­Մա­յի­սի ա­ռա­ջին օ­րե­րը, 98 տա­րի ա­ռաջ, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­ղան պատ­մա­կան մեծ նշա­նա­կու­թեամբ յատ­կան­շո­ւող տագ­նա­պա­լի եւ դա­ժան օ­րեր՝ բախ­տո­րոշ անդ­րա­դարձ ու­նե­նա­լով նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հե­տա­գայ ըն­թաց­քին վրայ։
­Մա­յիս 1ի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Օ­րո­ւան տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րը, 1920ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսան ար­տա­սո­վոր ծանր մթնո­լոր­տի մէջ։ ­Քա­նի մը օր ա­ռաջ՝ 28 Ապ­րի­լին խորհր­դայ­նա­ցած Ատր­պէյ­ճա­նի կար­միր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վերջ­նա­գիր յղած էին վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան՝ պա­հան­ջե­լով, որ հայ­կա­կան բա­նա­կը պար­պէ ­Ղա­րա­բաղն ու ­Զան­գե­զու­րը կար­միր բա­նա­կա­յին­նե­րու մուտ­քին առ­ջեւ։ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ կա­ռա­վա­րա­կան-պաշ­տօ­նա­կան շու­քով կա­տա­րո­ւող ­Մա­յիս ­Մէ­կի հան­դի­սու­թեանց հե­տե­ւող ժո­ղովր­դա­յին խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւ­նը անձ­կու­թեամբ կը սպա­սէր իր կա­ռա­վա­րու­թեան պա­տաս­խա­նին։ ­Կաս­կած չկար, որ հայ­կա­կան բա­նա­կը պէտք չէ լքէր հայ­րե­նի հո­ղը, ընդ­հա­կա­ռակն՝ պար­տա­ւոր էր ա­մէն գնով պաշտ­պա­նել ­Ղա­րա­բա­ղի եւ ­Զան­գե­զու­րի հա­յու­թիւ­նը ատր­պէյ­ճա­նա­կան ներ­խու­ժու­մին դէմ։ ­Բայց Ատր­պէյ­ճան ար­դէն ­Կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նի դրօ­շը պար­զած էր եւ ա­նոր ա­նու­նով վերջ­նա­գիր յղած էր ­Հա­յաս­տա­նի։
­Հայ­կա­կան անձ­կու­թիւ­նը ու­նէր նաեւ ներ­քին ան­հանգս­տու­թեան աղ­բիւր մը։ Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին Օ­րը տօ­նող հայ աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու, յատ­կա­պէս գիւ­ղա­ցի­նե­րու բազ­մա­հա­զա­րա­նոց բազ­մու­թեան մէջ ներ­կայ էին եւ ար­տա­կարգ աշ­խու­ժու­թիւն կը դրսե­ւո­րէին ­Մարք­սի ու ­Լե­նի­նի նկար­ներ պար­զած հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու փոք­րա­թիւ խում­բե­րը, ո­րոնք ­Կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նին ուղ­ղո­ւած զօ­րակ­ցա­կան կար­գա­խօս­քե­րու շար­քին՝ նաե՛ւ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան տա­պա­լումն ու խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մը պա­հան­ջող կո­չեր կը վան­կար­կէին…
­Մա­յիս ­Մէ­կի ե­րե­ւա­նեան հա­ւա­քը, ան­շուշտ, ան­տե­սեց հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ան­հե­թեթ կո­չե­րը եւ ցու­ցադ­րա­կա­նօ­րէն, հրա­պա­րակա՛ւ, որ­դեգ­րեց հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բա­նա­ձեւ մը, որ նախ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն կը պա­հան­ջէր տե­ղի չտալ ատր­պէյ­ճա­նա­կան սպառ­նա­լի­քին առ­ջեւ, ա­պա՝ հա­մո­զում կը յայտ­նէր, որ ­Կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նը ըն­թացք չի տար ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ գրգռու­թեանց։
­Լե­նի­նեան ­Ռու­սաս­տա­նին կա­պո­ւած այ­դօ­րի­նակ յոյ­սերն ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը ան­հիմն դուրս ե­կան։ ­Քե­մա­լի հետ գաղտ­նի գոր­ծար­քի եւ զի­նակ­ցու­թեան մէջ մտած պոլ­շե­ւի­կեան ­Ռու­սաս­տա­նը ոչ միայն ըն­թացք տո­ւաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրգռու­թիւն­նե­րուն, այ­լեւ՝ ուղ­ղա­կիօ­րէն ինք նա­խա­ձեռ­նարկ ե­ղաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վրայ կար­միր բա­նա­կա­յին­նե­րու գրո­հին։
­Մինչ այդ ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­լա­ծան­քէն փա­խուստ տո­ւած եւ ­Հա­յաս­տան ա­պաս­տա­նած հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը Անդր­կով­կա­սի հա­մայ­նա­վար ղե­կա­վա­րու­թե­նէն հրա­հանգ ստա­ցան խռո­վու­թիւն­ներ ա­ռա­ջաց­նե­լու եւ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նաց­ման «պայ­քար»ը սկսե­լու…
­Թէեւ քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նի մէջ մեր ժո­ղո­վուր­դը հաս­տա­տա­կամ կանգ­նե­ցաւ իր կա­ռա­վա­րու­թեան կող­քին եւ պա­հան­ջեց դի­մագ­րա­ւել թէ՛ կար­միր բա­նա­կի ­Զան­գե­զու­րի ուղ­ղու­թեամբ ներ­խու­ժու­մը, թէ՛ հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ապս­տամ­բա­կան գրգռու­թիւն­նե­րը, այ­սու­հան­դերձ՝ ե­րե­ւա­նէն դուրս, յատ­կա­պէս Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի մէջ (այժ­մու ­Գիւմ­րին), ­Մա­յիս ­Մէ­կէն սկսեալ պոլ­շե­ւի­կեան խռո­վու­թիւն­նե­րը թափ հա­ւա­քե­ցին։ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը յա­ռա­ջա­պա­հը դար­ձաւ ­Մա­յի­սեան խռո­վու­թեանց յատ­կա­պէս այն պատ­ճա­ռով, որ հոն տե­ղա­կա­յո­ւած հայ­կա­կան բա­նա­կի զրա­հա­պատ «­Վար­դան ­Զօ­րա­վար» գնաց­քին հրա­մա­նա­տա­րը՝ զօ­րա­վար ­Մու­սա­յէ­լեան միա­ցաւ խռո­վա­րար­նե­րուն, ըմ­բոս­տա­ցաւ իր իսկ կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ եւ հռչա­կեց ստեղ­ծու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ­Ռազ­մա­յե­ղա­փո­խա­կան ­Կո­մի­տէի մը, ո­րուն ինք­նա­կոչ նա­խա­գահն ու ռազ­մա­կան կո­մի­սա­րը ե­ղաւ ինք՝ զի­նա­կից ու­նե­նա­լով Ա­ւիս ­Նու­րի­ջա­նեանն ու Ար­տա­շէս ­Մել­քո­նեա­նը, իբ­րեւ ար­տա­քին եւ ներ­քին գոր­ծե­րու կո­մի­սար­ներ…
Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի ապս­տամ­բու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար ան­պա­տաս­խան չմնաց։ ­Մա­յիս 3ին ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը գու­մա­րեց ար­տա­կարգ նիստ, ուր կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան զե­կու­ցեց ­Խորհր­դա­յին Ատրպէյ­ճա­նէն ստա­ցո­ւած վերջ­նագ­րին, ա­նոր ե­տին կանգ­նած ­Լե­նին-­Քե­մալ գաղտ­նի բա­նակ­ցու­թեանց, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր ըն­կե­րա­ցող ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին խռո­վու­թեանց ար­տա­քին հրահ­րու­մին մա­սին։ ­Ծայր աս­տի­ճան բուռն քննար­կում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան. խորհր­դա­րա­նի ան­դամ սո­ցիա­լիստ-յե­ղա­փո­խա­կան եւ սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը հան­դէս ե­կան ­Կար­միր ռու­սաս­տա­նը պաշտ­պա­նո­ղի դիր­քե­րէ՝ պնդե­լով, որ ­Կար­միր ­Բա­նա­կը չ­’եր­թար ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը խոր­տա­կե­լու քայ­լին։ ­Նոյն պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն կող­մէ ե­ղան նաեւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք ­Մա­յիս ­Մէ­կի եւ ա­նոր հե­տե­ւող օ­րե­րու ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած խռո­վու­թեանց ար­դա­րա­ցում կը փոր­ձէին գտնել, զա­նոնք նկա­տե­լով հայ աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու ըն­կե­րա­յին ար­դար դժգո­հու­թեանց դրսե­ւո­րում­ներ։ ­Բայց ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը ընդ­հան­րա­պէս կողմ­նա­կից գտնո­ւե­ցաւ ա­ւե­լի վճռա­կան քայ­լե­րու թէ՛ ներ­խու­ժող զօր­քե­րուն եւ թէ ներ­քին խռո­վա­րար­նե­րուն դէմ։
Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, ­Մա­յիս 4ին, ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ ներ­քին ընդ­լայ­նո­ւած խորհր­դակ­ցու­թիւն մը՝ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի, վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­րար­նե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի ­Խորհրդա­րա­նի դաշ­նակ­ցա­կան ֆրակ­ցիա­յի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ Հ.Յ.Դ. մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։
Օ­րա­կար­գի միակ նիւ­թը ե­ղաւ դի­մագ­րա­ւու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան սպառ­նա­ցող օր­հա­սա­կան վտան­գին։ ­Վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի հա­մա­խո­հա­կան (կոա­լի­սիոն) կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը սպա­ռած էր իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ ե­կած էր պատ­մա­կան պա­հը վճռա­կան դիր­քո­րո­շու­մի եւ հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լե­րու։
Հ.Յ.Դ. խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը յան­գե­ցաւ միա­հա­մուռ այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ հարկ էր պոլ­շե­ւի­կեան ներ­քին խռո­վու­թիւն­նե­րը ի­րենց սաղ­մին մէջ խեղ­դել, միա­ժա­մա­նակ՝ ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի հետ բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կով բա­նակ­ցու­թեանց մէջ մտնե­լով հան­դերձ, բո­լոր ու­ժե­րով զօ­րաց­նել ­Հա­յոց ­Բա­նա­կին դի­մադ­րու­թիւ­նը ատր­պէյ­ճա­նա­կան կար­միր հա­մազ­գես­տա­ւոր­նե­րու հա­կա­հայ ար­շա­ւան­քին դէմ։
­Մա­նա­ւանդ որ պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րար ­Ռու­բէն ­Տէր-­Մի­նա­սեա­նի հրա­հան­գով՝ ­Զան­գե­զու­րը, ­Յու­նո­ւա­րէն սկսեալ, օգ­նա­կան ուժ կը հասց­նէր Ար­ցա­խին, ուր նախ մու­սա­ւա­թա­կան, ա­պա՝ կար­միր ա­զե­րի­նե­րու ար­շա­ւանք­նե­րը դա­դար չու­նէին։ ­Գա­րե­գին Նժ­դեհ ար­դէն ու­ղար­կո­ւած էր ­Զան­գե­զուր, հայ­կա­կան բա­նա­կը լծո­ւած էր ա­րե­ւե­լեան եւ հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ճա­կատ­նե­րու ամ­րապնդ­ման զօ­րա­շար­ժին եւ ­Ժա­մա­նակն էր, որ ի­րեն պար­տադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մի մէջ յայտ­նո­ւած ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը դի­մէր համա­պա­տաս­խան քայ­լե­րու։
­Մա­յի­սեան խռո­վու­թիւն­նե­րը ճզմե­լու ­Մա­յիս 4ի պատ­մա­կան դժո­ւա­րին ո­րո­շու­մին զու­գա­հեռ՝ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը վճռեց իր վրայ վերց­նել ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը նո­րան­կախ հայ­րե­նի­քի պե­տա­կան ղե­կա­վա­րու­մին՝ ըն­դու­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ողջ իշ­խա­նու­թիւ­նը ­Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թեան ձեռ­քը կեդ­րո­նաց­նե­լու ո­րո­շու­մը։
­Յա­ջորդ օ­րը՝ ­Մա­յիս 5ին, վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեան ­Հա­յաս­տա­նի ­Խորհրդա­րա­նին ներ­կա­յա­ցուց իր հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­ժա­րա­կա­նը, որ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ։ ­Խորհր­դա­րա­նը ան­մի­ջա­պէս հաս­տա­տեց նաեւ կազ­մու­թիւ­նը ­Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թեան՝ վար­չա­պե­տու­թեամբ բժիշկ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի, ­Պա­տե­րազ­մա­կան եւ ­Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը վստա­հե­լով ­Ռու­բէն ­Տէր-­Մի­նա­սեա­նի։
Ան­մի­ջա­պէս կ­՚ար­ժէ հոս ընդ­հա­նուր գնա­հա­տան­քը կա­տա­րել հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան ղե­կը ամ­բող­ջա­պէս իր ձեռ­քը կեդ­րո­նաց­նե­լու ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան ո­րո­շու­մին։
