Կիրակի՝ 16 Յունուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Նէոս Գոզմոսի(Ֆիքս) «Ս. Յովհ. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր ս. եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ եւ աւանդական մատաղօրհնութեամբ նշուեցաւ եկեղեցւոյս անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան տարեդարձը։
Պատարագեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց Յունաստանի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ ս. արք. Խաչերեան:
Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան, բարշ. Լեւոն սրկ. Ունանեան եւ փոքր դպիրներ Գրիգոր Ունանեան եւ Փիլիպպոս Պրունծոս-Երանոսեան:
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս դպրաց դասը, դպրապետութեամբ՝ Բարշ. Պետրոս սրկ. Պարսամեանի, եւ խմբավարութեամբ ու երգեհոնի ընկերակցութեամբ, երաժիշտ Կարօ Պարտաքճեանի։
Պատարագիչ Սրբազան հայրը¸ օրուան տօնին խորհուրդէն մեկնելով¸ իր քարոզին մէջ նշեց¸ թէ մարդու փրկութեան աստուածային փրկագործական տնօրիումով խոստացուած Փրկիչին գալուստը¸ Յովհաննէս Մկրտիչի հրաշալի ծնունդով իրագործման ծիրին մէջ կը մտնէ¸որմէ առաջ պիտի գայ Աստուծոյ պատգամաբերը¸ պատրաստելու համար Փրկիչին ճամբան՝ ըստ Եսայի մարգարէի կանխատեսումին։ Յովհաննէս Մկրտիչ պատգամեց¸ ազդարարեց ժողովուրդը պատրաստելով եւ մկրտելով զանոնք Աստուծոյ արքայութեան գալուստին։ Յովհաննէս Մկրտիչ հակառակ իր ունեցած ժողովրդային համբաւին¸ չշեղեցաւ իր առաքելութենէն¸ եւ երբ մարդիկ զինք մեսիան կարծեցին¸ եւ ան ցոյց տուաւ Անոր¸ որ իրմէ վերջ գալիք էր։ Չնեղացաւ երբեք¸ երբ նոյնիսկ իր աշակերտներէն ոմանք հետեւեցան Յիսուսի։ Յովհաննէս Մկրտիչ մարմնաւորեց այն անձը¸ որ իրեն յանձնուած պատասխանատուութեան գիտակից է եւորուն համար գործն ու նպատակը անձէն առաջ եւ աւելի կարեւոր է։
Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին հռչակած Սփիւռքի Տարուան ակնարկելով¸ Սրբազան հայրը նշեց¸ թէ Ցեղասպանութենէն ետք աշխահասփիւռ հայկական գաղութներու արագօրէն կազմակերուելուն հիմնական պատճառը կը կայանայ անոր մէջ¸ որ այդ օրերու պատասխանատուներ եւ ժողովուրդ¸ հաւաքական կամքով եւ աշխատանքով¸ ամէն մարդ իր պարտականութիւնը իր անձէն աւելի առաջ եւ վեր նկատեց եւ լծուեցաւ գաղութի կազմակերպման եւ ազգային կառոյցներու ստեղծման աշխատանքին։ Ազգային կեանքի մէջ առհասարակ պատասխանատուն անձը այն է¸ որ ազգին կառքը դէպի առաջ կը հրէ եւ ոչ թէ կառքին առջեւ կը կանգնի¸ եւ ոչ ալ կառքին վրայ կը նստի¸ որ ուրիշներ առաջ քշեն զայն ։
Ս. պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն, եկեղեցւոյս հանգուցեալ քահանաներու, սարկաւագներու, դպիր-դպրուհիներու, ծառայողներու եւ բարերարներու յիշատակին։
Նկատի առած «Քորոնա» համաճարակին ստեղծած առողջապահական սահմանափակումները, տօնակատարութեան մատաղի ամբողջական պատրաստութիւնը կատարուեցաւ եկեղեցասէր Տիկնանց մարմնոյ անդամուհիներուն կողմէ առանձնաբար իրենց բնակարաններէն ներս:
Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետն ու անդամներ, ինչպէս նաեւ Ատտիկէի մեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ:
Այս առիթով, Նէոս Գոզմոսի(Ֆիքս) «Ս. Յովհ. Կարապետ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Թաղային խորհուրդն ու Տիկնանց մարմինը, եկեղեցւոյս անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան զոյգ տօներուն առիթով, իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն Յունաստանի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեանին, որ հանդիսաւորապէս ս. եւ անմահ պատարագը մատուցանեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց ու աւարտին կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն եւ գնահատանք եկեղեցւոյս երկարամեայ դպրապետ բարշ. Պետրոս սրկ. Պարսամեանին, խմբավար եւ երգեհոնի մենակատար երաժիշտ Կարօ Պարտաքճեանին, Ս. Խորանիս սպասարկողներ բարշ. Լեւոն սրկ. Ունանեանին, եւ փոքր դպիրներուն, դպրաց դասի անդամ-անդամուհիներուն, որոնք իրենց ճշդապահ եւ անխափան մասնակցութեամբ եւ ծառայութեան բարձր գիտակցութեամբ, եկեղեցական մեր արարողութիւններուն կու տան փայլք եւ վեհութիւն։
Շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք, ուխտաւոր ներկայ թէ առցանց հետեւող ծխականներուն, փոխան մատաղի նուիրատուներուն եւ բարերարներուն, որոնք հոգեւոր եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ իրենց պարտականութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյս անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան զոյգ տօներուն առիթով:
Արարողութիւնն ու Առաջնորդ Սրբազան հօր պատգամը տրամադրելի են առցանց եւ կարելի է հետեւիլ եկեղեցւոյս (YouTube)-ի կայանէն հետեւեալ հասցէներով.- https://youtu.be/xcLzXrE8AFs եւ https://youtu.be/PxQbSLNyBAU։ Վարձքը կատար բոլորին։
«Ս. Յովհ. Կարապետ» եկեղեցի
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Ֆիքսի «Ս. Յովհ. Կարապետ» եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան տօնը