­Յու­լիս ամ­սու ա­ռա­ջին այս օ­րե­րուն, 104 տա­րի ա­ռաջ, ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ ծո­վե­զե­րեայ ­Ռո­տոս­թօ քա­ղա­քը ներ­կո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեանց պատ­կա­նող քա­ղա­քա­ցի­նե­րու, յատ­կա­պէս հա­յե­րու եւ յոյ­նե­րու ան­մեղ ա­րեամբ։
1913ի ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ, ոչ¬թրքաբ­նակ քա­ղա­քը վե­րագ­րա­ւած թրքա­կան զօր­քե­րը, 1 ­Յու­լիս 1913էն սկսեալ, կո­տո­րե­ցին ան­զէն հա­յերն ու յոյ­նե­րը՝ հրոյ ճա­րակ դարձ­նե­լով ա­նոնց տու­ներն ու խա­նութ­նե­րը։
­Մար­մա­րա ծո­վու ա­րեւմ­տեան ա­փին գտնո­ւող նա­ւա­հան­գիստ քա­ղաք է ­Ռո­տոս­թոն, որ այ­սօր մաս կը կազ­մէ եւ­րո­պա­կան ­Թուր­քիոյ, ա­ռա­ւե­լա­բար թուր­քե­րով բնա­կո­ւած է եւ 1923էն ի վեր կը կո­չո­ւի ­Թէ­քիր ­Տաղ։
104 տա­րի ա­ռաջ միայն սա­կա­ւա­թիւ թուր­քեր կ­’ապ­րէին ­Ռո­տոս­թո­յի մէջ, որ ա­ռա­ւե­լա­բար յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան քա­ղաք էր։ ­Յայտ­նա­գոր­ծո­ւած էր հին ժա­մա­նակ յոյն վա­ճա­ռա­կան­նե­րու եւ նա­ւաս­տի­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք դա­րե­րու ըն­թաց­քին նախ յու­նա­կան, ա­պա բիւ­զան­դա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան կա­րե­ւոր կեդ­րո­նի վե­րա­ծած էին զայն։
­Նոյն­քան հին ժա­մա­նակ­նե­րէ կու գայ հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Ռո­տոս­թո­յի մէջ, որ ինչ­պէս հա­յոց ա­ռեւ­տու­րի, այն­պէս եւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի, ձե­ռա­րո­ւես­տի եւ գրա­կա­նու­թեան ծա­նօթ կեդ­րոն ե­ղած է։
Ինչ­պէ՞ս պա­տա­հե­ցաւ, որ ­Ռո­տոս­թո­յի եւ ա­նոր մեր­ձա­կայ՝ նոյն­պէս հա­յաբ­նակ ­Մալ­կա­րա գիւ­ղա­քա­ղա­քին հայ բնա­կիչ­նե­րը, 1913ի ­Յու­լիս 1էն սկսեալ, կո­տո­րա­ծի եւ ա­ւե­րու­մի ու թա­լա­նի են­թար­կո­ւե­ցան թրքա­կան զօր­քե­րուն կող­մէ։
30 ­Յու­նիս 1913ին սկսաւ ­Պալ­քա­նեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մը։
­Հա­զիւ ա­միս մը ա­ռաջ, 30 ­Մա­յիս 1913ին, վերջ գտած էր ­Պալ­քա­նեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մը, որ բռնկած էր 9 ­Հոկ­տեմ­բեր 1912ին՝ մէկ կող­մէ պալ­քա­նեան չորս եր­կիր­նե­րու (­Պուլ­կա­րիա, ­Յու­նաս­տան, ­Սեր­պիա, ­Չեռ­նո­գո­րիա) դաշ­նակ­ցու­թեան եւ միւս կող­մէ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ։
­Պալ­քա­նեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին ­Թուր­քիա կրեց ծան­րա­գոյն պար­տու­թիւն եւ պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ 30 ­Մա­յիս 1913ին ստո­րագ­րե­լու ­Լոն­տո­նի հաշ­տու­թեան դաշ­նա­գի­րը, ո­րուն հի­ման վրայ կորսնցուց ­Պալ­քա­նեան ­Թե­րակղ­զիի իր տի­րա­պե­տու­թեան են­թա­կայ բո­լոր հո­ղե­րը։ ­Պո­լի­սէն եւ ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ փոքր մէկ բաժ­նէն զատ ո­չինչ մնաց եւ­րո­պա­կան ­Թուր­քիա­յէն։
­Հա­յու­թիւ­նը եւս աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Պալ­քա­նեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին։ Անդ­րա­նի­կի եւ ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րը յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­գոր­ծե­ցին թրքա­կան զօր­քե­րուն դէմ՝ հե­րո­սի դափ­նեպ­սա­կին ու զի­նո­ւո­րա­կան կո­չում­նե­րու ար­ժա­նա­նա­լով պուլ­կար սպա­յա­կոյ­տին կող­մէ։
Իսկ ­Պուլ­կա­րիան ե­ղաւ գլխա­ւոր յաղ­թա­կա­նը ­Պալ­քա­նեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին՝ խլե­լով ա­ռիւ­ծը բա­ժի­նը օս­մա­նեան բռնա­տի­րու­թե­նէն ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րուն։
