Այս շաբաթավերջին, գաղութային իրականութեան հետ սերտօրէն առնչուող երկու կառոյցներու գումարուելիք ներկայացուցչական ժողովները սոսկ կազմակերպչական օրակարգի հաւաքներ ըլլալու հանգամանքէն անդին անցնելով, հաւաքական աշխատանքի, նաեւ համատեղ գործունէութեան սահմանումի եւ վերանորոգ պատասխանատուութեան շարժառիթներ կը համարուին։
Յունաստանի Համազգայինի կառոյցը, ինչպէս նաեւ մեր գաղութի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը զուգադիպաբար իրենց գերագոյն ժողովները պիտի կատարեն ակումբներէն ներս, իւրաքանչիւրը օրակարգի վրայ արձանագրած ըլլալով բազմատեսակ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման առաջադրանքը, որ յաջորդ երկամեակին համար պիտի ճշդորոշէ գործունէութեան դաշտը եւ գաղութային կեանքը առաւել զարգացնելու հրամայականը։
Համազգայինի ներկայացուցչական ժողովը միտքի ու մշակոյթի զարգացման դարբնոց մըն է։ Հաւաքական այս մէկտեղումին ընթացքին, մշակութային ստեղծագործութեան ոլորտը կարիքը ունի վերստին նորոգուելու, վերածնելու, զայն յարմարեցնելով մերօրեայ իրականութեան, ինչպէս նաեւ հաւաքական կեանքի իւրայատկութիւններուն եւ ստեղծուած պահանջներուն։ Տասնամեակներու վրայ երկարող մշակութային կեանքի առանցքը կը շարունակէ մնալ հայ երիտասարդութիւնը, որուն ոգեղէն ներկայութիւնը աւելի քան զգալի կը դառնայ գեղարուեստական տարբեր արտայայտութիւններուն մէջ, յատկապէս հայկական պարարուեստին ընդմէջէն հետզհետէ աճող ու զարգացող նորահաս սերունդին մասնակցութեամբ։ Քանի մը շաբաթ առաջ, 200 պատանիներու եւ երիտասարդներու պարային ներկայացումը, ապա ժողովուրդին մէջ ստեղծած խանդավառութիւնը, տարբեր մեկնաբանութեան չի կարօտիր, քան սերունդները հայ մշակոյթի նրբագոյն թելերուն կապելու առաջադրանքը։
Ուրեմն, ժողովի գլխաւոր մտասեւեռումը պիտի դառնայ հայ երիտասարդ զանգուածի ներգրաւման ու անոր մշակութային ձգտումներու բաւարարման նախապատուութիւնը։ Նման ժողովներ մեզ տեւաբար կը յիշեցնեն, որ մշակոյթը ժառանգութիւն չէ պարզապէս, այլ՝ հոգեմտային մշտական շարժումին մէջ զարգացող բեղմնաւոր ստեղծագործում, որ կը պահանջէ նոր միջոցներ ու արդի մօտեցումներ, նոր հեռանկարներ՝ յատկապէս երբ կը վերաբերի երիտասարդ սերունդներու ներգրաւման գործին։ Միաժամանակ, Համազգայինը իբրեւ մտային թռիչքի ու ստեղծագործութեան աշխատանոց, պէտք է ինքզինք արժեւորէ նորահաս հայորդիներուն մէջ, որպէս իմացական եւ գաղափարական ուղիներ ակօսելու հարթութիւն։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազմակերպութիւնը կը շարունակէ հանդիսանալ հայ երիտասարդութեան ամէնէն հարազատ ու վաւերական հարթակներէն մէկը։ Մատղաշ տարիքի սկաուտական ծլարձակումներէն մինչեւ մարմնամարզական տպաւորիչ նուաճումներն ու ձեքբերումները, առողջ միտքի ու մարմնի ձեւաւորումը, ֆիզիքական եւ մտային զարգացման նպատակը, կը հանդիսանան հայորդիներու ինքնաճանաչման գլխաւոր ազդակը՝ միութեան հարազատ միջավայրին մէջ։
Այլեւս, հրամայական կը դառնայ ամբողջապէս եւ բացառաբար հայ երիտասարդ սերունդի ներգրաւման առաջնահերթութիւնը միութեան շարքերուն մէջ։ Ազգային գիտակցութեան նպատակասլաց ըմբռնումով, հարկ է Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր ներկայութիւնը տիրական դարձնէ իւրաքանչիւր հայկական օճախէն ներս, ակումբ եւ մարզադաշտ առաջնորդելով բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք ակամայ հեռու կը մնան հաւաքական կեանքէն եւ պարզապէս կը սպասեն ազդանշանի մը, իրենց էութեան խօսող սրտբաց հրաւէրի մը։
Սփիւռքահայ երիտասարդութեան դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն դիմաց, երկու ժողովները պէտք է վերածուին արդիական լուծումներ փնտռող հարթակներու։ Պատասխանները պարզ չեն, բայց վարչական նուիրեալներու պատասխանատուութեան զգացումը պէտք է շրջանցէ ամէն խոչընդոտ։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եւ Համազգայինը պարտին խօսիլ հայ երիտասարդութեան լեզուով, ի հարկին անոնց մէջ սրսկելով հայօրէն մտածելու եւ ըմբռնելու կարողութիւնը։ Երիտասարդը պիտի զգայ իր պատկանելիութեան արժէքը, միաժամանակ իր խօսքն ու գաղափարները պէտք է լսելի դառնան ու արժեւորուին։
Ամէն բանէ առաջ, երկու միութիւններու պարտականութիւնն է երիտասարդներուն մէջ արմատաւորել այն համոզումը, թէ հայ ինքնութիւնը ստեղծագործ հարստութիւն է եւ ոչ՝ անհատական կամ ընկերային սահմանափակում։
Երկու ժողովները իրենց դռները պիտի բանան միասնական նպատակի մը իրագործման համար։ Տարբեր փորձադաշտերու վրայ ամրացած զոյգ կառոյցներու գործունէութեան ճամբաները պարտին անպայման իրար մերձենալ։ Հանդիպման խաչմերուկին՝ պիտի հաստատուի հայ երիտասարդներու ապագայ երթի ուղղութիւնն ու զարգացումը։










