Ա­րիս ­Գափ­լա­նեան

0
243

Ան­ցեալ ամ­սո­ւան մէջ, իր աչ­քե­րը փա­կեց ­Գո­քի­նիոյ շրջա­նի ծա­նօթ եւ պա­տո­ւա­ւոր ազ­գա­յին­նե­րէն՝ Ա­րիս ­Գափ­լա­նեան։ Ան սի­րո­ւած էր բո­լո­րէն, մաս­նա­ւո­րա­պէս իր հեզ ու բա­րե­համ­բոյր նկա­րա­գի­րին հա­մար, այ­լեւ մօտ 50 տա­րո­ւան մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին մէջ, որ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­ջեւ իր կեան­քի վեր­ջին շրջա­նը։
­Հան­գու­ցեա­լը ծնած էր Ա­մա­րու­սիոյ մէջ՝ 1938-ին, երբ այն տա­րի­նե­րը գաղ­թա­կա­նու­թեան հա­յա­շատ հիւ­ղա­ւան­նե­րը տա­րա­ծո­ւած էին Ա­թէն­քի զա­նա­զան շրջան­նե­րը։ Զր­կո­ւած էր հա­յե­ցի կրթու­թեան բա­րիք­նե­րէն, սա­կայն ըն­տա­նե­կան օ­ճա­խի հա­յա­շունչ մթնո­լոր­տը Ա­րի­սը կա­պո­ւած կը պա­հէր հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րուն։
­Կեան­քի բե­րու­մով փո­խադ­րո­ւե­ցաւ եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Գո­քի­նիա, ուր սկսաւ զար­գաց­նել իր սե­փա­կան գոր­ծը եւ աս­տի­ճա­նա­բար մաս­նա­կից դառ­նալ հայ կեան­քին։
Ու­նէր կա­շիի վա­ճա­ռա­տուն եւ ստեղ­ծեց բա­րե­կե­ցիկ կեանք մը։ ­Կազ­մեց հայ­կա­կան շուն­չով ըն­տա­նիք մը իր կո­ղա­կի­ցին՝ Ար­մե­նու­հիին հետ, եւ բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ զա­ւակ­նե­րով ու թոռ­նե­րով, ո­րոնց փո­խան­ցեց իր սէրն ու հո­գա­տա­րու­թիւ­նը։ Ի­րար յար­գան­քի եւ սի­րոյ մթնո­լոր­տը ան­պա­կաս ե­ղաւ իր տան մէջ, սա­կայն, քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ դժբախ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ կորսնց­նե­լու իր կո­ղա­կի­ցը, ո­րուն հան­դէպ կը տա­ծէր ան­սահ­ման գուր­գու­րանք եւ հիա­ցում։
Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին գոր­ծեց ­Գո­քի­նիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վար­չու­թեան մէջ, այլ հա­ւա­տա­ւոր եղ­բայր­նե­րու կող­քին, եւ այն տա­րի­նե­րը վա­յե­լեց միու­թեան ոտ­նագն­դա­կի խում­բի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նո­ւա­ճում­նե­րը ­Գո­քի­նիոյ գա­ղու­թին մէջ։ ­Ներ­կայ ե­ղաւ շրջա­նի եւ կեդ­րո­նա­կան ե­լոյթ­նե­րուն ու ա­մէն ա­ռի­թով իր նիւ­թա­կան նո­ւէր­նե­րով զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցաւ գա­ղու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան։ Երբ ա­ռա­ջին ան­գամ Ար­ցա­խի զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու որ­բա­ցած զա­ւակ­նե­րը խմբո­վին այ­ցե­լե­ցին ­Յու­նաս­տան՝ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կար­գադրու­թեամբ, Ա­րիս նո­ւէր­նե­րով ու­րա­խա­ցուց բո­լոր պա­տա­նի­նե­րը ու ա­նոնց հրճո­ւան­քով ինք եւս գո­հա­ցում ստա­ցաւ։
Իր կեան­քի նո­ւի­րու­մը ե­ղաւ ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղե­ցին, ո­րուն ծա­ռա­յեց ա­մե­նայն հա­ւա­տար­մու­թեամբ եւ կա­նո­նա­ւո­րու­թեամբ։ Ա­մէն ­Կի­րա­կի, ներ­կայ ե­ղաւ որ­պէս թա­ղա­կան, հա­ւա­տա­լով հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թեան դե­րին, տքնե­ցաւ եւ մտա­հո­գո­ւե­ցաւ զայն շէն պա­հե­լու հա­մար, նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ հե­տա­մուտ ե­ղաւ, որ­պէս­զի ­Կի­րա­կի մըն իսկ չանց­նի ա­ռանց ե­կե­ղե­ցին բաց ըլ­լա­լու եւ ժո­ղո­վուրդ ըն­դու­նե­լու։
­Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը կը յի­շեն իր եր­կիւ­ղած շփու­մը ժո­ղո­վուր­դին հետ՝ «ող­ջոյն» առ­նե­լու եւ փո­խան­ցե­լու ժա­մա­նակ ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։ ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նախմբու­թեան օ­րը կամ մեծ տօ­նա­կան պա­հե­րը բերկ­րան­քի ա­ռիթ­ներ ե­ղան Ա­րի­սին հա­մար, ո­րուն սիր­տը ու­րա­խու­թեամբ կը ցայ­տէր ի տես ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­մարդ ներ­կա­յու­թեան։
­Հա­կա­ռակ, որ տա­րի­քի բե­րու­մով կը գան­գա­տէր իր ֆի­զի­քա­կան կա­ցու­թեան ծան­րաց­ման մա­սին, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ժո­ղով­նե­րուն ու ա­մէն ­Կի­րա­կի ե­կե­ղե­ցի ներ­կայ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը մխի­թա­րու­թիւն կը պատ­ճա­ռէր իր յոգ­նա­բեկ էու­թեան, որ սա­կայն ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ անս­պա­սե­լի ար­կա­ծի մը պատ­ճա­ռով ու ի­րեն քա­մեց ան­կո­ղի­նին վրայ։ Չ­կա­րո­ղա­ցաւ դի­մա­նալ կա­ցու­թեան ու կարճ ժա­մա­նակ յե­տոյ ան­ցաւ ան­դե­նա­կա­նին։
­Թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­բաթ, 15 Ապ­րի­լին։ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խա­գա­հեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, որ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս խօ­սե­ցաւ Ա­րիս ­Գափ­լա­նեան ան­ձի ու ազ­գա­յին մար­դու յատ­կու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ընդգծե­լով իր ե­կե­ղե­ցա­սի­րու­թիւ­նը եւ հա­մես­տօ­րէն տա­լու բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան ա­ռա­տաշ­նորհ նո­ւի­րու­մը։ Ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն եւ բա­րե­կամ­նե­րուն կող­քին, «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը եւ ­Գո­քի­նիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը պա­տո­ւե­ցին ի­րենց ան­դա­մի վեր­ջին հրա­ժեշ­տը։
­Հո­ղը թե­թեւ ըլ­լայ սի­րե­լի հայ­րե­նա­կի­ցի մար­մի­նին վրայ։

Ք.Է.