Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ գաթայի կտրումը տեղի ունեցաւ Կիրակի 28 Յունուար 2018ին Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյս ներքնասրահին մէջ։
Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեան, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ դպրապետ Մկրտիչ Գրիգորեանի։
Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդը՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառի Սրբատառ Կոնդակը, ձօնուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին, ուր շնորհազարդ Հայրապետը կը նուիրագործէր հայրենիքի անկախ հանրապետութեան կերտիչ՝ հայ ժողովուրդի աձնուրաց զաւակներուն Մայիսեան հերոսական սխրագործութիւնը։
Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան եկեղեցւոյս ներքնասրահ՝ մասնակցելու համար 2018ի Նոր Տարուան Գաթայի կտրումին ու անոր հետեւող ճաշկերոյթին։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով ու օրհնութեամբ կատարուած գաթայի կտրումէն եւ սեղանի օրհնութենէն ետք, եկեղեցւոյ հովիւը բարի գալստեան իր խօսքով ողջունեց՝ Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանը, Ազգ. Վարչութեան ատենադպիր՝ պրն. Թագւոր Յովակիմեանը, Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ Լիզէթ Քիրազեանը, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանը, Եկեղեցւոյս բարերար՝ Պրն. Անդրանիկ Եոլճանը, Ատտիկէի եկեղեցիներու Թաղական Խորհուրդներն ու Տիկնանց Մարմինները, ինչպէս նաեւ՝ Աւետիսի շրջագայութեան մասնակցողներն ու եկեղեցւոյս սարկաւագներն ու դպիր-դպրուհիները եւ, վերջապէս՝ առ հասարակ բոլոր ներկաները։
Տէր Հայրը, շարունակելով իր խօսքը, նախ, ներկաներուն ներողամըտութիւնը խնդրեց եկեղեցւոյս Հոգաբարձութեան ատենապետին՝ Ազարիկ Եորղանճեանի բանաւոր բացակայութեան համար, որ հետեւանք էր բժշկական գործողութեան մը ենթարկուելու իրողութեան եւ ապա, շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց անոր, սպասելով որ ի մօտոյ կը վերադառնայ հոգաբարձական իր աշխատանքներուն։
Տէր Հայրը, հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք եկեղեցի-ծխային անդամներ յարաբերութեանց կարեւորութեան, ներկաները հաղորդ պահեց համեմատաբար նորակազմ Հոգաբարձութեան կիսամեայ արդիւնաշատ գործունէութեան, թուելով՝ ցարդ կատարուած հետեւեալ աշխատանքները.- 1) Մնայուն Հոգեւոր Հովիւի ապահովում. 2) Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագներու անխափան մատուցում. 3) Տիկնանց Մարմնի նշանակում. 4) Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութիւն եւ մատաղի բաշխում. 5) Եկեղեցւոյ մինչեւ վերնատուն բարձացող ներքնապատերու նորոգութիւն եւ ներկում. 6) Ամանորեան Ս. Պատարագի մատուցում եւ հիւրասիրութիւն. 7) Աւետիսի շրջագայութիւն՝ հինգ խումբերով, եւ 8) ներկայ Ամանորեան գաթայի կտրումը եւ ճաշկերոյթը։ Իսկ, կատարելի աշխատանքներու մասին յայտնեց, որ ծրագրուած է՝ 1) Եկեղեցւոյ անդամներուն տուները այցելել եւ փոխադարձ ծանօթացման առընթեր կատարել «Ընտանեկան տախտակ»ներու արձանագրութեան աշխատանքը. 2) Եկեղեցւոյս աջակողմեան եւ ձախակողմեան աւանդատուներու նորոգութիւն, ինչպէս նաեւ այլ անյետաձգելի ու անհրաժեշտ աշխատանքներ, որոնք սակայն առ այժմ կը գտնուին սաղմնային վիճակի մէջ։
Եկեղեցւոյ Հովիւը՝ եզրափակելով իր խօսքը՝ շնորհակալութեամբ գնահատեց եկեղեցւոյս պայծառութեան համար իրենց ներդրումը ունեցող անցեալ Հոգաբարձութեանց ու Տիկնանց կազմերու անդամ-անդամուհիները, բարերարներն ու նուիրատուները եւ վերջապէս բոլոր անոնք, որոնք գէթ Կիրակի օրերու հաւատարիմ ներկայութեամբ ու նաեւ՝ «Այրի կնոջ» լումաներով, մասնակից կ’ըլլան Ս. եւ Անմահ Պատարագին։
Ամանորեան գաթայի կտրումին յաջորդող ճաշատեսակներու հիւրասիրութեան, ինչպէս նաեւ հոգաբարձական աշխատանքներու զեկոյցին առթած խանդավառութեամբ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնք շնորհակալութեամբ յայտարարուեցան «Ազատ Օր»ի միջոցաւ։
Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, սոյն ձեռնարկի փակման իր խօսքի առաջին իսկ նախադասութեամբ ըսաւ.- «Սա փակման խօսք չէ՛, այլ ուրախութեա՛ն խօսք է։ Եւ ինչպէ՜ս չզգալ ու չապրի՜լ այդ ուրախութեան առթած մթնոլորտը, երբ 100ի հասնող ներկաներու բազմութիւնը ինքնին կը դառնայ վկայութիւնը եկեղեցւոյ վերաշխուժացման ու նաեւ՝ երաշխիքը ապագայ իրագործումներու»։ Սրբազան Հայրը ապա, կոչ ըրաւ բոլորին ապրելու ազգային-եկեղեցական պատկանելիութեան խոր գիտակցութեամբ։ Ապա, ներկաներու նկատառութեան յանձնեց՝ աւանդաբար մեզի հասած հետեւեալ երեք կէտերը.- ա) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անմար Կանթեղը վառ պահելու «իւղագին»ի մեր բարի սովորութիւնը. բ) Ս. եւ Անմահ Պատարագին՝ Յիսուս Քրիստոսի Վերջին Ընթրիքին, մասնակից դառնալու նուիրաբերական սովորութինը. եւ վերջապէս՝ գ) Յիսուս Մանուկի Ս. Ծննդեան Աւետաբեր Հրեշտակին օրինակով՝ «Աւետիսի շրջագայութեան» բարի սովորութիւնը։
Ապա՝ Սրբազան Հայրը, գնահատելով բոլոր ներկաներու քաջալերական արտայայտութիւնները, շնորհաւորեց 2018 թուականով բացուած նոր տարին եւ մաղթեց քաջառողջութիւն ու ազգաշէն գործերու յաջողութիւն եւ, ապա, հայրական օրհնութեամբ արձակեց ներկաները, որոնք նմանօրինակ ձեռնարկներու կրկնութեան փափաքով հրաժեշտ առին ու վերադարձան իրենց տուները։
Հ. Ք. Ն.
100ամեակի կոնդակի ընթերցում
100ամեակի կոնդակի ընթերցում, գաթայի կտրում եւ ճաշկերոյթ