Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւի նախագիծը

 25 Նոյեմբերի երեկոյեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտը, իր յատուկ նիստի ընթացքին, ընդունեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւի նախագիծը: Նախագիծը ընդունուած է 305 կողմ, 1 դէմ և 30 ձեռնպահ ձայներով:
Բանաձեւը ներկայացուցին ծերակուտականներ Պրունօ Ռետայօ, Փաթրիքոյ Մաննէ, Էրվէ Մարսել, Ալիան Աղասսի եւ Կիյոմ Կոնտարտ:

Բանաձեւին մէջ նկատի առնուած են հետեւեալ առանցքային կէտերը

Կ՚առաջարկէ կառավարութեան ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը,

-Կը դատապարտէ Թուրքիոյ եւ օտար վարձկաններու աջակցութեամբ Ատրպէյճանի իրականացուցած յարձակողականութիւնը ու կը պահանջէ ատրպէյճանական զօրքերու դուրս բերումը 27 Սեպտեմբերէն ի վեր պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով գրաւուած տարածքներէն,

-Կը պահանջէ կառավարութենէն գործադրել բոլոր հնարաւոր ջանքերը Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջագիծէն ներս բանակցային գործընթացի վերսկսման համար, որ պիտի ապահովէ 1994-ին հաստատուած սահմաններու վերականգնումը, հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ տեղահանուած բնակչութեան վերադարձը, ինչպէս նաեւ պիտի պաշտպանէ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը։

Բանաձեւը կը յիշատակէ նաեւ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Սումկայիթի, Կիրովապատի, Պաքուի եւ Մարաղայի հայկական ջարդերը եւ յղում կը կատարէ ցեղապաշտութեան ու անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնաժողովի (Ե.Խ.) ու Ցեղային խտրականութեան հարցերով Մ.Ա.Կ.-ի կոմիտէի (CERD)` Ատրպէյճանի վերաբերեալ զեկոյցներուն, նշելով Ատրպէյճանէն տեղահան եղած հայ բնակչութեան իրողութիւնը։
Նշենք, որ բանաձեւը կառավարութեան կողմէ պարտադիր կատարման ենթակայ չէ: Դեկտեմբերին, բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դրուի Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ, որմէ ետք, անոր ի նպաստ  քուէարկութեամբ, պիտի վաւերացուի Ֆրանսայի նախագահին կողմէ ու պիտի դառնայ պետական օրէնք: