Աշխատութիւնը նուիրուած է Թ. դարու երկրորդ կէսի հայ-բիւզանդական եկեղեցական յարաբերութիւններուն: Այս ժամանակաշրջանին Կոստանդնուպոլսոյ Ֆոթիոս պատրիարքը (858-867, 877-886), Հայոց կաթողիկոս Զաքարիա Ա. Ձագեցին (855-876) եւ Աշոտ Ա. Բագրատունին (862-891) բանակցութիւններ ունեցան՝ վերականգնելու համար Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաղորդութենական կապը (Ευχαριστιακή κοινωνία) Տիեզերական Ուղղափառ (Օրթոտոքս) Եկեղեցւոյ հետ: Այդ միարարական ջանքերու համաձայն 862ին գումարուեցաւ Շիրակաւանի ժողովը, որու ընթացքին Հայոց Եկեղեցին՝ համաձայն Ֆոթիոսի առաջարկած ծրագիրին, ընդունած է Դ., Ե., Զ. եւ Է. Տիեզերական ժողովներու որոշումները՝ պահպանելով հանդերձ իր ծիսական իւրայատկութիւնները: Կնքուած եկեղեցական միութիւնը, սակայն, երկար չտեւեց, եւ պատմական ու հասարակական որոշ հանգամանքներու պատճառով, կարճ ժամանակ յետոյ անիկա չեղեալ նկատուեցաւ: Ֆոթիոսի ու Հայոց միջեւ փոխանակուած փաստաթուղթերուն մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունի Զաքարիա Կաթողիկոսին ուղղուած Թուղթը: Այն պահպանուած է միայն միջնադարեան հայերէն թարգմանութեամբ: Գ. Ղազարեանի աշխատութեան մէջ ընդգրկուած է Թուղթի թարգմանութիւնը գրաբարէն նոր յունարենի՝ օժտուած անհրաժեշտ ներածական տուեալներով ու ծանօթագրութիւններով:
Այս թարգմանութիւնը առաջին ամբողջական օտարալեզու թարգմանութիւնն է՝ կատարուած Թուղթի քննական բնագրի հիման վրայ: Որպէս Մեծն Ֆոթիոսի հոգեւոր ժառանգութեան նշանակալից մասունք, այլեւ որպէս բիւզանդական մատենագրութեան կարեւոր յուշարձան, որ այլեւս մատչելի պիտի ըլլայ յունալեզու գիտական շրջանակներուն, Հայոց հովուապետին յղուած Թուղթը վստահաբար օգտակար պիտի ըլլայ այն աստուածաբանական երկխօսութեան համար, որ այսօր կ՚ընթանայ ուղղափառ եւ արեւելեան մինչ-քաղկեդոնական քրիստոնեաներու միջեւ: Անկէ անդին, սոյն աշխատութեան հիմնական նպատակներէն մէկն է յոյն ուսումնասիրողներու մէջ հայ մատենագրութեան եւ առ հասարակ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու հանդէպ հետաքրքրութեան աշխուժացումը ու խթանումը:
Ֆոթիոս պատրիարքը եւ Հայոց եկեղեցին
Ֆոթիոս պատրիարքը եւ Հայոց եկեղեցին. Մեծ Հայքի կաթողիկոս Զաքարիային ուղղուած Թուղթի նշանակութիւնը, Գէորգ Ղազարեան, Աթէնք, «Ηρόδοτος» հրատարակչութիւն, 2019