­Խորհր­դա­հայ պատ­մագ­րու­թիւ­նը եւ պոլ­շե­ւի­կեան քա­րոզ­չու­թիւ­նը, ամ­բողջ եօ­թը տաս­նա­մեակ, միայն նզո­վեց պատ­մա­կան այդ քայ­լը՝ իբ­րեւ «հայ աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան» եւ ­Ռու­սաս­տա­նի հետ ­Հա­յաս­տա­նի «յա­ւեր­ժա­կան միու­թեան» դէմ ուղ­ղո­ւած «կոր­ծա­նա­րար» ո­րո­շում մը։
­Նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման մե­րօ­րեայ շրջա­նին, 1988ի նա­խօ­րէին, 1990ա­կան­նե­րուն թէ հե­տա­գա­յին, մին­չեւ այ­սօր, լսե­լի են հայ քա­ղա­քա­կան մտքի տար­բեր թե­ւե­րէն հնչող ձայ­ներ, ո­րոնք «ու­շա­ցած մար­գա­րէի» դիր­քե­րէն կը քա­րո­զեն այն «ի­մաս­տու­թիւ­նը», որ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը շատ բան կրնար շա­հիլ — ե­ղե՜ր -, ե­թէ 1920ի ­Մա­յիս 4ին ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կա­մո­վին իշ­խա­նու­թիւ­նը զի­ջէր պոլ­շե­ւիկ­նե­րուն…
Այ­դօ­րի­նակ «ի­մաս­տու­թիւն» քա­րո­զող­նե­րը չեն ու­զեր դաս քա­ղել պատ­մու­թե­նէն։
­Չեն անդ­րա­դառ­նար, որ ­Կար­միր Դ­րօշ պար­զե­լու պա­րա­գա­յին ան­գամ, ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­բար տա­լիք չու­նէին լե­նի­նեան ­Ռու­սաս­տա­նին, ո­րուն Անդր­կով­կաս վե­րա­դար­ձի ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը կը հիմ­նո­ւէր ա­ռե­րես խորհր­դայ­նա­ցած Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ հետ ռազ­մա­վա­րա­կան դա­շին­քի ի­րա­գործ­ման վրայ, ո­րուն գի­նը դա­տա­պար­տո­ւած էին մենք վճա­րե­լու ազ­գո­վին՝ մեր հո­ղե­րէն եւ ան­կա­խու­թե­նէն։
­Մա­յիս 5ին, վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­ժա­րա­կան ներ­կա­յա­ցուց եւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րոն ստանձ­նեց ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան ղե­կին ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը՝ բժիշկ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի վար­չա­պե­տու­թեամբ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ա­ռա­ջաց­նե­լով։
Այս­պէ՛ս, 1920ի ­Մա­յիս 1էն 5 պա­տա­հած խռո­վու­թիւն­նե­րը սեւ ու մուր խա­րան մը դար­ձան հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ճակ­տին։
Ա­ռանց ան­կա­խու­թեան եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան ամ­բողջ դա­րեր ապ­րե­լէ ետք, յատ­կա­պէս թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն հա­զիւ վե­րա­կանգ­նած, ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ դա­ւադ­րա­կան խռո­վու­թեանց դի­մե­ցին հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ՝ կար­միր բա­նա­կա­յին­նե­րու եւ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան աս­պա­տա­կող­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեամբ եւ զէն­քի ու­ժով տա­պա­լե­լու հա­մար հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։
­Սե­փա­կան հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան դէմ բռնաշր­ջու­մի նման փորձ հա­զո­ւա­դէպ պա­տա­հած է ազ­գե­րու պատ­մու­թեան մէջ։ ­Հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը սայ­թա­քու­մի նմա­նօ­րի­նակ ա­մօ­թա­լի «ժա­ռան­գու­թիւն» մը թո­ղու­ցին հա­յոց պատ­մու­թեան է­ջե­րուն։
­Դա­ժան ու դառն դա­սե­րով յատ­կանշո­ւող «ժա­ռան­գու­թիւն» մը, որ ե՛ւ մեր սե­րուն­դին, ե՛ւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն վրայ պարտք կը դնէ չկրկնե­լու ազ­գա­յին-պե­տա­կան ա­ռու­մով ծան­րա­գոյն այդ յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ հայ­րե­նա­դա­ւու­թեան ա­հա­ւոր փոր­ձու­թիւ­նը։