­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շու­մով, Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի հա­մա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով ա­ւե­լի քան եր­կու ա­միս­նե­րու ստի­պո­ղա­կան փա­կու­մէն ետք, Եր­կու­շաբ­թի՝ 1 ­Յու­նի­սէն սկսեալ, պի­տի վե­րա­բա­ցո­ւին ­Յու­նաս­տա­նի նա­խակր­թա­րան­նե­րը եւ ման­կա­պար­տէզ­նե­րը։ Ա­նոնց կող­քին, պի­տի վերսկ­սին գոր­ծել նաեւ հա­մալ­սա­րան­նե­րը եւ բարձ­րա­գոյն կրթա­րան­նե­րը։ Եր­կու շա­բա­թէ ի վեր, ար­դէն միջ­նա­կարգ եւ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րը կը գոր­ծեն կա­նո­նա­ւոր կեր­պով։ Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րա­րու­թիւ­նը քննե­լով եր­կու շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քը եւ վար­ժա­րան­նե­րու բնա­կա­նոն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, կա­նաչ լոյս տո­ւաւ նաեւ մնա­ցեալ կրթա­րան­նե­րու վե­րա­բաց­ման հա­մար։ Այս­պէս, նա­խակր­թա­րան­նե­րու դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րը պի­տի սկսին 1 ­Յու­նի­սին եւ պի­տի տե­ւեն մին­չեւ ­Յու­նիս վերջ։
Բ­նա­կա­նա­բար, նա­խազ­գու­շա­կան անհ­րա­ժեշտ կա­նոն­նե­րը՝ այն­պէս ինչ­պէս որ յայ­տա­րա­րո­ւած եւ կի­րար­կո­ւած էին միջ­նա­կարգ եւ երկ­րոր­դա­կան կար­գե­րուն հա­մար, նոյն դրու­թեամբ պի­տի գոր­ծադ­րո­ւին նա­խակր­թա­րան­նե­րու եւ ման­կա­պար­տէզ­նե­րու պա­րա­գա­յին եւս։ ­Վար­ժա­րան­նե­րու վե­րա­բաց­ման ո­րո­շու­մը ի զօ­րու պի­տի ըլ­լայ նաեւ Հ.Կ.­Խա­չի «Լ. Եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» եւ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն եւ ա­նոնց ման­կա­պար­տէզ­նե­րուն հա­մար։
Ար­դէն, շա­բա­թէ մը ի վեր, կա­նո­նա­ւո­րա­պէս կը գոր­ծէ Հ.Կ.­Խա­չի «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նը, հե­տե­ւե­լով պե­տու­թեան կող­մէ սահ­մա­նո­ւած ա­ռող­ջա­պա­հա­կան անհ­րա­ժեշտ կա­նոն­նե­րուն։