Երկուշաբթի՝ 20 Մայիսին, Հ.Կ.Խաչի Գարէա-Կեսարիանիի «Աղթամար» մասնաճիւղին վարչութիւնը յետ-միջօրեայ պտոյտ մը կազմակերպեց դէպի Թաթոյի եւ «Իփոքրաթիոս փոլիթիա», «Մայրերու Օր»ուան առթիւ:
Փուլմանը գրեթէ լեցուն էր: Վարչութեան կողմէ ընկ. Աննա Գազանճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր տիկիններուն եւ շնորհաւորեց զանոնք՝ մայրերու տօնին առթիւ, իսկ ընկ. Ծաղիկ Ճամուզեան բացատրեց պտոյտի յայտագիրը եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց մեր այցելութեան վայրերու մասին:
Շարունակելով մեր երթը՝ ընկ. Աննա Գազանճեան օրուան պատգամը փոխանցեց, անդրադառնալով կիներու բազմատեսակ դերերուն եւ մայրութեան տարբեր ձեւերուն, զորս կը ճանչնանք մեր օրերուն: Ան խօսեցաւ նաեւ հայ մօր զոհաբերումին մասին, որու կը պարտինք մեր ազգի գոյատեւումը Մեծ Եղեռնէն ետք: Շեշտը դրաւ Հ.Օ.Մ.ի ծրագիրներուն վրայ, որոնք կը նպաստեն հայ ընտանիքին: «Թէ՛ հայ մայրը եւ թէ Հ.Օ.Մ.ը հոմանիշ են նուիրումի: Նուիրում՝ հայ ընտանիքին, նուիրում՝ հայ ժողովուրդին»,- ըսաւ ընկերուհին:
Երբ հասանք նախկին թագաւորական պալատի այգին եւ սկսանք պտտիլ անոր տարածքին մէջ՝ զգացինք, որ ամուր կապ մը կը ստեղծուի բնութեան հետ, առանց հեռանալու Ատտիկէի նահանգէն: Դասական գեղեցկութեան հսկայ շէնքեր հաստատ ձեւով կառուցուած 19րդ դարէն կ‘իշխեն անտառի մը մէջ՝ ապացուցանելով անցեալի միապետութեան ուժը: Լայն պատուհաններ, ամուր փեղկեր, արձաններ, աւազաններ, բազմաթիւ ծաղիկներ եւ հազուադէպ բոյսեր ցոյց կու տան որքան ջանք թափած են իշխանաւորներ ու բանուորներ, որպէսզի ստեղծուի այս այլաբանական հեքիաթային գիւղաքաղաքը: Միաժամանակ շնորհալի միջավայր մըն է՝ մարզուելու եւ հոգին հանգստացնելու համար:
Շարունակելով մեր պտոյտը՝ ուղղուեցանք դէպի Պելեցի լիճը, որ արուեստական է եւ սկսաւ շինուիլ 1973ին՝ նպատակ ունենալով մեծ քանակով ջուրի ապահովումը շրջանի բնակիչներուն համար: Վայելեցինք գեղեցիկ տեսարանը, լիճին շուրջ տարածուող անտառը, բազմաթիւ կենդանիները (կարապներ, բաթիկներ, կրեաներ ու ձուկեր) եւ փոքր կամուրջները:
Վերջապէս գացինք Աֆիտնես շրջանի ճաշարաններէն մէկը, ուր ընթրեցինք ընկերային, ջերմ մթնոլորտի մէջ՝ բաժակ մը գինի խմելով մայրերու կենացը: Ընթրիքէն ետք վարչութեան անդամուհիները հրամցուցին անուշեղէններ, զորս իրենք շինած էին, մինչ աւելի կանուխ, փուլմանին մէջ, համեղ խմորեղէններ պանիրով մեծարած էին: Իրենք բաժնեցին նաեւ շքեղ նուէրներ՝ տնական լեմոնատով լեցուած պզտիկ շիշեր գեղեցիկ զարդարանքով: Ասոնցմէ զատ, տիկին Մարլ Գոշերեան իր նախաձեռնութեամբ բոլորին նուիրեց ճաշակաւոր խոհանոցի գոգնոցներ կամ անձեռոցներ՝ առաւել եւս գոհացնելով ներկաները:
Վերադառնալով մեր տուները՝ շնորհակալական խօսքեր լսեցինք կազմակերպողներէն մեր մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ նուէրները եւ մեծարանքները տրամադրողներուն համար:
Անձնապէս, մասնակցած ըլլալով «Մայրերու Օր»ուան նուիրուած այս պտոյտին՝ կրնամ ըսել, որ իսկապէս կ‘արժէր մեր ներկայութիւնը եւ կը թելադրեմ մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որ մաս կազմեն խմբային պտոյտներուն առանց երկմտանքի:
Յոյսով եմ, որ մեր յաջորդ ամառուան ժամադրութիւնը պիտի ըլլայ գեղեցիկ ծովափի մը վրայ:
Ցտեսութիւն:
Ներկայ ընկերուհի մը