Հոկտեմբեր 1ի այս օրը, 171 տարի առաջ, իր քիւրտ զինակիցներուն կողմէ դաւադրաբար լքուած՝ պատերազմի դաշտին վրայ պարտուած ու Օսման փաշայի զօրքին կողմէ գերի բռնուած, Խան Մահմուտ անունով Վանի քիւրտ ապստամբ տիրակալը աքսորուեցաւ Սիլիստրէ (այժմու Րուսսէ քաղաքը, Պուլկարիա)։
Պատմական ենթահողի հակիրճ ներկայացման արժանի են այս քիւրտ ցեղապետին աքսորն ու զայն կանխած պատմական կարեւոր իրադարձութիւնները, որովհետեւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան եւ յատկապէս 19րդ դարասկիզբի հայ ազգային-ազատագրական զարթօնքի խմորումներուն սերտօրէն առընչուած է 1843ի քիւրտ ցեղապետներու մեծ ապստամբութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան դէմ։
Խան Մահմուտ թէեւ երկրորդ դէմքն էր քրտական ապստամբութեան եւ աջ բազուկը կը հանդիսանար Պետըրխան անունով քիւրտ ապստամբական շարժման բուն ղեկավարին, այսուհանդերձ` յատկապէս Խան Մահմուտի անձին ու գործունէութեան հետ կապուեցան Վանի, Կարնոյ եւ Սասունի հայութեան առնչութիւնները քրտական ապստամբութեան հետ։
Հայոց պատմութեան հազարամեակներու հոլովոյթին անբաժանելի մասը կը կազմեն մարերը, որոնք արդի ժամանակներու քիւրտերուն նախահայրերն են։ Ազգագրականօրէն տարածուած Փոքր Ասիոյ գրեթէ բոլոր շրջաններուն վրայ, քիւրտերը արդի դարեր մուտք գործեցին ինչպէս ցեղախմբային-աւատապետական իրենց կենսակերպը պահպանած, նոյնպէս եւ կիսանկախ ու ինքնավար իրաւավիճակով։ Ազգային այդ առաւելութիւնը քիւրտերը կը պարտին ոչ միայն իրենց լեռնային եւ վաչկատուն ժողովուրդի հանգամանքին, այլեւ շատ կանուխէն, միջին դարերու սկզնաւորութենէն, քիւրտ ցեղապետներու մեծ մասով մահմետականութեան յարումին, որուն շնորհիւ քիւրտերը առանձնաշնորհումներու արժանացան ինչպէս արաբական եւ իրանական, նոյնպէս եւ օսմանեան տիրապետութեան շրջանին։
Պատմական լրացուցիչ տեղեկութեանց առումով կ’արժէ ընդգծել, որ՝
1) Քիւրտ ցեղապետները դարեր շարունակ օգնութեան ձեռք երկարեցին Փոքր Ասիա եւ յատկապէս հայկական լեռնաշխարհ ասպատակող ուժերուն` իրենց ծառայութեանց դիմաց կիսանկախ ապրելու իրենց առանձնաշնորհումները ամրապնդելով.
2) Դուրսէն եկած բոլոր ուժերու տիրապետութեանց շրջանին ալ, քիւրտ ցեղապետները տեւական վէճեր եւ ընդհարումներ ունեցան օտար իշխանաւորներու հետ` զինուոր տալու եւ հարկ վճարելու իրենց պարտաւորութիւններէն խուսափելու պատճառով։
Պատմական այս ենթահողին վրայ իր առանձնայատուկ նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը կը ստանայ 19րդ դարու 40ականներուն բռնկած քրտական ապստամբութիւնը` իբրեւ Օսմանեան Կայսրութեան դէմ ուղղուած քիւրտերու առաջին ազգային ըմբոստացումը։
Ճիշդ է, Պոհթանի շրջանի (Վանի հարաւ-արեւելեան տարածքը) քիւրտերու Պետըրխան ցեղապետը եղաւ ապստամբութեան դրօշ պարզողը եւ անոր միացան տարբեր շրջաններու ցեղապետներ` ընդհանրապէս իրենց աւատապետական առանձնաշնորհումներուն տէր կանգնելու մղումով, բայց շարժումը փաստօրէն թափ տուաւ քրտական ազգայնականութեան` արդի ժամանակներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ հրապարակ նետելով «Ազատ Քիւրտիստան»ի գաղափարը։
Աշխարհաքաղաքական եւ ռազմագիտական առումով երկու մեծ իրադարձութիւններ` 1828ի ռուս-թրքական պատերազմը եւ Յունաստանի անկախացման պայքարը յաղթանակով պսակած 1832ի միջազգային իրաւական ճանաչումը իրենց արձագանգը գտան նաեւ քիւրտ ցեղապետներու մօտ։ Յատկապէս Պետըրխան պահը յարմար նկատեց` Օսմանեան Կայսրութեան թուլացման եւ տկարացման ապացոյցները տեսնելով, որպէսզի քրտական կիսանկախ շրջանները ի մի բերէ եւ ամբողջական անկախութիւն հռչակէ Քիւրտիստանի տարածքին։
Անշուշտ այդպէս կոչուած «Քիւրտիստան» գոյութիւն չունէր եւ, աւելի՛ն, քրտաբնակ որոշ տարածքներու պարագային յարաբերաբար փոքրամասնութիւն կը կազմէին քիւրտերը։ Սուլթանը լաւապէս կը գիտակցէր այդ իրողութեան եւ դիմեց ասորի ու քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւնները (ներառեալ հայերը) ապստամբ Պետըրխանի դէմ գրգռելու դաւադրութեան։ Պետիրխան շուտով անդրադարձաւ սուլթանի սադրանքին եւ ինք նախաձեռնեց ասորիներու անողոք ցեղասպանութեան, որ պատմութեան էջերուն մինչեւ այսօր ամօթի խարանի պէս դրոշմուած կը մնայ Պետըրխանի շարժման ճակտին։ Պետըրխանի ձեռքերուն վրայ մնաց նաեւ նոյնպէս զանգուածային ջարդի ենթարկուած եզիտի՝ քրիստոնիա քիւրտերու արիւնը…
Բայց յատկապէս իր աջ բազուկը` Խան Մահմուտ գիտցաւ եւ կրցաւ խուսափիլ այդ փորձութենէն ու աւելի խելամիտ հակահարուած տալ սուլթանական դաւադրութեան։ Խան Մահմուտ դիմեց Վանի եւ Սասունի շրջակայքը կիսանկախ դրութեամբ ապրող հայերուն` սուլթանի կառավարութեան դէմ զինակցութիւն առաջարկելով եւ, փոխարէնը, ապագայ «Անկախ Քիւրտիստան»ի մէջ հայերուն խոստանալով ոչ միայն պետական-զինուորական բարձր պաշտօններ, այլեւ` տնտեսական-ելեւմտական կեանքի ամբողջապէս անկախ ղեկավարումը։
Պետըրխանի եւ Խան Մահմուտի ապստամբական շարժումը որքան ծաւալեցաւ, այնքան դժուարացաւ հայերու դրութիւնը։ Հայկական նահանգներու մեր ժողովուրդը համակրանքով մօտեցաւ եւ ընդառաջեց Խան Մահմուտի դիմումներուն, նոյնիսկ քրտական ապստամբ զօրքին մէջ հրամանատարական դիրքեր գրաւեցին Միր Բաշկալեցին, Ստեփան Մանօղլեան (ճանչցուած Աստղ մակդիրով), Յովհաննէս Չալքաթրեան եւ ուրիշներ։
Բայց Կոնստանդնուպոլսոյ մէջ, սուլթանի ուժեղ ճնշումներուն տակ, Մատթէոս Չուհաճեան Պատրիարքը յայտնուեցաւ ծայր աստիճան դժուար կացութեան մէջ, որովհետեւ հայութեան ուղղուած օսմանեան զօրքին զինուորագրուելու եւ քիւրտ ապստամբներուն դէմ կռուելու իր հետեւողական կոնդակները գործնապէս, հակամարտ զօրքերու միջեւ, իրարու դէմ հանեցին հայ ժողովուրդին զաւակները։ Քրտական շարժումը 1843ին սկսաւ եւ մինչեւ 1847 յաղթական յառաջխաղացք արձանագրեց Օսման փաշայի ընդհանուր հրամանատարութեան յանձնուած օսմանեան զօրքերուն դէմ։ Բայց քաղաքականապէս քրտական ապստամբութիւնը արտաքին յենարան չունէր, ընդհակառակն` Յունաստանի անկախացման հարցով Սուլթանին հակադրուած Մեծն Բրիտանիան ամէն միջոցի դիմեց, որպէսզի դէպի Կեդրոնական Ասիա եւ Ծայրագոյն Արեւելք առեւտուրի ճանապարհը չիյնայ իր հակակշռէն դուրս գտնուող ուժերու ազդեցութեան տակ, իսկ քիւրտերը անկանխատեսելի ուժ էին այդ իմաստով։
Թէեւ քրտական շարժման ղեկավարները դիմեցին իրանական օժանդակութեան (պատմական ճշմարտութեան սիրոյն կ’արժէ նշել, որ Իրանի հետ քրտական այդ մերձեցման մէջ կարեւոր դեր խաղաց Իրանեան արքունիքի պալատականներէն պարսկահայ Մելիքզադեան վաճառականը) եւ յաջողութիւն գտան, բայց Օսման փաշա նաեւ թրքական հին «զէնք»ին` դաւաճանութեան օգտագործման դիմեց։ Ան կրցաւ Պետըրխանի եղբօրորդին կաշառել եւ անոր օժանդակութեամբ, ի վերջոյ, 1847ի Սեպտեմբերին պարտութեան մատնել քրտական ապստամբութիւնը՝ զայն նաեւ թիկունքէն դաշունահարելով։ Պետըրխան իր անմիջական զինակիցներով Կրետէ աքսորուեցաւ, իսկ անոր աջ բազուկին` Խան Մահմուտին վիճակուեցաւ Պուլկարիա աքսորը, ուր ան մնաց 1 Հոկտեմբեր 1847էն մինչեւ 1866ի իր մահը։ Քրտական առաջին այդ ապստամբութիւնը` թէ՛ իր շղթայազերծման ցեղախմբային-աւատապետական բնոյթով, թէ՛ ազգամիջեան յարաբերութիւններու ձեւաւորման դիտանկիւնէն, հիմնական անդրադարձ ունեցաւ հայ-քիւրտ-թուրք առնչութեանց հետագայ զարգացման վրայ։
Պետըրխանի եւ Խան Մահմուտի ղեկավարած քրտական ապստամբութենէն շատ դասեր քաղեց յատկապէս հայ ազգային-ազատագրական շարժումը` 19րդ դարավերջի իր պոռթկումի շրջանին։
Պատմութիւնը յաճախակի կրկնելով՝ քիւրտերը շարունակ տարուբերուեցան Հայկական Յեղափոխութեան նկատմամբ հակասական դիրքորոշումներու ծայրայեղութեանց միջեւ.- Որոշ փուլերու եւ որոշակի ցեղախումբներու կողմէ ցուցաբերուեցան հայ ազատագրական շարժման նեցուկ կանգնելու իրատես քայլեր, իսկ ընդհանրապէս քիւրտերը հակահայ սպանդի անարգ գործիք դարձան թուրք սուլթանական իշխանութեանց ձեռքին։
1 Հոկտեմբեր 1847
1 Հոկտեմբեր 1847. Օսմանեան Կայսրութեան դէմ յաղթանակած քրտական մեծ ապստամբութիւնը դաւադրաբար ճզմուեցաւ Ն.