Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրին ընդառաջելով՝ 12-15 Մայիս 2017ին Աթէնք գտնուեցաւ եւ Մայրերու Օրուան նուիրուած հրապարակային ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ «Մեծ մայրս» գիրքի հեղինակ, Թուրքիոյ իրաւաբաններու մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու կազմակերպութեանց բաժանմունքի անդամ, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբանուհին՝ գրագէտ եւ քաղաքական գործիչ տիկ. Ֆէթհիէ Չէթին։ Անոր կ’ընկերակցէր եւ թարգմանիչի պարտականութիւնը սիրայօժարօրէն ստանձնած էր Հրանդ Տինք Հաստատութեան գործավար-քարտուղար տիկ. Հերմինէ Սայեան:
Ուրբաթ՝ 12 Մայիս 2017ին, կէսօրուան ժամերուն, տիկին Ֆէթհիէ Չէթին եւ տիկին Հերմինէ Սայեան՝ վարչութեան ընկերուհիներուն ընկերակցութեամբ՝ այցելեցին Հ. Կ. Խաչի գրասենեակը, ուր վարչութեան հետ ծանօթացման հանդիպում մը ունեցան, հիւրասիրուեցան եւ ընկերային ջերմ զրոյց մը ունեցան՝ բազմաթիւ հետաքրքրական հարցերու շուրջ տեսակէտներ փոխանակելով։
Հիւրերը տեղւոյն վրայ հետաքրքրական հարցազրոյց մը ունեցան «Ազատ Օր»ի, «Արմենիքա»յի եւ «pontos news» լրատուական կայքէջին հետ, ինչ որ լոյս պիտի տեսնէ յաջորդիւ։
Նոյն օրուան երեկոյեան ժամը 6։30ին, տիկին Չէթին ելոյթ ունեցաւ իր գիրքը յունարէնի թարգմանած Աթէնքի Փաթաքիս հրատարակչատան կեդրոնին մէջ։ Տիկին Չէթին ներկայ եղող հասարակութեան պատմեց իր մեծ մօր պատմութիւնը եւ այն բոլոր ապրումները, որոնք զինք մղեցին գրելու եւ հրատարակելու «Մեծ մայրս» գիրքը թրքերէն լեզուով։ Տիկին Չէթինի թարգմանութիւնը կը կատարէր տիկին Ֆրանկօ Գարաօղլան, որ օրին՝ գիրքին թարգմանութիւնը մեծ բծախնդրութեամբ կատարած էր յունարէն լեզուի։ Այնուհետեւ, տիկին Չէթին պատասխանեց ներկայ հասարակութեան կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն։
Կիրակի՝ 14 Մայիսին, կէսօրուան ժամերուն տիկին Ֆէթհիէ Չէթին այցելեց  Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարան, ուր ընդունուեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ զրուցեց Ազգային Վարչութեան անդամներուն ու ներկայ հայրենակցիներուն հետ։
Կիրակի՝ 14 Մայիսին տեղի ունեցած Հ. Կ. Խաչի ձեռնարկի մանրամասն թղթակցութիւնը եւ արտասանուած խօսքերը պիտի հրատարակուին մեր յաջորդ թիւով։