Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական նամակ ստացած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն։ Պրն. Նախագահը առաջին հերթին կը վստահեցնէ, որ Ֆրանսա «միջազգային իր դաշնակիցներուն հետ պիտի շարունակէ աշխատիլ ի խնդիր խաղաղութեան եւ ապահովութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս, պահպանելով ցեղային ու կրօնական բազմազանութիւնը եւ ինքնութիւնը, որ շրջանի իւրայատուկ յատկանիշներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Ֆրանսա նաեւ պիտի շարունակէ պայքարիլ ծայրայեղութեան դէմ՝ պաշտպանելով ցեղային ու կրօնական ծայրայեղութեան ու բռնութեան զոհ դարձած համայնքները»։ Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին, ան կը շեշտէ՝ «արդարութեան վրայ հիմնուած տագնապի քաղաքական լուծման կարեւորութիւնը, որպէսզի Սուրիոյ ժողովուրդը բաղկացնող ցեղային ու կրօնական համայնքները կարենան ապրիլ խաղաղութեան մէջ՝ յարգուած տեսնելով իրենց մարդկային իրաւունքները»։ Ֆրանսայի նախագահը նաեւ կ՚անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Յիշատակելով, թէ «Հայոց Ցեղասպանութենէն հարիւր տարիներ յետոյ Միջին Արեւելքը տակաւին կ՚ապրի բռնութեան ու բռնակալութեան մթնոլորտի մէջ»,- նախագահը կը վստահեցնէ, թէ Ֆրանսա «հաւատարիմ իր կեցուածքներուն՝ պիտի շարունակէ շեշտել ճշմարտութեան հրամայականը եւ հաւաքական յիշողութեան պահպանման կարեւորութիւնը աշխարհի բոլոր երկիրներէն, ներառեալ Թուրքիայէն ներս», միաժամանակ ընդգծելով, որ Ֆրանսա «անկեղծ բարեկամ է Հայաստանին եւ աշխարհի բոլոր կողմերը ապրող հայ ժողովուրդին, եւ ան ամբողջութեամբ յանձնառու է Ղարաբաղի հարցին բանակցութեանց ճամբով մնայուն լուծում մը գտնելու՝ յօգուտ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն»։ Վերջապէս, Մաքրոն կը վերահաստատէ Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող զօրեղ բարեկամութիւնը, Լիբանանը նկատելով տիպար երկիր մը գոյակցութեան, բազմազանութեան եւ ժողովրդավարութեան, ուր հայ համայնքը ունի իր կարեւոր տեղը։
Ֆրանսայի նախագահին նամակը՝ ուղղուած Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Ֆրանսայի նախագահին նամակը՝ ուղղուած Արամ Ա. Կաթողիկոսին