­Տխրունի — Յարութիւն Նաճարեան

0
21

­Գո­քի­նիա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան սի­րե­լի եւ յար­գո­ւած ազ­գա­յին­նե­րէն՝ ­Յա­րու­թիւն(Ա­րիս) ­Նա­ճա­րեան կեան­քէն հե­ռա­ցաւ Ե­րեք­շաբ­թի, 18 ­Նո­յեմ­բե­րին, ո­րոշ ժա­մա­նակ ապ­րած ըլ­լա­լով ա­ռող­ջա­կան ծանր պայ­ման­նե­րու մէջ։ Ար­դէն, իր կեան­քի վեր­ջին ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին, կա­ցու­թիւ­նը յու­սադ­րիչ չէր, ցոյց տա­լով ան­խու­սա­փե­լի ել­քի նա­խան­շան­նե­րը։
­Յա­րու­թիւն ­Նա­ճա­րեան ծնած էր ­Գո­քի­նիա 1946-ին, փոքր տա­րի­քէն ապ­րած էր ­Ռէն­տիի շրջա­նը, որ այդ տա­րի­նե­րուն կը յատ­կան­շո­ւէր հայ­կա­կան ստո­ւար ներ­կա­յու­թեամբ։ Իր նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած էր Հ.Կ.­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նէն ներս եւ կա­նու­խէն փա­րած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գոր­ծու­նէու­թեան։ Եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տած ըլ­լա­լով ոս­կեր­չու­թեան մար­զէն ներս, կա­րո­ղա­ցաւ ստեղ­ծել յա­ջող աս­պա­րէզ մը, իսկ իր ու­նե­ցած վա­ճա­ռա­տու­նը համ­բաւ ստա­ցած էր շրջա­նին մէջ, հայ եւ յոյն լայն շրջա­նակ­նե­րու ստեղ­ծու­մով։ ­Կազ­մած էր հայ­կա­կան ըն­տա­նիք եւ բախ­տա­ւո­րո­ւած էր եր­կու զա­ւակ­նե­րով։
­Յա­րու­թիւն եր­կար տա­րի­նե­րու իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Գո­քի­նիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վար­չու­թեան կազ­մին, ջա­նա­լով, որ միու­թեան ա­նու­նը լսե­լի դառ­նայ մար­զա­կան շրջա­պա­տին մէջ։ Այլ նո­ւի­րեալ վար­չա­կան­նե­րու կող­քին, նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս մշտա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն ըն­ձե­ռեց կազ­մա­կերպ­չա­կան եւ մար­զա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, սա­տար ըլ­լա­լով ծրա­գիր­նե­րու յա­ջո­ղու­թեան եւ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մար­զա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուն։
Ան­դամ էր ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ, միա­ժա­մա­նակ իր ու­ժե­րը տրա­մադ­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ի մտի ու­նե­նա­լով հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թեան պայ­ծա­ռու­թիւ­նը եւ վար­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը։
Իր կեան­քի գլխա­ւոր նո­ւա­ճում­նե­րէն ե­ղաւ ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի կա­ռուց­ման հսկայ աշ­խա­տան­քը, ո­րու շի­նու­թեան յանձ­նա­խում­բին մաս­նա­կից դար­ձաւ ամ­բողջ ու­ժով։ Եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ ծա­ւա­լած նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քին, ա­ռա­ւել՝ շի­նու­թեան ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, իր գոր­ծա­կից­նե­րուն հետ ջա­նաց բար­ւոք լրու­մին հասց­նել կա­ռուց­ման ծրա­գի­րը։ ­Նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան կա­րե­ւոր նո­ւի­րա­բե­րու­մով, օ­րի­նակ ե­ղաւ իր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն մօտ, որ­պէս­զի ժո­ղովր­դա­յին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ նե­ցու­կը հաս­նին լա­ւա­գոյն ար­դիւն­քին։
­Կեդ­րո­նի կանգ­նու­մէն ետք, հո­գե­կան գո­հու­նա­կու­թեամբ եւ հպար­տու­թեամբ ներ­կայ ե­ղաւ ակմ­բա­յին կեան­քին, ա­ռանց բա­ցա­կա­յու­թիւն ար­ձա­նագրած ­ըլլալու միու­թե­նա­կան ու յատ­կա­պէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րէն ու հա­ւաք­նե­րէն։ ­Կեդ­րո­նի կա­ռուց­ման 20-ա­մեա­կի շքեղ ե­լոյ­թին, իր գոր­ծա­կից­նե­րուն կող­քին, ներ­կայ ե­ղաւ եւ ստա­ցաւ գնա­հա­տան­քի յու­շա­նո­ւէր, հպարտ զգա­լով հա­յա­պահ­պան­ման մեծ տե­սիլ­քի ի­րա­գործ­ման հա­մար։
­Վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն ա­ռանձ­նա­ցած էր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն, իսկ ա­նոր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը թոյլ չէր տար, որ­պէս­զի ան­ցեա­լին նման իր ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի դարձ­նէ գա­ղու­թա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։
Ե­րա­նա­կան հան­գիստ իր հո­գիին։

Ք.Է.