Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած փորձը՝ Յունաստանի Կորնթոս քաղաքը ներքաշելու իր սադրիչ խաղերուն մէջ, դատապարտելի է ըստ ամենայնի։
Մեր ընթերցողները արդէն տեղեակ դարձան, թէ ինչպէս Հարաւային Քորէայի մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը գործակցութեան մտադրութիւն արտայայտող համաձայնագիր ստորագրեց Կորնթոս քաղաքի ներկայացուցիչին հետ գրաւեալ Շուշիի կապակցութեամբ, անգամ մը եւս Յունաստանի մէջ ծաւալելով իր ապատեղակատուական լարերը եւ փորձելով ապակողմնորոշել յունական հանրային կարծիքը ի վնաս հայ ժողովուրդին։
Հոս, պէտք է հաստատել, թէ այս անգամ եւս Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի արագ ու կտրուկ միջամտութեամբ կարելի եղաւ կանխել ատրպէյճանական նենգամիտ քայլը ու վճռականապէս ստիպել քաղաքի պատասխանատուները չեղեալ նկատելու նոյնիսկ գործակցութեան որեւէ մտադրութիւն ցեղասպան երկիրին հետ։
Անվերապահօրէն, Հայ դատի յանձնախումբի նամակը ու քաղաքապետին կողմէ հասած պատասխանը միայն գոհունակութիւն կրնան ստեղծել՝ վերջինին կողմէ նախ կատարուած քայլին դիմաց պատասխանատուութիւնը չթաքցնելու խիզախութեան համար, ապա չեղարկելու գործակցութեան որեւէ միտում Ատրպէյճանի հետ։
Մեր ընթերցողներուն պիտի յիշեցնենք, թէ առաջին անգամ չէ, որ ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ սիրաշահիլ յունական հանրային կարծիքը։ Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր, երբ քաղաքական եւ գործառնական որոշ շրջանակներէ յառաջ մղուեցաւ Ատրպէյճանի հետ կազի վաճառքի գործակցութիւնը, նոյնիսկ Յունաստանի կազի պետական ընկերութեան գնման առջեւ հասնելով, Ատրպէյճան ամէն գնով կը փորձէ թափանցել ներքին իրականութեան մէջ, իսկ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք, այլեւս բացայայտօրէն կը ծաւալէ իր հակահայ ծրագիրները, զանոնք միշտ քօղարկած պահելով «մշակութային» եւ «պատմագիտական» շղարշի մը տակ, որ աւելի հեշտ կը դարձնէ հակահայ քարոզչութեան տարածումը։
Կարելի է թուել շարք մը օրինակներ, ինչպիսին են անցեալ տարի Թեսաղոնիկէի հանրակառքերուն վրայ գրաւեալ Շուշին գովազդելու փորձը, կամ՝ այսպէս կոչուած «Յոյն-ատրպէյճանական բարեկամութեան միութեան» միացեալ ելոյթի մը կազմակերպումը պոնտական կազմակերպութեան մը հետ։ Բոլորն ալ իրենց հակահայկական պարունակութեամբ նպատակ ունէին ներկայացնել հայ ժողվուրդը որպէս յարձակող ու ռազմատենչ կողմ, միաժամանակ նպատակ ունէին յառաջ քշել Ատրպէյճանի «խաղաղասէր» ու «մշակութային ժառանգը պահպանող» պետութեան մը դիմագիծը։
Որքան ալ այս տեսակի իրադարձութիւնները երեւութապէս հեռու են Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ միջազգային ուժերուն կողմէ սեղաններուն վրայ դրուած աշխարհաքաղաքական օրակարգերէն, անոնք կը շարունակեն ազդել հանրային կարծիքին վրայ, ոչ միայն Յունաստանի, այլեւ ընդհանրապէս եւրոպական ու արեւմտեան ցամաքամասերուն վրայ։ Ատրպէյճանական ներկայութիւնը եւրոպական ու ամերիկեան միջազգային ատեաններէն ներս, ուժանիւթի ճամբով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, նոյնիսկ Ուքրանիոյ պատերազմի իրականութեան տակ Ատրպէյճանի ու Եւրոպական միութեան միջեւ հաստատուած գործակցութիւնը բաւականաչափ լոյս չեն սփռեր Ատրպէյճանի իշխանութեան ու անոր բռնատէր Ալիեւի ընտանիքին կողմէ կատարուած կաշառակերութեան գայթակղութիւններուն վրայ։
Միաժամանակ, Ատրպէյճան պիտի շարունակէ իր քաղաքականութիւնը՝ ուժանիւթի լծակները օգտագործելով, շիրաշահիլ Արեւմուտքը ու հայութեան դէմ ստեղծել միջազգային պատեաններ։
Վերադառնալով տեղական իրականութեան, յայտնի կը դառնայ, թէ մեր համայնքային միջոցները յաճախ սահմանափակ կը թուին ըլլալ եւ ոչ բաւարար՝ դիմակայելու համար Ատրպէյճանի «քաղաքակրթական մատուցումները» յունական կողմին։ Եթէ մեր ուժերը բաւականաչափ տարողութիւնը չունին ազդելու միջպետական առեւտրական գործակցութիւններուն վրայ, մեզ կը մնայ տեղեկատուութեան ճամբով՝ անընդհատ եւ հետեւողական միջոցներով, յունական հանրային կարծիքը իրազեկ պահել ատրպէյճանական վտանգին առնչութեամբ։ Վտանգ մը, որ իր կարծր դիմագիծը ցոյց տուաւ երբ Ատրպէյճան բացայայտօրէն դասուեցաւ Թուրքիոյ կողքին՝ Յունաստանի դէմ վերջինի պատերազմական մթնոլորտ ստեղծելու գրգռութիւններուն լոյսին տակ։
Հարաւային Քորէայի մէջ անտեղեակ յոյն համալսարանական դասախօսի անխոհեմութիւնը մտածել կու տայ, թէ տակաւին շատ աշխատանք պէտք է տարուի ակադեմական լայն շրջանակներու մօտ, մասնաւորապէս պատմական ու աշխարհաքաղաքական գիտութեանց ոլորտին հետ զբաղող գիտնականներուն հետ, բացայայտելու թուրքեւատրպէյճանական ու անոնց նորօսմանական քաղաքականութեան վտանգաւոր նկրտումները։
Այլեւս, նորօսմանականութեան առաւելապաշտական քաղաքականութիւնը թիրախ չէ դարձուցած միայն Արեւելքի մէջ ապրող թրքացեղ ժողովուրդները, այլեւ գործնական լծակներ կը հաստատէ Արեւմուտքի քաղաքական, դիւանագիտական եւ ընկերային կառոյցներուն մէջ։
Մեր պատասխանը այս բոլորին դիմաց, նոյնիսկ իւրաքանչիւր հայկական համայնքի սահմանափակ ուժերու օգտագործումով, պիտի շարունակէ ըլլալ հանրային կարծիքի իրազեկումը եւ ատրպէյճանական ամէն տեսակի սադրիչ, մեծ ու փոքր փորձի դիմակայումը։
Երբեմն որպէս փոքր ու աննշան նուաճումներ երեւցող իրագործումները ուժը ունին քանդելու հայութեան առջեւ ցցուած թրքական ցեղասպան քաղաքականութեան հսկայ պատերը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՒՆ ՀԵՏ — Իրազեկել ու դիմադրել՝ համայնքային կարողականութեան ազդու գործօնը