Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը Կիրակի՝ 20 Մայիս 2018ին, Բիրէայի Խածիքիրիաքիօ մանկանց հոգատարութեան հաստատութեան պատսպարեալներուն համար, կէսօրուան ճաշը ապահովեց՝ շնորհիւ Daily Fresh ճաշի մատակարարմամբ զբաղող յունական ընկերութեան մատուցած նուիրատուութեան:
Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը փափաքեցաւ այս ձեւով իր երախտապարտութիւնը յայտնել Խածիքիրիաքիօ հաստատութեան տնօրէնութեան, որ ամէն ամառ Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կը հիւրընկալէ Արցախէն Յունաստան այցելող պատանիները:
Վարչութիւնը շնորհակալական նամակ մը փոխանցեց Daily Fresh ընկերութեան, գնահատելով սոյն նախաձեռնութիւնը եւ յոյս յայտնելով, թէ այս բարեսիրական քայլը օրինակ կը դառնայ բոլորին ու կ’ամրապնդէ գործակցութիւնը նոյնանման նպատակներ ու ծրագիրներ ունեցող ընկերութիւններու եւ հաստատութիւններու միջեւ:
Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւն