Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2025-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեան կատարեց աղօրհնէք, որմէ ետք Տիկնանց մարմինը սկսաւ մատաղի պատրաստութեան աշխատանքը։
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 13:00-ին, մատաղօրհնէքի առիթով, Տիկնանց մարմինի անդամուհիները պատրաստեցին տարիներ շարունակ սովորութիւն դարձած սիրոյ սեղանը։ Ճաշին նախագահեց թեմիս բարեջան Առաջնորդ Տ. Սահակ Ս. եպս. Եմիշեան:
Ճաշի ընթացքին, նորընտիր Թաղային խորհուրդի ատենապետը բոլորին անունով բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդին, որ այս տարի եւս իր նախագահութեամբ պիտի տօնախմբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 122-րդ տարեդարձը:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը նախ օրհնեց ներկաները, ապա բարձր գնահատեց Տիկնանց մարմինի անդամուհիները, իրենց նուիրական ծառայութեան համար։ Նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Թաղային խորհուրդին եւ եկեղեցւոյս սարկաւագներուն, որոնք անձնուիրաբար կը ծառայեն եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին։
Առաջնորդին այցելութիւնը Ծաղկոց վարժարան
Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ին, Սրբազան հայրը ընկերակցութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւին, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Նազար Աւագեանի եւ անդամ պրն. Արսէն Գալֆայեանի, ինչպէս նաեւգ Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ պրն. Քրիս Ղալիլէասի եւ անդամ պրն. Կարօ Նատեանի, այցելեց Հ.Գ.Խաչի Մալաքեան-Գասպարեան շաբաթօրեայ դպրոց:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ եկեղեցւոյ մէջ կատարեց առաւօտեան աշակերտական աղօթք, ապա այցելեց դասարանները։ Աւարտին, ան հանդիպում ունեցաւ դպրոցին ուսուցիչներուն հետ եւ բարձր գնահատեց անոնց տարած կամաւոր աշխատանքը, նաեւ քաջալերեց անոնց նուիրական առաքելութիւնը՝ ի խնդիր հայ լեզուի պահպանման եւ հայ աշակերտի հայեցի դաստիարակութեան:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 122-ամեակի ելոյթ
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան առաջնորդին, Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ին, Թեսաղոնիկէի «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս մեծ շուքով նշուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 122-ամեակը։
Առաջնորդին բացման աղօթքէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը բարի գալուստ մաղթելով, իր երախտապարտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Սրբազան հօր, որ Թաղային խորհուրդի հրաւէրին ընդառաջեց եւ կատարեց իր այցելութիւնը Թեսաղոնիկէ: Ապա, Հայր սուրբը հրաւիրեց Թաղային խորհուրդի փոխատենապետ Արամ Էսքիճեան, որպէսզի խորհուրդին կողմէ իր խօսքը ուղղէ ներկաներուն: Ապա Հայր սուրբը ներկայացուց անցնող տարուան իրագործումները: Երեկոն մշակութային շունչով լեցուց Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Կիլիկիա» պարախումբը, նաեւ Քսանթիէն ժամանած երկու հայուհի երգչուհիներ, որոնք առաւել եւս ճոխացուցին երեկոն:
Աւարտին, Հայր սուրբը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը, որպէսզի իր հայրական խօսքը ուղղէ պարգեւատրում կատարէ եկեղեցւոյ երկար տարիներու նուիրեալներէն՝ պրն. Արթին Աբրահամեանը եւ եկեղեցւոյս սարկաւագ պրն. Էտվին Զամպաքճեանը: Սրբազան հայրը գնահատելով պարգեւեալները շեշտեց ծառայութեան հրամայականը սփիւռքեան կեանքէն ներս:
Առաջնորդական ս. պատարագ
Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2025-ին, թեմիս բարեջան առաջնորդ Տ. Սահակ Ս. եպս. Եմիշեան սուրբ Պատարագ մատուցանեց եւ քարոզեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 122-ամեակին առիթով:
Առաջնորդը ողջունեց Թեսաղոնիկէի հաւատաւոր ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ յոյն եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու եւ պատուոյ հիւրերու ներկայութիւնը: Իր քարոզին մէջ, Սրբազան հայրը շեշտեց երեք հարստութիւններու կարեւորութիւնը եւ զանոնք սերունդներուն փոխանցելու hրամայականը. հաւատք՝ հոգեւոր հարստութիւնը, եկեղեցի եւ հայրենիք՝ ազգային հարստութիւնները, հայ լեզու եւ այլ արժէքներ՝ մշակութային հարստութիւնը: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Թեսաղոնիկէի համայնքին մէջ ծառայած ննջեցեալ հայորդիներու հոգիներուն համար: Ս. Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Թեսաղոնիկէի Համազգայինի պարախումբը հանդէս եկաւ քանի մը պարային համարներով:
ԹՂԹԱԿԻՑ










