Հայաստանի մէջ գործող «CIS Արմենիա» վարժարանի աշակերտները փայլուն յաջողութիւն ձեռք ձգեցին Համաշխարհային դպրոցական մրցոյթին, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբերին, հեռաւոր Արեւելքի Պանգկոկ քաղաքին մէջ։
Իսկ որպէս շարունակութիւն անոնց ունեցած յաջողութեան, կարողացան մասնակցութեան իրաւունք ստանալ Մ. Նահանգներու հանրածանօթ Եէյլ համալսարանին մէջ կայանալիք Ախոյեաններու շրջագայութեան ծրագիրին։
Նշենք, որ ամբողջ աշխարհի 50000 մասնակիցներէն, միայն 3000 աշակերտ կը ստանան սոյն պատիւը, որ հաւաքական աշխատանքի, մտային անխոնջ մարզանքի, գիտելիքներու անբարման եւ ամառուան եղանակին երկար պատրաստութեան արդիւնք է։
Պանգկոկի մշակութային ցուցահանդէսին անոնք տարածելով հայ մշակոյթը, աւանդութիւններն ու պատմութիւնը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ եկած իրենց հասակակիցներուն, ծանօթ դարձուցին հայ ժողովուրդի պատմական եւ մշակութային հարուստ գանձարանը։










