10 Յունիսին կը յիշենք օրհնաբեր ծնունդը Պոլսոյ «Ազատամարտ» օրաթերթին։
108 տարի առաջ, 1909ի Յունիս 10ի օրը, Պոլսոյ մէջ իր հրատարակութիւնը սկսաւ նոր թերթ մը, որուն անունը «Ազատամարտ» էր։
Տարբեր անուն չէր կրնար ունենալ հայ ազգային-ազատագրական պայքարին յաղթարշաւը իմացականօրէն ամրագրելու կոչուած հայ թերթը։
Իր առաջին թիւերէն իսկ, «Ազատամարտ» յորդեցաւ ու գլեց-անցաւ սոսկական լրագիրի մը սահմանները։ Աւելի ճշգրիտ՝ մարմին եւ նկարագիր տուաւ ամբողջական եւ լիարժէք իմաստով Հայ Թերթին։
Օսմանեան Սահմանադրութիւնը նոր հռչակուած էր։ Պոլիսը արագօրէն կը վերագտնէր հայ մտքի եւ ստեղծագործ հոգիի եռուն հաւաքավայրի իր կենսունակութիւնն ու ազատութիւնը։
1890ականներու երկրորդ կիսուն, Համիտեան գրաքննութենէն, հետապնդումներէն եւ հալածանքներէն ազատելու համար, Պոլսէն հեռացած հայ մտաւորականութիւնը անմիջապէս վերադարձած էր ու ամիսներու ընթացքին, նորովի թափով, հայկական Պոլիսին վերադարձուցած էր իր շէնշող աշխուժութիւնը։
Անդին՝ հայոց աշխարհին պարտադրուած եւ բռնակալներու կամայականութեամբ գծուած սահմանին միւս կողմը, մոլեգնած էր Ցարական յետադիմութիւնը եւ անցած էր հայ ազգային ու յեղափոխական սերուցքին դէմ հակայարձակումի՝ բիրտ հարուածի տակ առնելով արեւելահայ զարթօնքի կենարար օճախ Թիֆլիսը։
Ցարական Կայսրութիւնը 1905ի համառուսական առաջին յեղափոխութեան մէջ «մեղք»ի գլխաւոր բաժին մը հանած էր նաեւ հայ յեղափոխականներուն, որոնց յառաջամարտիկը կը տեսնէր օսմանեան բռնակալութեան դէմ պայքարի դրօշ պարզած հայ յեղափոխականներու Դաշնակցութեան մէջ։
Եւ եթէ 1900ականներու սկզբնաւորութեան սուլթանական ճնշումներէն խոյս տուած արեւմտահայ միտքը իր առջեւ բաց գտած էր հայկական Թիֆլիսը, ժամանակի դառն ու հեգնական խաղով, 1908էն սկսեալ, հայկական Պոլիսը ի՛նք այս անգամ լայն ասպարէզ բացաւ ցարական հաշուեյարդարէն խոյս տուող արեւելահայ մտքին առջեւ։
Թիֆլիսը, 1905ի Ռուսական Առաջին Յեղափոխութեան առաջացուցած ազատութեանց ալիքէն օգտուելով, արագօրէն իր վրայ կեդրոնացուցած էր հայ ազգային-ազատագրական պաքարի բովին մէջ հասակ նետած եւ թրծուած դաշնակցական մտաւորականութեան կենսունակութիւնը։ 1906ին, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, լոյս տեսաւ «Յառաջ» օրաթերթը, որ անմիջապէս իր շուրջ համախմբեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի կամ թիֆլիսեան անկուսակցական մամուլի էջերուն հռչակի տիրացած հեղինակաւոր գրողները.- Աւետիս Ահարոնեան, Եղիշէ Թոփչեան, Գարեգին Խաժակ, Յոնան Դաւթեան, Լիպարիտ Նազարեանց, Յովհաննէս եուսուֆեան, Միքայէլ Վարանդեան, Լէօ, Յովհաննէս Թումանեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշներ։ «Յառաջ» իր հրատարակութիւնը անխափան շարունակեց մինչեւ 1909ի ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ։ Իսկ այնուհետեւ, «Հորիզոն» անուանափոխուելով, անկուսակցական թերթի պաշտօնական կարգավիճակով՝ շարունակեց իր հրատարակութիւնը մինչեւ 1918։
Արեւմտահայ ճակատին վրայ եւ միեւնոյն ժամանակաշրջանին, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին խստացող գրաքննութեան անշնչելի մթնոլորտին մէջ, Վանէն մինչեւ Տրապիզոն եւ Իզմիրէն մինչեւ Սոֆիա ու Պալքաններ, դաշնակցական տեղական մարմիններու եւ գործիչներու նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած էին բազում թերթեր, որոնք սակայն սահմանափակ տարածում եւ հասողութիւն ունէին՝ տեղական առումով դաստիարակչական եւ քարոզչական ազդու ներգործութիւն իրականացնելով հանդերձ։
Ազգային-քաղաքական զարգացումներու այդ խորապատկերին մէջ կը տեղաւորուի ծնունդը «Ազատամարտ»ին։
Անոր հրատարակութեան ձեռնարկելու որոշումը տուաւ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրոն։ 10 Յունիս 1909ին լոյս տեսաւ «Ազատմարտ»ի առաջին համարը եւ անմիջապէս ոչ միայն շարժեց ընթերցող լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը, այլեւ՝ դարձաւ ժամադրավայրը ատենի հայ մտաւորականութեան ամէնէն վաւերական դէմքերուն։
Ռուբէն Զարդարեանի վստահուեցաւ «Ազատամարտ»ի արտօնատէր-խմբագրապետի պատասխանատուութիւնը։
Խմբագրական մարմնին մաս կազմեցին Շաւարշ Միսաքեան, Է. Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան), Յակոբ Ճ. Սիրունի (Ճօլօլեան), Արշակ Վռամեան (Օննիկ Դերձակեան), Յարութիւն Շահրիկեան (Ատոմ), Գեղամ Բարսեղեան, Համբարձում Համբարձումեան, Ռուբէն Դարբինեան, Ներսէս Փափազեան, Լիպարիտ Նազարեանց (Լեռնեան), Լեւոն Աղապապեան, Լեւոն Մոզեան եւ ուրիշներ։
Շատ աւելի ընդգրկուն եղաւ շրջանակը «Ազատամարտ»ի մնայուն աշխատակիցներուն, որոնց շարքին իրենց կարեւոր տեղը ունեցան Սիմոն Զաւարեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի ու Յակոբ Օշականի, Գարեգին Խաժակի եւ Ռուբէն Սեւակի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Կոստան Զարեանի, Աւետիս Ահարոնեանի եւ Զապէլ եսայեանի, լեւոն Շանթի եւ Վազգէն Շուշանեանի, Վրթանէս Փափազեանի եւ Արտաշէս Յարութիւնեանի տարողութեամբ վաւերական ու մեծանուն դէմքեր։
Արեւմտահայ եւ արեւելահայ մտքի ու գրչի այդ ատենի հսկաներուն, փաստօրէն, միացուց դաշնակցական ոգին՝ ոչ միայն իբրեւ սոսկ կուսակցական պատկանելութիւն, այլեւ իբրեւ հայ մտքի եւ հոգիի ազատ ու անկաշկանդ թռիչքին թափ տալու յանձնառութիւն եւ ազգային-հասարակական անմնացորդ նուիրում։
Թէեւ հազիւ վեց տարի ապրեցաւ «Ազատամարտ»ը եւ փակուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին, այսուհանդերձ՝ անոր հրատարակութեան կարճատեւ շրջանն իսկ բաւարար եղաւ, որպէսզի «Ազատամարտ»ը նոր հորիզոններ բանայ ընդհանրապէս հայ մամուլին եւ յատկապէս դաշնակցական պաշտօնաթերթերու արդէն բազմանդամ ընտանիքին առջեւ։
«Ազատամարտ» շուտով դարձաւ իր ժամանակի ամէնէն տարածուն օրաթերթը՝ մինչեւ 12 հազար տպաքանակի արժանանալով։ Եղաւ արեւմտահայ հրապարակագրական լեզուի գեղարուեստական մշակման ախոյեանը։ Ստեղծեց արժանահաւատ լրատուութեան, թղթակցութեան եւ իրազեկման կենսունակ ոճ։ Ազգային-քաղաքական առաջնորդող խօսքի դրօշակիր դարձաւ ու գաղափարական արժէքներու եւ սկզբունքներու անկաշառ պաշտպանութեան, ինքնահաւատարմութեան ու պատասխանատու քննադատութեան աւանդոյթ մշակեց։ Ընդառաջեց հայ ընթերցողի բազմակողմանի հետաքրքրութիւններուն՝ անոնց բաւարարման կողքին նախանձախնդիր ըլլալով, որ բարձրացնէ միջին ընթերցողին լեզուամտածողութեան եւ մշակութային-գեղարուեստական ճաշակին մակարդակը։
«Ազատամարտ» ուղի հարթեց նաեւ իր յաւելուածներով, որոնք յատկապէս գրական-մշակութային մարզերու մէջ իրենց խրախուսած նորարարութիւններով՝ Պոլսոյ հայ իրականութեան սահմաններէն շատ անդին անցան եւ թափ տուին Հայ Մտքի համընդհանուր թռիչքին ու ճառագայթումին։ Այդպիսի՛ն եղաւ յատկապէս գրական յաւելուածը, որ նաեւ իբրեւ առանձնատիպ լոյս տեսաւ «Բագին» անունով եւ իր 73 համարներով՝ կազմեց «Ազատամարտի Սերունդ»ին փառքի դափնեպսակը
Թէեւ թրքական իշխանութեանց ձեռնարկած ցեղասպանութեան մեծ ոճիրին առաջին զոհերէն եղաւ «Ազատամարտ»ը, որուն հրատարակութիւնը խափանուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին, բայց Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, 1918ին, ան վերահրատարակուեցաւ նախ «Արդարամարտ», ապա՝ «Արիամարտ» եւ «Ճակատամարտ» անուններով, թրքական գրաքննութեան կաշկանդումներէն խուսափելով, մինչեւ որ Հանրապետական Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերջնականապէս արգիլեցին անոր հրատարակութիւնը։
Աւելի քան հարիւր տարի անցած է «Ազատամարտ»ի ծնունդէն ասդին, բայց ոչ միայն դաշնակցական մամուլի, այլեւ ընդհանրապէս հայ մտքի եւ գրչի հետագայ թռիչքներուն մէջ միշտ ալ ոգեշնչման աղբիւր կը մնայ «Ազատամարտի Սերունդին» անզուգական խմբագրապետին՝ Ռուբէն Զարդարեանի պատգամը, որ առաւելագոյն խտութեամբ հանդիսադրուած է «Բագինին փառաբանութիւնը» խորագրուած անոր կուռ հրապարակումին մէջ.-
«Ուխտած ենք կրակով հատուցանել այն պարտքը, որ թշնամին համայնատարած հրդեհով ու մոխիրով փոխ տուաւ մեզի: … Ու մենք տենդահար ձեռքերով կը վառենք խարոյկը, մինչեւ որ անոր բոսորագոյն լոյսը ճառագայթէ բոլոր մութ հոգիներէն ներս, մինչեւ որ ազատութեան վերջին զոհին մարմինը ճենճերի փրկութեան տաճարին առջեւ։ … Դարերու նախատինքն ու ամօթն է, որ կը հրդեհենք։
«Բարձրագլուխ ու անյողդողդ՝ կանգնած ենք մահուան դէմ՝ մեր ահաւոր ցաւին հետ, որ մեր փառքն է միանգամայն, եւ հպարտութիւնն ունինք պատմութեանն աւանդելու դիւցազնութեանց ամէնէն սխրալին, հպարտութիւնն ունինք հետագայ դեռ տառապող մարդկութեան փոխանցելու ազատութեան ամէնէն հզօր սարսուռները»:
10 Յունիս 1909
10 Յունիս 1909. Պոլսոյ մէջ «Ազատամարտ»ի ծնունդով՝ Հայ Թերթը թռիչք առաւ դէպի նոր հորիզոններ Ն.