Ֆ­րան­սա­յի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դը ­Յու­նո­ւար 26ին հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան հա­մա­րած է ազ­գա­յին կամ կրօ­նա­կան հո­ղի վրայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նե­լու մա­սին Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի ­Դեկ­տեմ­բեր 22ին ըն­դու­նած ո­րո­շու­մը:
­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դը ո­րոշ փո­փո­խու­թիւն­ներ պա­հան­ջած է օ­րէն­քի 173րդ ­յօ­դո­ւա­ծի 2րդ ­կէ­տին մէջ, որ կը վե­րա­բե­րի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ ո­րոշ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու (ո­րոնց շար­քին` ա­նոնք, ո­րոնք դեռ ի­րա­ւա­բա­նօ­րէն այդ­պի­սին չեն հա­մա­րո­ւիր) ժխտման հա­մար տու­գան­քին:
­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դը սահ­մա­նած է, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նե­լը եւ ան­կէ բխող տու­գանք­ներ պար­տադ­րե­լը կը խախ­տեն 1881ին ըն­դու­նո­ւած խօս­քի եւ մա­մու­լի ա­զա­տու­թեան մա­սին օ­րէն­քը, ինչ որ կը հա­կա­սէ Ֆ­րան­սա­յի սահ­մա­նադ­րու­թեան:
­Շատ կա­րե­ւոր է նշել եւս մէկ նրբու­թիւն. Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի օ­րէն­քի փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն մէջ կը խօ­սո­ւի քրէա­կա­նաց­ման մա­սին ոչ միայն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին, ո­րոնք ի­րա­ւա­բա­նօ­րէն ար­դէն յան­ցա­գոր­ծու­թիւն ճանչ­ցո­ւած են, այլ նաեւ այն յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նե­լու մա­սին, ո­րոնք ի­րա­ւա­բա­նօ­րէն դեռ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կամ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն չեն հա­մա­րո­ւիր եւ այս պա­հուն պատ­մա­բան­նե­րու վէ­ճի ա­ռար­կայ են:

­Կը դա­տա­պար­տենք Ֆ­րան­սա­յի Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դին
ո­րո­շու­մը,- կը յայ­տա­րա­րէ Մու­րատ ­Փա­փա­զեան

Ֆ­րան­սա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը դա­տա­պար­տէ ազ­գա­յին կամ կրօ­նա­կան հո­ղի վրայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նե­լու մա­սին Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի ­Դեկ­տեմ­բեր 22ին ըն­դու­նած ո­րո­շու­մը Ֆ­րան­սա­յի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դին կող­մէ ան­վա­ւեր հա­մա­րե­լը: Այս մա­սին ­Յու­նո­ւա­րի 27ին, NEWS.amի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, ը­սած է Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան։ «­Սահ­մա­նադ­րա­կան խոր­հուր­դի ո­րո­շու­մը կը դա­տա­պար­տենք, ա­նի­կա ան­հիմն է, հա­մա­ձայն չենք այդ ո­րո­շու­մին: ­Գի­տէինք, որ վտանգ կայ, հնա­րա­ւոր է, որ մեր­ժէ, ինչ­պէս 2012 թո­ւա­կա­նին ե­ղաւ, բայց լա­ւա­տես էինք»,- ը­սած է ան:
­Մու­րատ ­Փա­փա­զեա­նի խօս­քով՝ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դի այս ո­րո­շու­մը չի կրնար պատ­ճառ դառ­նալ, որ­պէս­զի Ֆ­րան­սա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­մար ծա­ւա­լած պայ­քա­րը դադ­րեց­նէ:
«­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դը խնդիր տե­սաւ եւ ան­վա­ւեր հա­մա­րեց օ­րէն­քը, բայց ա­տի­կա մե­զի չի կրնար ստի­պել, որ­պէս­զի չպայ­քա­րինք, որ ­Թուր­քիան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նայ: ­Մենք մեր պայ­քա­րը տար­բեր ձե­ւե­րով պի­տի շա­րու­նա­կենք, բայց նախ պէտք է հասկ­նանք` ինչ­պէ՞ս պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր պայ­քա­րը: ­Կա­րե­լի է ը­սել, որ ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան ճնշում­նե­րը հնա­րա­ւոր է, որ ազ­դած են ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին վրայ»,- ը­սած է ­Փա­փա­զեան:
Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գա­հը նշած է, որ Ֆ­րան­սա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նե­լու մա­սին օ­րի­նա­գի­ծը ճանչ­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ ահ­ռե­լի աշ­խա­տանք կա­տա­րած է եւ չի կար­ծեր, որ ­Յու­նո­ւար 26ին ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դին կող­մէ նման ո­րո­շում կա­յաց­նե­լը ի­րենց թե­րի աշ­խա­տան­քին պատ­ճա­ռը կրնար ըլ­լալ:
«Ֆ­րան­սա­յի հայ հա­մայն­քը ար­դէն 10 տա­րիէն ա­ւե­լի կ­՛աշ­խա­տի այս օ­րի­նա­գի­ծի ըն­դուն­ման հա­մար, իսկ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ահ­ռե­լի աշ­խա­տանք կա­տա­րո­ւած է, ո­րով­հե­տեւ նա­խա­գահ Օ­լանտ իր խոս­տու­մը կ­՛ու­զէր կա­տա­րել: Ֆ­րան­սա­ցի եւ մեր ի­րա­ւա­բան­նե­րու հետ այս օ­րէն­քի վրայ լրջօ­րէն աշ­խա­տած ենք, որ­պէս­զի այս օ­րէն­քը անց­նէր, սա­կայն, ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նը նման ո­րո­շում կա­յա­ցուց»,- ը­սած է ան: