Ապ­րիլ 10ի օ­րը, 79 տա­րի ա­ռաջ, ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ սուրբ կեդ­րոն Ս. Էջ­միած­նի մէջ, հայ չե­կիստ­ներ խեղ­դա­մահ սպան­նե­ցին Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Խո­րէն Ա. ­Մու­րադ­բէ­կեան (Տփ­ղի­սե­ցի) ­Կա­թո­ղի­կո­սը։
­Վեր­ջին ա­ւե­լի քան 25 տա­րի­նե­րուն, Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի ժայթ­քու­մէն եւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մէն աս­դին, պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու ա­զատ հրա­պա­րակ­ման պայ­ման­նե­րուն մէջ, տա­կաւ կը բա­ցա­յայ­տո­ւին մութ ծալ­քե­րը Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի տմար­դի սպա­նու­թեան այդ ան­լուր ող­բեր­գու­թեան։
Եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ խորհր­դա­յին աղ­բիւր­նե­րը լռու­թիւն պա­հե­ցին ­Հա­յուն ­Հա­ւատ­քը խա­չե­լու չե­կա­յա­կան այդ սրբապղ­ծու­թեան դէմ։ ­Պաշ­տօ­նա­պէս քո­ղար­կե­ցին ճշմար­տու­թիւ­նը եւ փոր­ձե­ցին մու­թի մէջ պա­հել պատ­մա­կան այն ա­հա­ւոր փաս­տը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր գլխատ­ման Ս­տա­լի­նեան տխրահռ­չակ մաք­րա­գոր­ծում­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Խո­րէն Ա. Տփ­ղի­սե­ցիի խեղ­դա­մահ սպա­նու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցաւ 1930ա­կան­նե­րու երկ­րորդ կի­սուն գոր­ծո­ւած խորհր­դա­յին­նե­րու մեծ ո­ճի­րին ծան­րա­գոյն ա­րար­նե­րէն մէ­կը։
­Միայն սփիւռ­քեան մա­մու­լի է­ջե­րուն եւ ո­րո­շա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մօտ կանգ­նած շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ օ­րին մեր­կա­ցո­ւե­ցաւ, մեր ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ եւ դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ գոր­ծո­ւած սրբապղ­ծու­թիւ­նը։ Ո­րո­շա­պէս ա­տե­նի Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ատր­պա­տա­կա­նի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Ներ­սէս Արք. ­Մե­լիք-­Թան­գեա­նին կող­մէ բա­ցա­յայ­տո­ւե­ցաւ, որ 10 Ապ­րիլ 1938ի լուս­ցող գի­շե­րը, չե­կիստ­ներ մուտք գոր­ծած էին ­Խո­րէն Ա. ­Մու­րադ­բէ­գեա­նի Ս. Էջ­միած­նի ննջա­սե­նեա­կը եւ իր սնա­րին մէջ խեղ­դա­մահ ը­րած ­Հա­յոց ­Վե­հա­փա­ռը։
­Դա­ժան ժա­մա­նակ­ներ էին. ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը եր­կա­թէ վա­րա­գոյր­նե­րով աշ­խար­հէն կտրո­ւած մեծ ճամ­բար մըն էր. նոյն ճա­կա­տագ­րին են­թար­կո­ւած էր Խ. ­Միու­թեան լու­ծին տակ ին­կած ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նը եւս, ուր թա­փան­ցե­լու եւ եր­կա­թէ վա­րա­գոյ­րի ե­տին կա­տա­րո­ւող բռնու­թեանց մա­սին քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը ի­րա­զե­կե­լու կամ լու­սա­բա­նե­լու ան­յաղ­թա­հա­րե­լի դժո­ւա­րու­թիւն կը դի­մագ­րա­ւէին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւու­թեան ոչ միայն խորհր­դա­յին, այ­լեւ ար­տա­սահ­մա­նեան մի­ջոց­ներն ու մա­մու­լը։
Ն­ման տե­ղե­կա­տո­ւա­կան շրջա­փակ­ման պայ­ման­նե­րուն մէջ, խորհր­դա­յին­նե­րը բնա­կան մա­հո­ւան վե­րագ­րե­ցին ­Խո­րէն Ա­ռա­ջին ­Մու­րադ­բէ­կեան ­Վե­հա­փա­ռի վախ­ճա­նու­մը։ Այդ­պի­սով ալ թե­րեւս փա­կո­ւէր թղթած­րա­րը։ ­Բայց ո­րով­հե­տեւ նոյն շրջա­նին խորհր­դա­յին­նե­րը ձեռ­նար­կած էին տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր պարս­կահ­պա­տակ­ներ զան­գո­ւա­ծա­բար ­Հա­յաս­տա­նէն վտա­րե­լու քայ­լին, ա­նոնց շար­քին դնե­լով պարս­կահ­պա­տակ հա­յե­րը եւս, ա­կա­մայ ար­տօ­նած ե­ղան նաեւ տե­ղե­կու­թեանց ան­հա­կակշ­ռե­լի հոս­քը դէ­պի ար­տա­սահ­ման։ ­Թաւ­րիզ հաս­նող պարս­կա­հայ վտա­րան­դի­նե­րը ա­կա­նա­տե­սի եւ ա­կան­ջա­լու­րի ի­րենց վկա­յու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­ցին Ատր­պա­տա­կա­նի ­Հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ ­Ներ­սէս Արք. ­Մե­լիք-­Թան­գեա­նին։
Իսկ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ քա­ջա­րի այդ հո­վի­ւը նման սրբապղ­ծու­թիւ­նը ո՛չ նե­րողն էր, ոչ ալ այդ մա­սին լուռ մնա­ցող էր…
­Շու­տով ­Փա­րի­զի մէջ հրա­պա­րա­կո­ւե­ցաւ եւ սփիւռ­քա­հայ բո­լոր հա­յօ­ճախ­նե­րուն մէջ ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գանգ գտաւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Հայ­րա­պե­տի նա­հա­տա­կու­թեան գոյ­ժը։
­Կա­տա­րո­ւա­ծը քա­ղա­քա­կան ո­ճիր էր, ըստ էու­թեան՝ պե­տա­կան ա­հա­բեկ­չու­թիւն։
Ս­տա­լի­նի եւ ­Բե­րիա­յի մա­կա­նին տակ շար­ժող խորհր­դա­յին ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս գե­րե­վա­րո­ւած այլ ազ­գե­րու պա­րա­գա­յին, նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ փոր­ձեց եւ ա­մէ­նէն բիրտ մի­ջոց­նե­րով ա­նընդ­հատ ա­ռաջ քշեց խորհր­դայ­նաց­մա՛ն իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Շա­րու­նակ փոր­ձեց ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան մէջ գտնել ինչ¬որ «ազ­գայ­նա­կան», «պուր­ժո­ւա» եւ մա­նա­ւանդ… «դաշ­նա­կիստ» տարր մը, ո­րուն ար­մա­տա­խիլ պո­կու­մը եւ մո­լե­գին մաք­րա­գոր­ծու­մը պե­տա­կան եւ, այս­պէս կո­չո­ւած, կու­սակ­ցա­կան իր շա­հե­րուն գե­րա­գոյն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը հռչա­կեց։
­Քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան այ­դօ­րի­նակ մո­լեգ­նու­թեան հե­տե­ւան­քով էր, ա­հա՛, որ խորհր­դա­յին­նե­րը դի­մե­ցին նաեւ ­Հա­յուն ­Հա­ւատ­քը խա­չե­լու քայ­լին՝ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց Ազ­գըն­տիր ­Կա­թո­ղի­կո­սը խեղ­դա­մահ սպան­նե­լու սրբապղ­ծու­թեան։
Ա­ռանձ­նա­կի դրո­ւագ մը չե­ղաւ ­Խո­րէն Ա. ­Մու­րադ­բէ­կեա­նի սպա­նու­թիւ­նը։ ­Զայն կան­խե­ցին ոչ միայն քան­դումն ու սրբապղ­ծու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի թէ շրջան­նե­րու հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, այ­լեւ՝ հա­րիւր­նե­րով ձեր­բա­կա­լու­թիւնն ու տաս­նեակ­նե­րով գնդա­կա­հա­րու­թիւ­նը գոր­ծող հայ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու։
Ք­րեմ­լին ո­րո­շած էր խորհր­դա­յին աշ­խար­հի տա­րած­քին վերջ տալ Ե­կե­ղեց­ւոյ գո­յու­թեան՝ միայն խորհր­դան­շա­կան կեդ­րոն­նե­րու գո­յա­տե­ւու­մը ար­տօ­նե­լով, այն ալ պայ­մա­նաւ, որ ա­նոնք ամ­բող­ջա­պէս խորհր­դա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հլու-հնա­զանդ ու կա­մա­կա­տար սպա­սար­կու­նե­րը դառ­նա­յին։
­Քա­ղա­քակր­թու­թեան ճա­կա­տին ա­մօ­թի խա­րան դար­ձած խորհր­դա­յին այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան զոհ գնաց եւ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Նա­հա­տակ ­Հայ­րա­պե­տը ե­ղաւ ­Խո­րէն Ա. ­Մու­րատ­բէ­կեան Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը։
Այ­սօր ար­դէն հայ­րե­նաբ­նակ հա­յու­թիւ­նը եւս ար­ժա­նին կը մա­տու­ցա­նէ ­Նա­հա­տակ ­Հայ­րա­պե­տին։ Ինչ­պէս Ս. Էջ­միած­նի Ար­խիւ­նե­րուն, նոյն­պէս եւ Հ.Հ. ­Պե­տա­կան Ար­խի­ւի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կող­մէ տա­կաւ լու­սար­ձա­կի տակ կը բե­րո­ւին ­Նա­հա­տակ ­Հայ­րա­պե­տին ե­ղե­րա­կան վախ­ճա­նին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ու ծալ­քե­րը։
Իսկ քա­նի մը օր ա­ռաջ, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս 6 Ապ­րի­լը հռչա­կեց «հա­մայ­նա­վա­րա­կան բռնա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն հա­լա­ծո­ւած եւ նա­հա­տա­կո­ւած հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու յի­շա­տա­կի օր»։
Այժմ ար­դէն ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րով ամ­բող­ջա­ցած է ազ­գա­յին դէմ­քը ­Խո­րէն Ա. ­Մու­րադ­բէ­կեան ­Կա­թո­ղի­կո­սի, իբ­րեւ Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի ար­ժա­նա­ւոր ­Քաջ ­Հո­վի­ւի, որ խի­զա­խա­բար ընդ­դի­մա­ցաւ խորհր­դա­յին ճնշում­նե­րուն եւ, կեան­քի գնով, մին­չեւ վեր­ջին շունչ մեր­ժեց տե­ղի տալ խորհր­դա­յին կայ­սե­րա­պե­տու­թեան ծա­ռա­յե­լու պար­տադ­րան­քին առ­ջեւ։
Ա­լեք­սանդր ­Յով­հան­նէ­սի ­Մու­րադ­բէ­կեան էր ա­ւա­զա­նի ա­նու­նը հա­յոց ­Նա­հա­տակ ­Հայ­րա­պե­տին։ Ծ­նած էր 8 ­Դեկ­տեմ­բեր 1873ին, ­Թիֆ­լիս։ Ա­ւար­տած էր տեղ­ւոյն ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նը եւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւած էր ­Զո­ւի­ցե­րիոյ հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ։ 1897ին, վե­րա­դառ­նա­լով ­Թիֆ­լիս, եր­գի ու­սու­ցիչ կար­գո­ւած էր ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ 1901ին ձեռ­նադ­րո­ւած էր սար­կա­ւագ, ա­պա նոյն տա­րո­ւան ­Դեկ­տեմ­բե­րին՝ ա­բե­ղայ։
Ազ­գա­յին-հո­գե­ւո­րա­կան քաջ հո­վի­ւի ծա­ռա­յու­թիւն մը ե­ղաւ ­Խո­րէն Ա­ռա­ջի­նի ե­կե­ղե­ցա­կան ողջ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ 1902ին վար­դա­պետ ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի կող­մէ եւ ­Յու­նիս 1903ին, երբ վրայ հա­սան հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման ցա­րա­կան հրա­մա­նագ­րի դժո­ւար օ­րե­րը, ­Խո­րէն ­Վար­դա­պետ ա­ռա­ջին­նե­րէն ե­ղաւ, որ գլու­խը կանգ­նե­ցաւ հա­յոց հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ըմ­բոս­տա­ցու­մին։ Իր այդ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ եւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Ռու­սաս­տա­նի Օ­րեոլ քա­ղա­քը
1905ին վե­րա­դար­ձաւ աք­սո­րէն եւ վե­րա­նո­րոգ թա­փով լծո­ւե­ցաւ հո­գե­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան։ 1907ին, Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի կոն­դա­կով, ­Խո­րէն ­Վար­դա­պետ ընդ­հա­նուր բա­րե­կար­գիչ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Նոր ­Պա­յա­զէ­տի եւ ­Ծաղ­կա­ձո­րի շրջա­նի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ իր ծա­ւա­լած ազ­գա­յին¬հո­գե­ւո­րա­կան անձ­նուէր գոր­ծու­նէու­թեան առ ի գնա­հա­տանք՝ Ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ1909ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին։
Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տին, հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րու վի­րա­ւոր զի­նո­ւոր­նե­րուն եւ ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն հո­գա­տա­րու­թեան փու­թա­ցող Ե­րե­ւա­նի ­Թե­մի Եղ­բայ­րա­կան Օգ­նու­թեան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­ձեռ­նողն ու նա­խա­գա­հը ե­ղաւ։
1917ին վճռո­րոշ դեր կա­տա­րեց Ե­րե­ւա­նի ­Հայ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի ստեղծ­ման եւ գոր­ծու­նէու­թեան մէջ, մեծ նպաստ բե­րե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կերտ­ման հե­րո­սա­մարտ­նե­րուն մեր ժո­ղո­վուր­դի ո­գե­ւոր­ման գոր­ծին։
­Հա­մազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ո­գիով սնած ու գոր­ծած հե­ղի­նա­կու­թիւն էր ար­դէն ­Խո­րէն Ե­պիս­կո­պոս՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին։ Իր այդ հան­գա­ման­քով ալ ա­ռա­քո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, որ­պէս­զի մեր­ձե­ցում եւ հա­մե­րաշխ գոր­ծակ­ցու­թիւն ա­ռա­ջաց­նէր ­Խա­ղա­ղու­թեան ­Վե­հա­ժո­ղո­վին հայ­կա­կան պա­հանջ­նե­րը ներ­կա­յաց­նող հայ­կա­կան զոյգ՝ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի եւ ­Պօ­ղոս ­Նու­պար փա­շա­յի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեանց մի­ջեւ։
1920ի ­Դեկ­տեմ­բեր 11ին, օ­րո­ւան Ա­մե­նայն ­Հա­յոց կա­թո­ղի­կոս ­Գէորգ Ե. ­Սու­րէ­նեան­ցի կոն­դա­կով, ­Խո­րէն Ե­պիս­կո­պոս ար­ժա­նա­ցաւ Ար­քու­թեան տիտ­ղո­սին, իսկ 1923ի ­Մարտ 4ին ընտ­րո­ւե­ցաւ Ս. Էջ­միած­նի ­Հո­գե­ւոր ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ եւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի տե­ղա­պահ։
­Խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տատ­ման ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն իսկ, ­Խո­րէն Ար­քե­պիս­կո­պոս բուռն պայ­քար մղեց ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ դէմ կա­տա­րո­ւող պոլ­շե­ւի­կեան ոտնձ­գու­թեանց դէմ։ ­Հա­կա­ռակ իր դէմ ծա­ւա­լած հե­տե­ւո­ղա­կան հա­լա­ծանք­նե­րուն, իր վա­յե­լած ան­բա­սիր հե­ղի­նա­կու­թեամբ, ­Խո­րէն Ար­քե­պիս­կո­պոս կրցաւ դի­մագ­րա­ւել ա­մէն կար­գի ճնշում­նե­րը եւ 1932ին, երբ նաեւ օ­րո­ւան իշ­խա­նու­թեան ղե­կա­վար Ա­ղա­սի ­Խան­ջեա­նի հետ սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւն հաս­տա­տած էր ի նպաստ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ պահ­պան­ման եւ պաշտ­պա­նու­թեան, ­Գէորգ Ե. ­Կա­թո­ղի­կո­սի վախ­ճա­նու­մէն ետք ­Խո­րէն Ա­ռա­ջին ­Մու­րադ­բէ­գեան ընտ­րո­ւե­ցաւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս։
