Կիրակի՝ 19 Նոյեմբեր 2017ին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Յունաստանի տեղական մարմնի տարեկան դրամահաւաքը։ նուիրահաւաքի կազմակերպման գործին մասնակցեցան կամաւորներ գաղութի մէջ գործող միութիւններէն, որոնք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղի վարչականներուն հետ միասին, համախմբուեցան ICAP ընկերութեան հեռաձայնային կեդրոնին մէջ:
Յունահայութիւնը անգամ մը եւս յաղթահարելով երկիրը հարուածած տնտեսական ճգնաժամը, իր ջանքերը միացուց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համաշխարհային ծրագիրին:
Ցարդ հաւաքուած գումարը 17.523 եւրօ է եւ կը շարունակուի հեռաձայնելով Հիմնադրամի վարչութեան անդամներուն։
Այս տարուան Ֆոնեթոնէն հանգանակուած գումարը պիտի տրամադրուի Արցախի «Խորքային հորերու հորատման» ծրագիրին:
ՖՈՆԵԹՈՆ 2017
17.523 եւրօ հանգանակուեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Յունաստանի Ֆոնեթոնին ընթացքին