­Չո­րեք­շաբ­թի, 18 ­Յու­նո­ւա­րին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5:30-ին, Հ.Կ.­Խա­չի ­Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի ըն­կե­րու­հի­նե­րը հան­դի­պում ու­նե­ցան քոյր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու եւ բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հետ, մաս­նա­ճիւ­ղի կազ­մա­կեր­պած այս տա­րո­ւան ա­ռա­ջին ան­դա­մա­կան ժո­ղո­վին:
­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Շողիկ ­Պա­պօղ­լեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք, ներ­կա­յա­ցուց վար­չու­թեան զե­կոյ­ցը եւ ա­պա­գա­յի ծրագրուած ձեռ­նարկ­նե­րը:
Ա­պա, աշ­խոյժ պա­րով ու ­Կա­ղան­դի եր­գե­րով ներ­կա­նե­րը ըն­դու­նե­ցին ­Կա­ղանդ ­Պա­պան, որ այս տա­րի հա­կա­ռակ անց­նող տա­րի­նե­րու՝ բա­ւա­կան ե­րի­տա­սարդ էր ու կեն­սու­նակ: ­Բայց ­Կա­ղանդ ­Պա­պան մի­նակ չէր, այլ Հ.Կ.­Խա­չի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի 2-րդ ­դա­սա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ իր հետ այ­ցե­լե­ցե­ցին ա­կում­բի շգե­ղօ­րէն զար­դա­րո­ւած սրա­հը եւ շատ գե­ղե­ցիկ ներ­կա­յա­ցում մը հրամ­ցու­ցին ներ­կա­նե­րուն, ի­րենց ու­սուց­չու­հի տիկ. Ան­նա ­Սա­ֆա­րեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ:
Նշ­մա­րե­լի ե­ղաւ բո­լո­րին ու­րա­խու­թիւ­նը ու հրճուան­քը, երբ կը լսէին ան­մեղ ձայ­նե­րով եւ ման­կա­կան շրթունք­նե­րէ ար­տա­սա­նո­ւած բա­ռերն ու եր­գե­րը:
­Ներ­կա­յա­ցու­մի ա­ւար­տին, ըն­կե­րու­հի­նե­րը մայ­րա­կան գուր­գու­րան­քով եւ զօ­րա­ւոր ծա­փե­րով շնոր­հա­ւո­րե­ցին բո­լոր փոք­րիկ­նե­րը:
Յաջորդաբար, ­Ֆիք­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ արժ. Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան օրհ­նեց ա­մա­նո­րեայ գա­թան եւ իր սրտի խօսքն ու այս տա­րո­ւայ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն: Ապա, վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ միաս­նա­բար կտրեցին գա­թան եւ բո­լոր ներ­կա­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ ­Յի­սու­սի Ծնն­դեան Ա­ւե­տի­սը հնչեց սրա­հին մէջ:
Այս բո­լոր ու­րախ ե­րե­ւոյթ­նե­րը հե­ռու չպա­հե­ցին ներ­կա­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մա­սին մտա­ծե­լէ եւ բա­ւա­կան մտա­հոգ վայր­կեան­ներ ապ­րե­ցան երբ լսե­ցին ընկ. ­Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեա­նի փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը Ար­ցա­խի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ:
Ե­րե­կո­յեան, հա­ւա­քոյ­թը վեր­ջա­նա­լէն ա­ռաջ, վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը կա­տա­րե­ցին պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն մը, ո­րով բո­լո­րը գոհ մնա­ցին եւ հրամ­ցո­ւած խմիչ­քի գա­ւաթ­նե­րը բարձ­րաց­նե­լով, ըն­կե­րու­հի­նե­րը ի­րա­րու ­Նոր ­Տա­րին եւ ­Սուրբ Ծ­նուն­դը շնոր­հա­ւո­րե­ցին:
­Մեկ­նե­լէ ա­ռաջ, յոտն­կայս եր­գո­ւե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի քայ­լեր­գը եւ ըն­կե­րու­հի­նե­րը դար­ձեալ մօտ օ­րէն ի­րար հան­դի­պե­լու խոս­տու­մով մեկ­նե­ցան ա­կում­բէն, հո­գե­կան եւ մտա­յին մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ, ա­ռա­ւել ի­րենց հետ ու­նե­նա­լով գե­ղե­ցիկ տօնական յու­շա­նո­ւէր մը, տրամադրուած Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

ՆԱՅԻՐԻ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