«Հայերն Այսօր» կը նշէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան երկու փուլերով` Յունիսի 11ին եւ 18ին:
Հրապարակուած ցանկերուն մէջ կայ չորս հայ թեկնածու: Անոնցմէ երկուքը կը ներկայանան Մաքրոնի նորաստեղծ «Յառաջ Ընթացող Հանրապետականներ»ը կուսակցութեան, մէկը` ընկերվարական, մէկն ալ Պայրուի Ժողովրդավարական շարժումի ցանկէն: Այս մասին կը տեղեկացնէ ֆրանսահայ «Նոր Յառաջ» թերթը:
«Յառաջ Ընթացող Հանրապետականներ» կուսակցութեան ցանկէն ներկայացող հայերէն մէկը ձեռնարկատէր Տանիէլ Ղազարեանն է, որ պիտի ըլլայ նշեալ կուսակցութեան թեկնածուն Ռոն նահանգի (69) 13րդ ընտրատարածքին մէջ: Միւսը` Փասքալ Շամասեան, Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի (13) առաջին ընտրատարածքէն:
Ընկերվարականներու ցանկին մաս կազմող հայ միակ թեկնածուն է Ֆիլիփ Գիզիրեան, որ պիտի ներկայանայ Լուառ նահանգի (42) թիւ 3 ընտրատարածքէն:
Իսկ Ժողովրդավարական շարժում կուսակցութեան ցանկէն ներկայացող հայանուն թեկնածուն Նատիա Եսայեանն է: Ան ծագումով պաղեստինցի քրիստոնեայ մըն է, որ ամուսնացած է հայու հետ: Կը ներկայանայ Վիերզոնի մէջ (Շէր նահանգ — 18)` 2րդ ընտրատարածքէն:
Ֆրանսայի ընտրութիւններուն` չորս հայ թեկնածու
Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն` չորս հայ թեկնածու