Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի պատ­կե­րաս­փիւ­ռի «Ա­ռա­ջին Լ­րա­տո­ւա­կան ­Ծա­ռա­յու­թիւն» կա­յա­նի (իշ­խա­նու­թեան բան­բե­րի հան­գա­մանք ու­նի) «Օ­րա­կարգ» լրա­տո­ւա­կան յայ­տա­գի­րի Ե­րեք­շաբ­թի՝ ­Յու­նիս 6ի հա­ղոր­դում­նե­րուն շար­քին էին եր­կու ու­շագ­րաւ տե­ղե­կու­թիւն.
Ա.- ­Մեծ ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւն­նե­րուն պի­տի պար­տադ­րո­ւի ո­րոշ թա­փան­ցի­կու­թիւն, որ­պէս­զի շա­հա­տուր­քե­րը հա­կակ­շի­ռի տակ բե­րո­ւին։
Բ.- Ո­րո­շո­ւած է փա­կել դրա­մագ­լուխ­նե­րու «փա­խուստ»ի ճամ­բա­նե­րը, այ­սինքն՝ կա­սեց­նել այ­լուր փո­խան­ցու­մը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ շա­հո­ւած այն գու­մար­նե­րուն, ո­րոնք ա­ռանց շա­հա­տուր­քի կը տե­ղա­փո­խո­ւին կիպ­րա­կան, լիւք­սեմ­պուր­կեան, պահ­րէյ­նեան եւ այլ դրա­մա­տու­ներ։
Ո­րո­շու­մին նպա­տակն է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծառ­նու­թիւն կա­տա­րող­նե­րուն եւ շահ ա­պա­հո­վող­նե­րուն պար­տադ­րել, որ օ­րի­նա­կան հար­կե­րը վճա­րեն։
Երկ­րորդ. ո­րո­շու­մին վրայ յա­ւե­լեալ լոյս սփռե­լու հա­մար, պահ մը ետ եր­թանք, գո­նէ 4-5 տա­րի ետ եւ յի­շենք, որ այդ օ­րե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան-ե­լե­ւեմ­տա­կան բե­մը պահ մը փո­թոր­կե­ցաւ, երբ ի յայտ ե­կաւ, որ գոր­ծա­տէ­րեր, պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան եւ նո­ւազ ա­կա­նա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, մին­չեւ ան­գամ կրօ­նա­ւոր­ներ տա­րի­նե­րէ ի վեր ստեղ­ծած են «օֆ­շո­րա­յին հա­շիւ­ներ», այ­սինքն՝ ի­րենց ա­պա­հո­ված շա­հե­րը «կը փախց­նեն» այլ եր­կիր­նե­րու դրա­մա­տու­ներ ու ե­լեւմ­տա­կան գան­ձա­րան­ներ՝ խու­սա­փե­լով օ­րի­նա­կան հար­կե­րը վճա­րե­լէ։ ­Հար­ցը ու­նէր նաեւ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան «պո­չիկ­ներ»։
­Փո­թո­րի­կը ա­ւե­լի ուշ մեղ­մա­ցաւ եւ յե­տոյ «մոռ­ցո­ւե­ցաւ»։ Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հա­ւաս­տիք տո­ւին, որ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան ու փտա­ծու­թեան դէմ մի­ջո­ցա­ռում­ներ կ’որ­դեգ­րո­ւին («օֆ­շո­րա­յին փո­խան­ցում­ներ»ն­ ալ ար­ձա­նագ­րո­ւած էին այդ սիւ­նա­կին տակ)։ Ե­կուր տես, որ հար­կե­րէ փա­խուս­տի այս դրու­թիւ­նը ի զօ­րու է (ե­ղեր) մին­չեւ այ­սօր եւ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ի վեր­ջոյ «խել­քի ըն­կած է» եւ ո­րո­շած՝ «մօտ ա­տե­նէն դադ­րեց­նել օֆ­շո­րա­յին փո­խան­ցում­ներ»ը…
­Նախ եւ ա­ռաջ՝ պէտք է գո­հու­նա­կու­թեամբ ող­ջու­նել յի­շեալ ո­րո­շում­նե­րը, ո­րոնք սկզբուն­քով կ’իյ­նան երկ­րի տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ յա­րա­կից վի­ճակ­նե­րը բա­րե­փո­խե­լու կա­ռա­վա­րու­թեան յայ­տա­րա­րո­ւած ու­ղիին մէջ, մա­նա­ւանդ, որ կը յա­ջոր­դեն խորհրդա­րա­նա­կան Ապ­րիլ 2ի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն. չենք ու­զեր հոս կրկնել բո­լոր այն խոս­տում­ներն ու ա­նոնց վրայ կա­ռու­ցո­ւող յոյ­սե­րը, ըստ ո­րոնց՝ կա­ռա­վար­ման նոր դրու­թիւ­նը բա­րիք պի­տի բե­րէ մեր հայ­րե­նի­քին։
Այ­սո­ւա­մե­նայ­նիւ, կա­րե­լի չէ ան­խառն զգա­ցում­նե­րով դի­մա­ւո­րել այս քայ­լե­րը, ո­րով­հե­տեւ մա­տնո­ւած են «լե­զուն այ­րո­ղը պաղ թան ան­գամ փչե­լով կը խմէ»ի վի­ճա­կին. նոյ­նինքն «օֆ­շո­րա­յին»ի պա­րա­գան կը թե­լադ­րէ վե­րա­պա­հու­թիւն եւ սպա­սո­ղա­կան վի­ճակ։
Ար­դեօք քա­նի մը տա­րի ետք դար­ձեա՞լ պի­տի խօ­սո­ւի նման գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ ար­գի­լող մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու մա­սին։ Իսկ ա­ւե­լի՛ կա­րե­ւո­րը՝ ո՞վ հա­շիւ պի­տի պա­հան­ջէ այն «ան­մատ­չե­լի­նե­րէն», ո­րոնք տա­րի­նե­րէ ի վեր, մին­չեւ այ­սօ՛ր, կ’օգ­տա­գոր­ծեն գու­մար­նե­րու փա­խուս­տի ճամ­բա­նե­րը։
­Կա­րե­ւոր է բա­նալ ցարդ շա­րու­նա­կո­ւող գայ­թակ­ղա­լի ու վնա­սա­րար գոր­ծառ­նու­թեանց է­ջե­րը եւ եր­կիր վե­րա­դարձնել «օֆ­շո­րա­յին» գու­մար­նե­րը։ ­Կա­ռա­վա­րու­թեան այն յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, թէ «ոչ ոք պէտք է ինք­զինք օ­րէն­քին գե­րա­դաս հա­մա­րէ», ա­հա այս­պէ՛ս պի­տի զար­նո­ւի փոր­ձա­քա­րի։