ԳՐԻԳՈՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Նոր բացուող տարին՝ 2018ը յատկանշուած է գլխաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100ամեակի յոբելեանով։ Կ՚ըսեմ՝ գլխաւորաբար, որովհետեւ «Մայիս 28»ը իրականութեան մէջ իր մէջ կը ներառէ 100ամեակ տօնող բազմաթիւ դէպքեր, դէմքեր եւ հաստատութիւններ։
Այս տարի հարիւրամեակն է մասնաւորաբար հայոց պետականութեան վերականգնումին, որ արդիւնքն էր բաւական դժուար ու երկարատեւ երկունքի, երկունք՝ որ սկսաւ Զարթօնքի Շրջանով, անցնելով ազատագրական պայքարի ֆետայական շրջանի բովէն, բայց մանաւանդ այդ երկունքը ունեցաւ արեան հսկայական հեղում, տեղական ջարդերէն սկսեալ մինչեւ Կիլիկիոյ կոտորած եւ ապա համընդհանուր ցեղասպանութիւն։
Կիլիկիոյ հայկական պետականութեան անկումէն վեց դար ետք, իսկ բուն Հայաստանի հողին վրայ հայկական պետականութեան անկումէն հազար տարի ետք, հայ ժողովուրդը վերականգնեց իր պետականութիւնը՝ հռչակելով Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութիւնը, առանց որուն՝ չէին կրնար ըլլալ երկրորդ՝ խորհրդային եւ երրորդ՝ այժմու հանրապետութիւնները։
«Մայիս 28» անուան տակ ա՛յս գերագոյն արժէքի ձեռքբերումն է, որ կը տօնենք, անոր առնչուած դէպքերու, դէմքերու եւ հաստատութիւններու հարիւրամեակները տօնելով հանդերձ։
Սակայն կը նկատենք, որ թէեւ սփիւռքի մէջ լայնածաւալ աշխատանքներ կը կատարուին, զանազան ձեռնարկներու, հրատարակութիւններու եւ հանդիսութիւններու ծրագիրներ կեանքի կը կոչուին, նոյնը կարելի չէ ըսել Հայաստանի պարագային, ուր կարծես ամչկոտ կերպով կը խօսին Մայիս 28ի մասին, նոյն ընկալումը չունին այդ մեծագոյն տօնին նկատմամբ եւ համապատասխան աշխատանք չի տարուիր արժանավայել կերպով նշելու հայոց պետականութեան վերականգնումի 100ամեակը, ինչպէս, օրինակ, նշուած էր Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի համահայկական համաժողովով պիտի նշուի Հայաստանի պետականութեան վերականգնման 100ամեակը։ Այս ուղղութեամբ արդէն ստեղծուած է յանձնախումբ, որուն մաս կը կազմեն սփիւռքի զանազան շրջաններէ եւ Հայաստանէն մտաւորականներ։ Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 21-23 Մարտ 2018ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Պիտի մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններէն պետական դէմքեր, ակադեմականներ եւ հասարակական գործիչներ։
Սփիւռքի զանազան շրջաններու մէջ եւս տեղական մակարդակով եւ զանազան ձեռնարկներով պիտի նշուի 100ամեակը։ Լիբանանի մէջ երեք յարանուանութիւններու առաջնորդներու եւ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու միացեալ ճիգերով կազմուած է կեդրոնական յանձնախումբ մը, որ արժանավայել կերպով պիտի կազմակերպէ 100ամեակի ձեռնարկները։ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի եւ Քանատայի մէջ ծրագրուած են գիտաժողովներ։ Կը յուսանք որ Ֆրանսայի գաղութն ալ արժանավայել տարողութեամբ եւ համազգային մասնակցութեամբ տօնէ այս 100ամեակը։
Հայաստանի մէջ նոյն թափը չունի 100ամեակի կազմակերպման գործը։ Անշուշտ նկատի պէտք է ունենալ, որ խորհրդային շրջանին ամբողջ 70 տարի այս նիւթը թապու էր, եւ ոչ միայն արգիլուած էր Մայիս 28ին Հայաստանի անկախութեան տօնը նշել, այլ սեփական պատմութեան այդ ժամանակահատուածը ընդհանրապէս կղպանքի տակ էր, իսկ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացուէր որպէս հայրենիքի թշնամի։ Անոնք, որոնք խորհրդային շրջանի այդ սեւ քարոզչութեան կրողը եղած են, «բնական է» որ դժուարութիւն ունենան ընդունելու 100ամեակի արժանաւոր տարողութեամբ նշումը, այն աստիճան՝ որ նոյնիսկ վէճի առարկայ դառնայ Արամ Մանուկեանի արձանին համար արժանապատիւ տեղի ճշդումը։
Հայաստանի ժողովուրդը ծանօթ չէր հայոց պետականութեան վերականգնումը իրագործող ազգային ու պետական գործիչներուն։ Այդ պատճառով է, որ Արամի անունը իր շիրիմին նման շուքի մէջ մնացած էր։
Հայաստանի պետութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ պէտք է նախաձեռնէ 100ամեակի տօնակատարութեան, որպէսզի առիթը օգտագործելով լայնօրէն իրազեկ դարձնէ հայրենի ժողովուրդը Հանրապետութեան պատմութեան։
Այսօր պէտք է յաղթահարել խորհրդային շրջանի այդ քաղաքական բարդոյթը, պէտք է Մայիս 28ը որդեգրել որպէս համազգային տօն։ Կը յուսանք, որ Լիբանանի նման՝ սփիւռքի ամբողջ տարածքին երեք յարանուանութիւններն ու երեք կուսակցութիւնները միասնաբար կազմակերպեն Մայիս 28ի հարիւրամեակի արժանավայել նշումը։
Իսկ հայոց պետականութիւնը ներկայացնող Հայաստանի դեսպանատուներէն կը սպասենք, որ դրօշակիրը դառնան հայոց պետականութեան վերականգնման 100ամեակի արժանավայել տօնակատարութիւններու կազմակերպման։