10 ­Յու­լի­սին, 1841ին, թուր­քե­րը հրկի­զե­ցին Զ­միւռ­նիա քա­ղա­քին հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սը։
Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­րեւմտեան ա­փին՝ նա­ւա­հան­գիստ այդ քա­ղա­քը իր ժա­մա­նա­կին մի­ջազ­գա­յին ա­ռեւ­տու­րի ա­մէ­նէն ե­ռուն կեդ­րոն­նե­րէն էր, իր կա­րե­ւո­րու­թեամբ եւ գոր­ծառ­նու­թեանց ծա­ւա­լով միայն ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ կը զի­ջէր։
Իսկ 1841ի վի­ճա­կագ­րա­կան տո­ւեալ­նե­րով՝ Զ­միւռ­նիա­յի 200.000 բնակ­չու­թեան հա­զիւ 43 տո­կո­սը թուրք կամ թրքա­խառն էին։ Ա­ւե­լի քան 45 տո­կո­սը յոյ­ներ ու հա­յեր էին։ ­Կա­յին նաեւ շուրջ 10 տո­կոս հրեա­ներ, ո­րոնց ա­ռեւտ­րա­կան եւ հո­գեմ­տա­ւոր կեդ­րո­նաց­ման հռչա­կա­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը դար­ձած էր շեշ­տա­կիօ­րէն եւ­րո­պա­կան դի­մա­գիծ ու­նե­ցող Զ­միւռ­նիան։
­Թէեւ հա­յոց պատ­մու­թեան ար­դի շրջա­նի ժա­մա­նա­կագ­րու­թեանց մէջ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը յի­շա­տա­կո­ւի 10 ­Յու­լիս 1841ի Զ­միւռ­նիոյ հրդե­հը՝ իբ­րեւ քա­ղա­քի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին դէմ թուր­քե­րու գոր­ծած ա­նարգ ո­ճի­րը, այ­սու­հան­դերձ՝ ցա­նու­ցիր յի­շա­տա­կու­թիւն­նե­րէ ան­դին անց­նող եւ հա­կա­հայ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան սպա­ռիչ տե­ղե­կագ­րումն ու ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րող սպա­ռիչ գրա­կա­նու­թեան դժո­ւար է հան­դի­պիլ։
Ա­ւե­լի՛ն. անգ­լիա­ցի թէ ա­մե­րի­կա­ցի ճա­նա­պար­հորդ­նե­րու, մի­սիո­նար­նե­րու եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան կազ­մի աշ­խա­տա­կից­նե­րու կող­մէ բա­զում վկա­յու­թիւն­ներ կան 10 ­Յու­լիս 1841ի Զ­միւռ­նիոյ հրդե­հին մա­սին, նաեւ՝ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին մէջ բռնկած ըլ­լա­լու փաս­տին վե­րա­բե­րեալ։
­Նոյ­նիսկ թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րը ի­րենք եւս կը վկա­յեն, որ ծանր կո­րուստ­ներ պատ­ճա­ռած է 10 ­Յու­լիս 1841ին պա­տա­հած հրդե­հը։ ­Բայց թրքա­կան այդ աղ­բիւր­նե­րը բնա­կան ա­ղէ­տի կը վե­րագ­րեն պա­տա­հա­ծը՝ ընդգ­ծե­լով հան­դերձ, որ ա­ւե­լի քան 12.000 բնա­կա­րան­նե­րու հրոյ ճա­րակ քան­դու­մին եւ 20.000 բնա­կի­չի ա­նօ­թե­ւան եւ ան­պատս­պար մնա­լուն պատ­ճառ դար­ձաւ հրդե­հը։
«Հ­րէա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րան»ի է­լեկ-տ­րո­նա­յին կայ­քէ­ջը եւս կը ձայ­նակ­ցի թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րուն՝ ար­ձա­նագրո­ւած վնա­սին ու քան­դու­մին մա­սին միեւ­նոյն տո­ւեալ­նե­րը ներ­կա­յացնե­լով, բայց միա­ժա­մա­նակ նաեւ ձայ­նակ­ցե­լով թրքա­կան այն յե­րիւ­րան­քին եւ պատ­մա­կան նեն­գա­փո­խու­մին, թէ՝ քա­ղա­քի ա­ռա­ւե­լա­բար թրքա­կան եւ հրէա­կան թա­ղա­մա­սե­րը… զոհ գա­ցին բնա­կան այդ ա­ղէ­տին։
­Պէտք չէ զար­մա­նալ, որ թրքա­կան եւ հրէա­կան աղ­բիւր­նե­րը այդ­պէս գլխի­վայր շրջո­ւած կը ներ­կա­յաց­նեն 10 ­Յու­լիս 1841ի Զ­միւռ­նիա­յի հրդե­հին պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը։ ­Յատ­կա­պէս թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րը յա­տուկ պատ­ճառ ու­նին 1841ի հրդե­հը այդ­պէ՛ս՝ իբ­րեւ ար­կած եւ իբ­րեւ ա­ռա­ւե­լա­բար թուր­քերն ու հրեա­նե­րը պա­տու­հա­սող ա­ղէտ ներ­կա­յաց­նե­լու, ո­րով­հե­տեւ պե­տա­կան պաշ­տօ­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­ծած են ­Սեպ­տեմ­բեր 1922ի Զ­միւռ­նիոյ ­Մեծ Հր­դե­հին պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան խե­ղա­թիւ­րու­մը…
Երբ ան­հեր­քե­լի եւ ան­վի­ճե­լի ա­պա­ցոյց­նե­րով տե­ղե­կագ­րո­ւած 1922ի Հր­դե­հը ո­րո­շած են աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նել իբ­րեւ յոյ­նե­րու եւ հա­յե­րու ձե­ռամբ գոր­ծո­ւած հրձի­գու­թիւն՝ այ­լեւս ին­չո՛ւ եւ ինչ­պէ՛ս զար­մա­նալ, որ 10 ­Յու­լիս 1841ին Զ­միւռ­նիոյ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին հրկի­զու­մը թուր­քե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն իբ­րեւ բնա­կան ա­ղէտ, այդ ալ իբ­րեւ ա­ռա­ւե­լա­բար թրքա­կան եւ… հրէա­կան թա­ղա­մա­սե­րուն վնաս հաս­ցու­ցած պա­տու­հա­սի։
Ե­թէ յոյ­նե­րու պա­րա­գա­յին թե­րեւս կա­րե­լի է բա­ցատ­րու­թիւն գտնել, թէ ա­նոնք ին­չո՛ւ անհ­րա­ժեշտ չա­փով լու­սար­ձա­կի տակ չեն առ­ներ 1841ի հրդե­հը, ո­րուն յու­նա­կան թա­ղա­մա­սե­րուն պատ­ճա­ռած վնա­սը այն­քան ալ յի­շար­ժան չէ ե­ղած, նոյ­նը կա­րե­լի չէ ը­սել, սա­կայն, հա­յե­րուս պա­րա­գա­յին։ Ար­դա­րա­ցում չի կրնար ու­նե­նալ, օ­րի­նակ, ­Հայ­կա­կան ­Սո­վե­տա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րա­նը, որ «Իզ­միր» ա­նու­նին տակ ներ­կա­յա­ցու­ցած է Զ­միւռ­նիոյ հա­յե­րու պատ­մա­կա­նը, ա­ռանց յի­շա­տա­կե­լու 1841ի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին հրկի­զու­մը։ Ոչ ալ բա­ցատ­րու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ 2002ի ­Նո­յեմ­բե­րին ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի հա­յա­գի­տա­կան բա­ժան­մուն­քին կող­մէ Զ­միւռ­նիա­յին նո­ւի­րո­ւած սե­մի­նա­րին թոյ­լատ­րած նոյն­պի­սի ան­տե­սու­մը. հա­կա­ռակ սե­մի­նա­րի յար­գար­ժան եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր զե­կու­ցա­բեր­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան զե­կոյց­նե­րուն, մա­նա­ւանդ 1922ի Ող­բեր­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ սպա­ռիչ տո­ւեալ­նե­րուն, ոչ մէկ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նա­ցած է 1841ի հրդե­հը։
­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի եւ ­Հա­յոց դէմ գոր­ծո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը թրքա­կան խե­ղա­թիւ­րում­նե­րուն դէմ պաշտ­պա­նե­լու ի­րա­զեկ­ման եւ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան բա­ցա­յայտ­ման ընդ­հա­նուր պայ­քա­րի ծի­րին մէջ, կա­րե­ւո­րու­թեամբ նկա­տի պէտք է առ­նել, տե­ղե­կագ­րել եւ ըստ ար­ժան­ւոյն քա­ղա­քա­կան գնա­հա­տա­կան տալ նաեւ 1841ին թուր­քե­րու ձե­ռամբ Զ­միւռ­նիոյ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սի հրկի­զու­մին։
­Յատ­կա­պէս քա­ղա­քա­կան գնա­հա­տա­կա­նի ա­ռու­մով պէտք է բա­ցա­յայ­տել, թէ թուր­քե­րը ին­չո՛ւ դի­մե­ցին Զ­միւռ­նիա­յի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սը հրկի­զե­լու քայ­լին։
­Ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կա­րե­ւոր է։
1839ին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Թան­զի­մա­թը (բա­րե­նո­րո­գում­ներ), որ ա­տե­նի Եւ­րո­պա­յի «հի­ւանդ մար­դու»ն­ ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նը դան­դա­ղեց­նե­լու յու­սա­հա­տա­կան քայլ մըն էր։ ­Սուլ­թանն ու իր պա­լա­տա­կան­նե­րը, յատ­կա­պէս ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ հո­գա­տա­րու­թեան ներ­քոյ, ա­կա­մայ հա­մա­կեր­պե­ցան ­Թան­զի­մա­թի բա­րե­կար­գում­նե­րուն, ո­րոնք բո­լոր օս­ման­ցի­նե­րու մի­ջեւ, ա­ռանց կրօն­քի եւ ազ­գի խտրու­թեան, օ­րէն­քի առ­ջեւ հա­ւա­սա­րու­թիւն եւ ինչ­քի ի­րա­ւունք ու ա­պա­հո­վու­թիւն կը խոս­տա­նա­յին։ ­Սուլ­թա­նա­կան եւ իշ­խա­նա­ւո­րա­կան նմա­նօ­րի­նակ հա­մա­կեր­պու­մի պատ­րաստ չէին, սա­կայն, ոչ միայն թուրք ու քիւրտ ամ­բո­խա­յին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ հայ եւ յոյն վա­ճա­ռա­կան­նե­րու եւ յա­ջո­ղած ար­հես­տա­ւոր­նե­րու մրցա­կից թուր­քե­րը։ ­Յատ­կա­պէս ­Պոլ­սոյ եւ Զ­միւռ­նիա­յի նման վա­ճա­ռա­կա­նա­կան, ա­ռեւտ­րա­կան եւ ար­հես­տա­ւո­րա­կան մեծ կեդ­րոն­նե­րուն մէջ, օ­րէն­քի առ­ջեւ հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը լրջօ­րէն կը սպառ­նար սանձ դնե­լու թրքա­կան օ­րի­նա­զան­ցում­նե­րուն՝ հա­մե­մա­տա­բար ա­զատ ու ի­րա­ւա­հա­ւա­սար մրցա­պայ­քա­րի պայ­ման­ներ ա­ռա­ջաց­նե­լով։
­Կա­րե­լի չէ բա­ցա­ռել, հե­տե­ւա­բար, որ 1841ի Զ­միւռ­նիոյ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին հրկի­զու­մը կրնար հե­տե­ւան­քը ըլ­լալ թրքա­կան այ­դօ­րի­նակ հա­կազ­դե­ցու­թեան՝ ­Թան­զի­մա­թի հռչա­կու­մին։
1841ը նաեւ յու­նա­կան ապս­տամ­բու­թեանց տա­րեգ­րու­թեան մէջ յի­շա­տա­կե­լի թո­ւա­կան է։ ­Թէեւ օս­մա­նեան բա­նա­կը կա­րո­ղա­ցաւ ճզմել յու­նա­կան ապս­տամ­բու­թիւ­նը, բայց ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ա­լի­քը ­Յու­նաս­տա­նէն կը տա­րա­ծո­ւէր նաեւ դէ­պի հիւ­սիս՝ դէ­պի ­Պալ­քան­ներ, ո­րոնց ըմ­բոս­տաց­ման խլրտում­նե­րը եւ, մա­նա­ւանդ, դէ­պի Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ներ­քին գա­ւառ­ներ տա­րա­ծու­մը ի­րենց սաղ­մին մէջ խեղ­դե­լու ա­ռու­մով՝ կան­խազ­գու­շա­կան ազ­դա­րա­րու­թիւն մը պի­տի ըլ­լար Զ­միւռ­նիոյ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին հրկի­զու­մը։
Ա­մէն պա­րա­գա­յի, հայ պատ­մա­բան­նե­րու ճի­տին պարտքն է ճշմար­տու­թեան լու­սա­բա­նու­մը։
­Մա­նա­ւանդ որ 1841ին Զ­միւռ­նիոյ հա­յու­թիւ­նը կը գտնո­ւէր իր զար­գաց­ման բարձ­րա­կէ­տին՝ իբ­րեւ կա­րե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը թէ՛ հայ մշա­կոյ­թի ծաղ­կու­մին, թէ՛ հայ գոր­ծա­րար եւ ձեռ­նե­րէց խա­ւի յա­ջո­ղու­թեանց։
­Մին­չեւ 1260ա­կան թո­ւա­կան­նե­րը կ­’եր­կա­րին Զ­միւռ­նիոյ մէջ հա­յե­րու ներ­կա­յու­թեան եւ հայ­կա­կան հո­գեմտա­ւոր կո­թող­նե­րու վե­րա­բե­րեալ յի­շա­տա­կու­թիւն­նե­րը։ Իսկ ­Շահ Աբ­բաս Ա­ռա­ջի­նի հրա­հան­գած բռնա­գաղ­թէն ետք, 1605ին, ա­ւե­լի քան հա­զար հայ ըն­տա­նիք­ներ, ­Նա­խի­ջե­ւա­նէն, Ե­րե­ւա­նէն եւ ­Ղա­րա­բա­ղէն գաղ­թած են դէ­պի Զ­միւռ­նիա։ ­Նաեւ 18րդ ­դա­րա­վեր­ջին, Ա­ղա ­Մեհ­մէտ ­Խա­նի ար­շա­ւան­քէն յե­տոյ, Աշ­տա­րա­կէն, Օ­շա­կա­նէն եւ յա­րա­կից շրջան­նե­րէն ա­ւե­լի քան 300 հայ ըն­տա­նիք­ներ գաղ­թած ու հաս­տա­տո­ւած են Զ­միւռ­նիա։ ­Նո­րեկ հա­յե­րու այդ հոս­քը, գոր­ծա­րա­րու­թեան եւ ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան մրցա­կից նոր ու­ժի ա­ռա­ջա­ցու­մով, բնա­կա­նա­բար պի­տի մտա­հո­գէր Զ­միւռ­նիոյ հին բնա­կիչ­նե­րը։ ­Բայց այս վեր­ջին­նե­րէն միայն եւ յատ­կա­պէս թուր­քը կրնար մտա­ծել, որ Զ­միւռ­նիոյ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին հրկի­զու­մով ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար դի­մադ­րե­լու հա­յե­րու… մրցու­նա­կու­թեան։
­Վեր­ջին հա­շո­ւով՝ 10 ­Յու­լիս 1841ի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սի հրկի­զու­մով, Զ­միւռ­նիան ապ­րե­ցաւ ա­հա­ւոր նա­խեր­գան­քը ութ­սուն տա­րի յե­տոյ ի­րեն վե­րա­պա­հո­ւած մեծ ող­բեր­գու­թեան՝ ­Սեպ­տեմ­բեր 1922ի ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ բար­բա­րո­սու­թեան, որ չբա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ միայն քա­ղա­քի հրկի­զու­մով, այ­լեւ հա­զա­րա­ւոր­նե­րով ան­պաշտ­պան յոյն եւ հայ բնակ­չու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի ծով թա­փեց ու ջրա­մոյն սպան­դի են­թար­կեց։