Թուրք մամուլը կը գանգատի Նոպէլեան գրական մրցանակաւոր, թուրք նշանաւոր վիպագիր Օրհան Փամուքի մասին, օր օտար մամուլի մէջ իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին գանգատած է Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական պայմաններուն շուրջ ու եւրոպացիներէն խնդրած է, որ անոնք առանձին չթողուն Թուրքոյ մէջ հալածանքի ենթակայ մտաւորականներն ու արուեստագէտները:
Առաջին անգամը չէ անշուշտ, որ Օրհան Փամուք Թուրքիոյ համար Նոպէլեան մրցանակ մը շահած ըլլալով հանդերձ, խծբծանքի առարկայ կը դառնայ թրքական մամուլին մէջ, իր յայտարարութիւններուն համար: Այս անգամ ան հարցազրոյց ունեցած է Գերմանիոյ «Սիւտոյչէ Ցայթունկ» թերթին մէջ: Երբ իրեն հարցուած է, թէ Թուրքիոյ քաղաքական պայմանները ժխտական ազդեցութիւն թողուցին Օրհան Փամուքի նախաձեռնութեամբ բացուած «Անմեղներու թանգարան»ի այցելուներուն վրայ, Փամուք պատասխանած է, որ մասնաւորաբար նուազած է օտար զբօսաշրջիկներու թիւը. ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ ծանր պայմաններու տակ կը գտնուին մտաւորականներն ու ակադեմականները:
Օրհան Փամուք յատնած է, թէ բազմաթիւ մտաւորականներ, բժիշկներ, ակադեմականներ ու այսպիսի զարգացած մարդիկ կը վախնան, որ կը ձերբակալուին, կամ անհանգիստ են ընկերային ապրումներու բացակայութենէն, ուստի կը նախընտրեն արտագաղթել Թուրքիայէն:
Այս ըսելով հանդերձ՝ Փամուք աւելցուցած է թէ այս գաղթականներուն թիւին մասին յստակ տեղեկութիւններ չունի: