ծագերուն, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր կեդրոնացած է ինչպէս մահմետական աշխարհի արմատական ու ծայրայեղական ուժերուն ծանրութեան կեդրոնը, այնպէս ալ համաշխարհային տնտեսութեան քարիւղի պաշարներուն առիւծի բաժինը…
11 Սեպտեմբեր 2001էն սկսեալ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կ’ապրի խորագոյն եւ ահաւոր անձկութիւնը նոր աշխարհամարտի մը անխուսափելիութեան։
Ահաւորը այն է, որ նոյնինքն ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը փութայ զէնք ու նիւթական կռուաններ տրամադրելու կրօնամոլ արմատականութեան դիրքերէ իբր թէ «գարուն»ներ խոստացող ահաբեկչական խմբաւորումներու։ Արդէն անարդարանալիօրէն սերտաճման մէջ են, մէկ կողմէ, մոլեռանդ գաղափարախօսութեամբ հոս ու հոն սունկի պէս բուսնող ահաբեկչութեան բոյները, իսկ միւս կողմէ պետական ահաբեկչութեան վտանգը նորանոր ծայրայեղութեանց առաջնորդող երկիրներն ու կառավարութիւնները։
Ահաւոր հակասութիւն մըն է նաեւ այն իրողութիւնը, որ հակա-ահաբեկչական միջազգային գրոհի յառաջապահ դիրքերուն յայտնուած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի օրինակով պետութիւններ, որոնց հետեւողականօրէն գործած ցեղասպանական ոճիրներն ու ազգային հողի վրայ «մաքրազտման» յանցագործութիւնները դեռ չեն արժանացած համապատասխան գնահատականի, չեն ստացած միջազգային անհրաժեշտ պատասխանն ու իրաւական արդար պատիժը։
11 Սեպտեմբեր 2001ի Ողբերգութեան տարելիցը ողջ մարդկութեան հետ ոգեկոչելով՝ պահանջատէր հայութիւնը նաեւ այսօրուան եւ վաղուան հաշւոյն կ’ապրի մղձաւանջը այս աստիճան դառն ու տխուր յիշողութիւններու եւ դաժան ու զարհուրալի ապրումներու։
Ի վերջոյ մոլեռանդ ահաբեկչութեան կիզակէտին ու անհակակշռելի բոցերուն մէջ յայտնուած են Հայաստան Աշխարհն պարփակող Փոքր Ասիան, այլեւ ու մանաւանդ Հայկական Սփիւռքի բաբախուն սիրտը նկատուող Մերձաւոր Արեւելքի հայօճախներուն վերջին բեկորները։
11 Սեպտեմբեր 2001
11 Սեպտեմբեր 2001ին սանձակոտոր մոլեգնեցաւ միջազգային ահաբեկչութեան եւ հակա-ահաբեկչութեան խելայեղ ոլորապտոյտը Ն.