­Բայց խորհր­դա­յին խոր­շա­կը ոչ մէկ սրբու­թիւն կը ճանչ­նար եւ Ա­ղա­սի ­Խան­ջա­նին հետ «կե­րաւ» գլու­խը նաեւ հա­յոց ազ­գըն­տիր կա­թո­ղի­կո­սին։
Ան­շուշտ Ք­րեմ­լի­նի հա­շիւ­նե­րը շատ ան­դին կ­’անց­նէին ­Խո­րէն Ա­ռա­ջին ­Հայ­րա­պե­տի կամ Ա­ղա­սի ­Խան­ջեա­նի ան­ձե­րէն եւ ա­նոնց ներ­կա­յա­ցու­ցած ազ­գա­յին ընդ­դի­մադ­րու­թե­նէն։ Ք­րեմ­լի­նի հա­մար ամ­բողջ խորհր­դա­յին տա­րած­քին՝ ե­կե­ղե­ցին պէտք էր քայ­քայ­ման ու ան­հե­տաց­ման դա­տա­պար­տո­ւէր, ինչ­պէս որ ազ­գե­րը պէտք է ան­հե­տա­նա­յին աս­տի­ճա­նա­բար։ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­րա­գա­յին կար, սա­կայն, կայ­սե­րա­պե­տա­կան շա­հե­րուն ձեռն­տու այն նուրբ հան­գա­ման­քը, որ Ս. Էջ­միա­ծի­նը կը հան­դի­սա­նար տա­րա­գիր հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, կրնար օգ­տա­կար զէնք մը դառ­նալ խորհր­դա­յին ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ձեռ­քին՝ ար­տա­սահ­մա­նեան եր­կիր­նե­րու մէջ խորհր­դա­յին ազ­դե­ցու­թեան տա­րած­ման ի սպաս տե­ղա­կան լծակ­ներ ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղու­թեամբ։
­Հե­տե­ւա­բար, հարկ էր ­Խո­րէն Ա­ռա­ջի­նի օ­րի­նա­կով հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէ գլխա­տել ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին, որ­պէս­զի ­Չե­կա­յի դրա­ծոյ կղե­րով Ք­րեմ­լին կա­րե­նայ իր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հաշ­ւոյն օգ­տա­գոր­ծե­լի զէն­քի վե­րա­ծել Ս. Էջ­միա­ծի­նը։
­Խորհր­դա­յին այդ դա­ժան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դառ­նա­գոյն գինն էր, որ ­Խո­րէն Ա. ­Մու­րատ­բէ­կեան ­Կա­թո­ղի­կոս վճա­րեց իր կեան­քով։
­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի սրբա­պիղծ սպա­նու­թե­նէն ետք, խորհր­դա­յին­նե­րը թէեւ ան­մի­ջա­պէս ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Տե­ղա­պահ նշա­նա­կե­ցին ­Գէորգ ­Չէօ­րէք­ճեան Սր­բա­զա­նին, բայց ամ­բողջ ութ տա­րի ո՛չ կրցան Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով գու­մա­րել տալ, ոչ ալ հա­մա­խո­հու­թիւն ա­ռա­ջաց­նել ի­րենց պար­տադ­րած կա­թո­ղի­կո­սա­կան թեկ­նա­ծո­ւին շուրջ։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ անջնջե­լի կը մնայ ա­մօ­թան­քի խա­րա­նը 1938ի այդ տխուր՝ Ապ­րիլ 10ի գի­շե­րո­ւան, երբ խորհր­դա­յին մո­լեգ­նած գոր­ծա­կալ­նե­րու ձե­ռամբ ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը խեղ­դա­մահ սպան­նո­ւե­ցաւ նոյ­նինքն Ս. Էջ­միած­նի մէջ։
­Կը յի­շենք եւ կը յու­շենք՝ որ­պէս­զի եր­բեք չկրկնո­ւի Սր­բապղ­ծու­թիւ­նը։