­Բայց թէ՛ ­Պուլ­կա­րիոյ պալ­քա­նեան դաշ­նա­կից­նե­րը՝ ­Յու­նաս­տանն ու ­Սեր­պիան դժգոհ մնա­ցին, որ ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րէն ի­րենց սպա­սած բաժ­նին չկրցան տի­րա­նալ, թէ՛ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը մտա­հո­գո­ւե­ցան, որ Ուղ­ղա­փառ դա­ւա­նան­քի դրօ­շա­կիր ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը միա­կող­մա­նիօ­րէն շատ ըն­դար­ձա­կած էր իր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րը ­Պալ­քան­նե­րու մէջ։
­Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ հրահ­րու­մը, 1913ի ­Յու­նիս 30ին, ­Պալ­քա­նեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մին՝ այս ան­գամ մէկ կող­մէ ­Պուլ­կա­րիոյ եւ միւս կող­մէ ­Թուր­քիոյ, ­Յու­նաս­տա­նի, ­Սեր­պիոյ, ­Չեռ­նո­գո­րիա­յի եւ ­Ռու­մա­նիոյ միա­ցեալ ճա­կա­տին մի­ջեւ։
­Թէեւ իր նա­խոր­դին բաղ­դա­տած կարճ տե­ւեց եւ 10 Օ­գոս­տոս 1913ին ա­ւար­տե­ցաւ ­Պալ­քա­նեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մը, բայց «ազ­գա­յին մաք­րազ­տում»ի ա­ռու­մով ան­հա­մե­մա­տա­բար ա­հա­ւոր եւ ծան­րակ­շիռ ե­ղաւ։
­Յատ­կա­պէս ­Ռո­տոս­թո­յի եւ ­Մալ­կա­րա­յի հա­յե­րը, ո­րոնք ուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցու­թիւն չէին ու­նե­ցած ­Պալ­քա­նեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին, թի­րախ դար­ձան թրքա­կան վրէժխնդ­րու­թեան եւ ցե­ղաս­պա­նա­կան մո­լուց­քին։
­Պալ­քա­նեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մը վերջ գտաւ ­Պուլ­կա­րիոյ պար­տու­թեամբ եւ թրքա­կան լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րու վե­րա­բաշ­խու­մո­վը պալ­քա­նեան միւս՝ յաղ­թա­կան եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ։
Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը չա­րա­շա­հեց ­Պալ­քա­նեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մով ներ­կա­յա­ցած ա­ռի­թը, որ­պէս­զի ձեռ­նա­մուխ ըլ­լայ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան սահ­մա­նա­յին գօ­տի­նե­րը ազ­գա­յին փոք­րաս­նու­թիւն­նե­րէ «մաք­րազ­տել»ու եւ «վնա­սա­զեր­ծե­լու» իր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան։
­Կայս­րու­թեան հիւ­սիս¬ա­րեւմ­տեան՝ եւ­րո­պա­կան սահ­մա­նա­գօ­տիին ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր դիր­քե­րէն ­Ռո­տոս­թօ քա­ղա­քը այդ հի­ման վրայ էր, որ թի­րախ դար­ձաւ ա­րիւ­նա­լի «մաք­րա­գոր­ծում­ներ»ու…
­Պա­տե­րազ­մէն ետք, Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց միա­ցեալ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ քննիչ յանձ­նա­խումբ մը, որ եր­կուս­տեք գոր­ծո­ւած ո­ճիր­նե­րը ցու­ցա­կագ­րեց եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ կանգ ա­ռաւ այն փաս­տին վրայ, որ թրքա­կան կա­նո­նա­ւոր զօր­քե­րու ձե­ռամբ, ­Ռո­տոս­թո­յի մէջ, սպան­նո­ւե­ցան ա­ւե­լի քան հա­զար հա­յեր, շուրջ 300 հա­յոց բնա­կա­րան­ներ ու 500է ա­ւե­լի հա­յոց խա­նութ­ներ կո­ղոպ­տո­ւե­ցան եւ հրոյ ճա­րակ դար­ձան։
Թր­քա­կան զօր­քե­րու գոր­ծած հա­կա­հայ խժդժու­թիւն­նե­րը յա­ւե­լեալ պատ­ճառ մը ե­ղան, որ­պէս­զի եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ դրո­ւած ­Հայ­կա­կան ­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու հար­ցը վերս­տին հրա­տապ բնոյթ ստա­նայ։ Ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րած բա­նակ­ցու­թեանց ար­դիւն­քով՝ ­Փետ­րո­ւար 1914ին, եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը յան­գե­ցան այն հա­մա­խո­հու­թեան, որ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­րե­ւե­լեան՝ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու բա­րե­կար­գում­նե­րը ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար հարկ է կի­րար­կել տե­ղա­կան լայն կա­ռա­վար­ման դրու­թիւն։ Ո­րո­շո­ւե­ցաւ հաս­տա­տել հայ­կա­կան կա­ռա­վար­ման եր­կու շրջան՝ ­Կա­րին եւ ­Վան, նշա­նա­կե­լով եւ­րո­պա­ցի եր­կու կա­ռա­վա­րիչ­ներ, ո­րոնք ան­մի­ջա­պէս ճամ­բայ ե­լան դէ­պի ի­րենց նստա­վայ­րե­րը, բայց ա­նոնք դեռ տեղ չհա­սած՝ ար­դէն բռնկե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը եւ… ջու­րը ին­կաւ եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան յա­պա­ղած այդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։
Այս­պէս, 104 տա­րի ա­ռաջ, ­Ռո­տոս­թո­յի հա­յու­թեան դէմ իր ձեռ­նար­կած սպան­դով, թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը իր ա­ռա­ջին քայ­լը նե­տեց տա­րի­նե­րէ ի վեր իր մշա­կած «ազ­գա­յին մաք­րազ­տում»ի ցե­ղաս­պա­նա­կան ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։
Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­րեւմ­տեան սահ­ման­նե­րը ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րէ «մաք­րա­գոր­ծե­լէ» ետք, թուրք պե­տա­կան միտ­քը թա­փով լծո­ւե­ցաւ նաեւ իր հա­րա­ւա­յին եւ ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րը ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րէ «վնա­սա­զեր­ծե­լու գոր­ծին»։
­Յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ ան­նա­խըն­թաց տա­րո­ղու­թիւն ու­նե­ցան ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճամ­բով ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցէն մէ­կան­գընդ­միշտ «ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու» թուրք պե­տա­կան հրէ­շա­յին ծրագ­րին մշա­կու­մը եւ գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։
­Պատ­րո­ւա­կե­լով, որ ­Պալ­քա­նեան ­Պա­տե­րազ­մէն ետք եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց կող­մէ միաս­նա­բար մշա­կո­ւած ­Հայ­կա­կան ­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու եւ բուն ­Հա­յաս­տա­նը տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վա­րու­մով օժ­տե­լու ծրա­գի­րը կրնար ա­ւե­լիով սեղ­մել թրքա­կան պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րը, Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը սկսաւ պատ­րաս­տո­ւիլ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան այն նպաս­տա­ւոր պա­հուն, երբ ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար ար­մա­տա­կան «լու­ծում» մը տա­լու «վտանգ»ին…
Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մը թրքա­կան պե­տու­թեան ըն­ձե­ռեց այդ սպա­սո­ւած ա­ռի­թը։ Օգ­տո­ւե­լով մի­ջազ­գա­յին լա­րո­ւա­ծու­թեան եւ ի­րա­րան­ցու­մի ա­ռի­թէն՝ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ամ­բողջ ու­ժով նե­տո­ւե­ցաւ Աշ­խար­հա­մար­տի թո­հու­բո­հին մէջ, կայ­սե­րա­պե­տա­կան իր սահ­ման­նե­րուն մնա­ցոր­դը ար­մա­տա­պէս թրքաց­նե­լու եւ, այդ ճամ­բուն վրայ, ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցէն մէ­կան­գա­մընդ­միշտ ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու հրէ­շա­յին իր ծրա­գի­րը՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նե­լով։
­Ռո­տոս­թո­յի մէջ ­Յու­լիս 1913ի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն գոր­ծո­ւած հա­յե­րու ջար­դը, այդ ա­ռու­մով, փոր­ձարկ­ման ա­ռի­թի դեր կա­տա­րեց թուրք ցե­ղաս­պան պե­տու­թեան ծրագ­րած հե­տա­գայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար։