Մայիս 13ի այս օրը կ’ոգեկոչենք մահուան 89րդ տարելիցը նորվեկիացի մեծ մարդասէր Ֆրիտեոֆ Նանսէնի, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն արժանի տեղ գրաւած հայասէր օտարներու փաղանգին մէջ՝ կը զատորոշուի հայապաշտպանի իւրայատուկ լուսապսակով։
Մարդկային դաժանութիւն եւ տառապանք շատ տեսաւ Նորվեկիոյ մեծանուն այս զաւակը, որ իբրեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին ստեղծուած Ազգերու Լիկայի գաղթականական հարցերով լիազօր Յանձնակատար՝ մօտէն առնչուեցաւ տարբեր ժողովուրդներու բաժին հանուած մեծ ողբերգութեանց հետ։
Յատկապէս հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը խորապէս ցնցեց Նանսէնին։
Ատենին Նանսէն վկայեց, թէ «ինծի համար դժուար է հաւատալ, որ ոեւէ մէկը կրնայ ծանօթանալ հայ ժողովուրդի պատմութեան, առանց խորապէս ցնցուելու անոր մեծ ողբերգութենէն»։
Իսկ դուստրը՝ մեծանուն մարդասէր իր հօր յիշատակին նուիրուած յուշերուն մէջ, վկայեց.- «Հայրս մահացաւ «հայ» բառը շուրթներուն: Դուք անոր սրտի սիրելի զաւակներն էիք: Հօրս հանդէպ հայ ժողովուրդին տածած խորը սէրն ու անսահման երախտագիտութեան զգացումը անոր յիշատակի յաւերժական յուշարձանն են»:
Իրաւամբ, Հայաստանը ազգային հերոսի դափնեպսակին արժանացուց Նանսէնին, իսկ մեր ժողովուրդի աշխարհասփիւռ բեկորներու յիշողութեան մէջ, մինչեւ մեր օրերը, երախտագիտութեան խոր զգացումներով կը պահպանուի անունը այս եզակի Հայասէրին։
Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին հետ Նանսէն առնչուեցաւ իր կեանքի վերջալոյսին, 1922-1923էն սկսեալ, բայց այնուհետեւ՝ մինչեւ իր վերջին շունչը, Նորվեկիոյ այս ազնուական զաւակը ծառայեց քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան վէրքերու դարմանումին եւ ցաւերու ամոքումին։
Նանսէն ծնած է 10 Հոկտեմբեր 1861ին, Քրիսթիանիա քաղաքի (այժմու մայրաքաղաք Օսլոյի) արուարձաններէն մէկուն մէջ։ Հայրը յաջողած ու յարգուած իրաւաբան մըն էր, որ իր բարեպաշտ ու աստուածավախ վարքով խոր անդրադարձ ունեցաւ Նանսէնի կազմաւորման վրայ։ «Անձնական պարտաւորութեան եւ բարոյական սկզբունքի» շեշտակի զգացողութիւնը Նանսէն ժառանգած էր իր հօրմէ։ Իսկ մայրը, որ բնութենապաշտ էր եւ բացօթեայ մարզանքներու մեծ հակում ունէր, իր զաւկին մէջ զարգացուց մարզիկի (դահուկորդ) եւ կենդանաբանի ու ովկիանոսագէտի ընդունակութիւնները։
Այդ ճամբով էր, որ Նանսէն դարձաւ միաժամանակ մեծ մարզիկ ու հետախոյզ, գիտնական եւ գրող, պետական գործիչ ու աշխարհահռչակ մարդասէր։
Երիտասարդական իր շրջանին, անընդմէջ ութ տարի շարունակ, Նանսէն հանդիսացաւ Նորվեկիոյ դահուկարշաւի ախոյեանը։
Օսլոյի Համալսարանի բնական գիտութեանց բաժինը ընդունուեցաւ 1880ին եւ նուիրուեցաւ կենդանական մարմիններու նեարդային համակարգի ուսումնասիրութեան, ինչպէս նաեւ ովկիանոսագիտական հետազօտութիւններու։ 1887ին իր աւարտած ուսումնասիրութիւնը՝ կենդանի էակներու նեարդային կեդրոնական դրութեան մասին, Նանսէնին ապահովեց բնական գիտութեանց տոքթորի աստիճան, անոր առջեւ բանալով հեղինակաւոր Պերկընի թանգարանի գիտաշխատողի նախանձելի ասպարէզը։
Հազիւ համալսարանէն վկայուած, 1888ին, Նանսէն ձեռնարկեց տարիներու իր երազին իրագործման՝ հիւսիսային բեւեռը հետազօտող առաքելութեան մը կազմակերպումին։ Սառցակալած ովկիանոսը կտրելով դէպի հիւսիսային բեւեռ առաջանալու եւ էսքիմոներու կեանքին, ինչպէս նաեւ կենդանական աշխարհի առանձնայատկութեանց մօտէն ծանօթանալու հետախուզական առաջին այդ առաքելութիւնը ամիսներ տեւեց՝ բնական դաժան պայմաններ եւ դժուարութիւններ յաղթահարելու եզակի փորձառութիւն մը շնորհելով Նանսէնի։ Հետախուզական իր ծառայութեանց առ ի գնահատանք՝ Նանսէն նշանակուեցաւ Օսլոյի համալսարանի նորահաստատ ովկիանոսագիտութեան բաժնի վարիչ¬տնօրէն, պաշտօն՝ որ շուտով անցումի հանգրուան մը պիտի ըլլար դէպի Նանսէն պետական գործիչի հանրային ու քաղաքական աշխոյժ ծառայութեան ասպարէզը։
Մինչեւ 1900ականները Նորվեկիա մաս կը կազմէր Շուէտի թագաւորութեան։ Բայց անկախութեան ձգտումները եւ ազգային ուրոյն պետականութեան ստեղծման պահանջները սկսած էին լայն հող գտնել նորվեկիացիներու մօտ։ Նանսէն դարձաւ դրօշակիրը Նորվեկիոյ անկախացման։ Յարաբերութիւնները սրած ու լարուած էին շուէտացիներուն եւ նորվեկիացիներուն միջեւ։ Նանսէն ի գործ դրաւ անձնական մեծ հեղինակութիւն վայելող հանրային դէմքի եւ յաջող բանագնացի իր ողջ հնարաւորութիւնները, որպէսզի առճակատումի չերթան զոյգ երկիրներու յարաբերութիւնները։
Ի նպաստ Նորվեկիոյ անկախութեան կողմնորոշուած ժամանակի եւրոպական ամէնէն ազդեցիկ ուժը Մեծն Բրիտանիան էր, որուն պաշտօնական համաձայնութիւնը ապահովելու նպատակով՝ Նանսէն ուղղուեցաւ Լոնտոն, ուր աւելի քան ամիս մը մնաց եւ սերտ կապեր հաստատեց ինչպէս թագաւորին, այնպէս ալ վարչապետին հետ։ Ապահովեց նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ աջակցութիւնը Նորվեկիոյ անկախութեան միջազգային ճանաչումին։ 1905ին անկախ Նորվեկիոյ հաստատումէն ետք, Նանսէն ստանձնեց Նորվեկիոյ դեսպանի պաշտօնը Մեծն Բրիտանիոյ մօտ, 1906էն 1908։ Մինչ միջազգային իր հեղինակութիւնը ամրապնդելու իմաստով դեսպանութեան այդ տարիները արդիւնաւէտ եղան, անձնական կեանքի առումով եղան ծանր դժբախտութեան ժանանակաշրջան մը, որովհետեւ 1907ին Նանսէն կորսնցուց իր կեանքի ընկերը՝ Էվա Նանսէնը։
Կնոջ կորուստէն ետք Նանսէն հրաժարեցաւ պետական ծառայութենէ եւ իր լրիւ ժամանակը յատկացուց համալսարանական պաշտօնավարութեան եւ դստեր հոգատարութեան։ Բայց մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտ տեւեց կեանքի այդ եղանակը։ Պատերազմի բռնկումին հետ, Նորվեկիա չէզոքութիւնը ընտրեց, բայց տնտեսական դժուարութեանց առջեւ կանգնեցաւ, երբ Մ. Նահանգները պատերազմի մէջ մտան եւ արգելք դրին դէպի Նորվեկիա ապրանքներու առաքման վրայ։ Նանսէնի վիճակուեցաւ դիւանագիտական նոր առաքելութիւն մը, այս անգամ Ուաշինկթընի մօտ, տնտեսական արգելքը վերցնելու բանակցութեանց համար։ Այդ առաքելութիւնը եւս յաջողութեամբ աւարտեց Նանսէն։
Առաջին Աշխարհամարտի աւարտի օրերուն սկսած էր հասուննալ Ազգերու Լիկայի կազմութեան գաղափարը։ Նանսէն սրտանց ջատագովը եւ աջակիցը եղաւ Լիկայի կազմութեան ճիգերուն։ Եւ երբ կազմուեցաւ Ազգերու Լիկան, շտապ կարգով Նանսէնի առաջարկուեցաւ Խորհրդային Ռուսաստանի տարածքին ցիրուցան դարձած գերմանացի ռազմագերիներու հաւաքման, պատսպարման եւ տուն դարձի ծայր աստիճան պատասխանատու առաքելութիւնը։ Հակառակ խորհրդայիններու սկզբնական դժկամութեան, Նանսէն յաջողեցաւ ընդունելի խօսակից մը դառնալ պոլշեւիկներուն եւ պատուաբեր արդիւնքի տարաւ Լիկայի կողմէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը։
Իր այդ յաջողութիւնը հիմք ծառայեց, որպէսզի Ազգերու Լիկան Նանսէնի յանձնէ Լիկայի Գաղթականութեան Յանձնակատարի պատասխանատուութիւնը։ Իր այդ պաշտօնին վրայ, պատմական տարողութեամբ նուաճում մը արձանագրեց Նանսէն, երբ յաջողութեամբ կազմակերպեց Յունաստան-Թուրքիա պատերազմին եւ Իզմիրի աղէտին հետեւանքով առաջացած աւելի քան մէկ միլիոն յոյն եւ հայ տեղահաններու Յունաստան տեղափոխութիւնը, իսկ Թրակիոյ շրջանէն շուրջ կէս միլիոն թուրքերու Թուրքիա տեղափոխութիւնը։ Նաեւ կեանքի կոչեց գաղթականներու անցագրային յատուկ դրութիւն մը, որ Լիկայի օրհնութեան արժանացաւ եւ աւելի քան 52 երկիրներու կողմէ ճանչցուեցաւ՝ Նանսէնեան Անցագիր անունը ստանալով եւ մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք ալ ի զօրու մնալով։
Իր այդ նուաճումին համար, 1922ին, Նանսէն արժանացաւ Նոպէլեան Խաղաղութեան Մրցանակին։
Նոյն այդ շրջանին էր, որ Ազգերու Լիկայի Գաղթականութեան Յանձնակատարի իր պաշտօնով, Նանսէն լծուեցաւ Եղեռնէն վերապրած հայ գաղթականութեան հոգատարութեան դժուարին աշխատանքին։ Զուգադիպեցաւ նաեւ, որ Խորհրդային Ռուսաստանի ցորենի ցանքի փճացման հետեւանքով համատարած մեծ սովի ալիք մը հարուածեց տարածաշրջանը։ Նանսէն արագօրէն օգնութեան հասաւ, խորհրդայիններու դէմ Եւրոպայի եւ Մ. նահանգներու մէջ համատարած վերապահութեան եւ թշնամանքի մթնոլորտը փարատեց, կրցաւ նիւթական միջոցներ հաւաքել եւ առաջ տանիլ հարիւր հազարաւորներ սնունդով ու բուժումով ապահովելու մարդասիրական իր մեծ առաքելութիւնը։
Խորհրդային իշխանութիւնները, որոնք թէեւ Ազգերու Լիկայով խանդավառ չէին, այդուհանդերձ գրկաբաց ընդունեցին Նանսէնը։ Նոյնիսկ նկատի չունեցան, որ իր երկրի՝ Նորվեկիոյ քաղաքական կեանքին մէջ, Նանսէն երդուեալ հակառակորդ էր ընկերվարական հակումի տէր կուսակցութեանց։
Խորհրդային ընդունելութեան արժանացած՝ Նանսէն 1925ին Հայաստան այցելեց, մօտէն հետեւելու համար Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութենէն վերապրող արեւմտահայ գաղթականութեան հոգատարութեան գործին։ Նանսէն միաժամանակ Միջին Արեւելքի մէջ ցրուած հայ գաղթականութեան հոգատար պահապանը դարձաւ եւ մինչեւ 1930ի իր վախճանը՝ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ վերապրող հայութեան վէրքերը դարմանելու եւ մեծ վիշտը ամոքելու համար։
Պատահականօրէն չէ կատարուած Նանսէնի այն հաստատումը, թէ՝ «Չարիքն ու բռնութիւնները չեն կարողացած ընկճել հայ ժողովուրդին. ամէն անգամ, որեւէ տեղէ ծագած լոյսի նշոյլն անգամ սնուցած է ազատութեան երազանքը հայ ժողովուրդին մէջ»։ Այդ հիման վրայ ալ, Նանսէն կարեւորութեամբ կ’ընդգծէր, թէ «Հայ ազգի պատմութիւնը ամբողջութեամբ փորձարկում է: Գոյապահպանութեա՛ն փորձարկում»:
Մեծ մարդասէրին եւ հայապաշտպանին մահուան 89րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման այս հակիրճ էջով կ՚արժէ ընթերցողին ուշադրութիւնը կեդրոնացնել հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրին վերաբերեալ Նանսէնի հետեւեալ խորհրդածութեան վրայ, որ միանգամայն անոր պատգամն է մեր սերունդներուն.-
«Եւրոպական ժողովուրդներն ու պետական գործիչները յոգնած են մշտնջենական Հայկական Հարցէն: Ատիկա ինքնըստինքեան հասկնալի է: Չէ՞ որ այդ հարցը անոնք ձախողեցուցին: Հայաստան անունը անոնց նիրհած խիղճերուն մէջ կ’արթնցնէ սոսկ ուրացուած կամ չկատարուած խոստումներու տհաճ յիշողութիւններ:
Անոնք իրենց մատը մատին չզարկին՝ իրենց խոստումները կատարելու համար, քանի որ այդ խոստումները տրուած էին թէեւ փոքր ու արնաքամ, սակայն շնորհալի ժողովուրդի մը, որ չունէր նաւթի ու ոսկիի հանքավայրեր: Կը կարեկցիմ հայ ժողովուրդին, որ խճճուեցաւ եւրոպական քաղաքականութեան մէջ: Հայ ժողովուրդին համար աւելի լաւ կրնար ըլլալ, եթէ իր անունը երբեւէ հնչած չըլլար եւրոպացի ոեւէ քաղաքագէտի բերնէն»…
Հայ ժողովուրդի իրաւապաշտպան մեծ Մարդասէրին յիշատակին ծաղկեպսակ թող ըլլայ անոր խոհերէն քաղուած հետեւեալ վկայութիւնը.-
«Ինձ համար դժուար է հաւատալ, թէ որեւէ մէկը կրնայ ծանօթանալ հայ ժողովուրդի պատմութեան, առանց խորապէս ցնցուելու անոր մեծ ողբերգութենէն։
«Հայ ժողովուրդը հոգածութեամբ պահպանելով իր հին ու ինքնատիպ մշակոյթը՝ յաջողութեամբ կը զարգացնէ զայն՝ անոր տալով չտեսնուած փայլ»։
Ֆրիտեոֆ Նանսէն (1861-1930)
Ֆրիտեոֆ Նանսէն (1861-1930). Հայ ժողովուրդի իրաւապաշտպան մեծ Մարդասէրը Ն.