Յունիս 28ին կայացած մամուլի ասուլիսին՝ Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարած է, թէ վերջին տասը օրերուն Ատրպէյճանի զինուժը կորսնցուցած է 8 զինծառայող:
«Հաստատուած տուեալներով` 10 օրուան ընթացքին ատրպէյճանական կողմը տուած է 8 զոհ: Չհաստատուած տուեալներով` զոհերուն թիւը աւելին է»,- նշած է նախարարը` պարզաբանելով, որ երկրորդ պարագային խօսքը յաջողութեամբ իրականացուած պատժիչ գործողութիւններու մասին է, սակայն ատոնց հետեւանքով եղած զոհերու մասին յստակ տուեալներ չկան: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am։
Նախարարին խօսքով` զոհուած ատրպէյճանցի զինծառայողները չեն յուղարկաւորուած եւ ատրպէյճանական մամուլին մէջ անոնց մասին տուեալներ չկան:
10 օրերուն Ատրպէյճանը կորսնցուցած է 8 զինծառայող
«Վերջին 10 օրերուն Ատրպէյճանի զինուժը կորսնցուցած է 8 զինծառայող»,- կը յայտնէ Վիգէն Սարգսեան