ՄԻՆՍԱՐ
Հիմա ծուռ նստինք շիտակ խօսինք…
Ժանօն, — (կնունքի անունով Յովհաննէս), — շփացած մեծցած էր…
Հայրը նիւթական շատ լաւ մակարդակ մը ունենալով, հազիւ թէ իր մէկհատիկը իրմէ բան մը պահանջեր, առանց առարկութեան անմիջապէս կ’իրագործէր…
Մայրը կ’ըսէր…
Ժանօն զոյգ մը կօշիկ պէտք ունի…
Հայրը անմիջապէս կ՚երթար, եւ ոչ թէ մէկ, այլ՝ երկու զոյգ կօշիկ կը բերէր Ժանոյին…
Մայրը կ՚ըսէր..
Ժանօն ճերմակ շապիկ մը պէտք ունի…
Արդէն խօսքը չվերջացուցած, հայրը կ՚երթար եւ երկու հատ ճերմակ շապիկ կը բերէր…
Մայրը կ՚ըսէր…
Ժանօն պէտք է անպայման օտար լեզու մը սորվի, մարդս ի՞նչ է առանց օտար լեզուի մը…
Ո՞ւր գիտնամ կնիկ… դուն ըսէ նայիմ, ի՞նչ է…
Պարապ տակառ մըն է…
Ուրեմն Ժանոս լեցուն տակառ ըլլայ ըսելէն, ես իրեն ոչ թէ մէկ, այլ երեք լեզու պիտի սորվեցնեմ…
Խնդիրը անմիջապէս կարգադրուեցաւ…
Ժանօն սկսաւ սորվիլ՝ անգլերէն, Ֆրանսերէն եւ իտալերէն…
Ասանկով ուրեմն տարիները անցան, եւ Ժանօն եղաւ… կատարեալ «մէսիյէ» Ժանօ մը…
Վայելուչ, ազնիւ, «սավուար վիվըր»է հասկցող, գիտակից ու բազմալեզու երիտասարդ մը, սակայն… չափազանց անմեղունակ եւ ծոյլ…
Հօրը-մօրը մահէն ետք, ընտանեկան լման հարստութիւնը արագ մը, եռացող ջուրի նման գնաց՝ «շոգիացաւ»…
Սաստիկ ծոյլ ըլլալուն, աշխատանքը բնաւ չէր սիրեր, ու շռայլօրէն կը ծախսէր իրեն կտակուած ծնողական հսկայ հարստութիւնը, ուտելով, խմելով, եւ անվերջ զուարճանալով…
Աման եղբայր… մարդս մէկ անգամ կ՚ապրի…
Օրին մէկը, երբ ըստ իր սովորութեան, դրամատուն այցելած էր դարձեալ դրամ «քաշելու» համար, տնօրէնը ըսաւ…
«Մէսիյէ» Ժանօ, ցաւ ի սիրտ ձեզի պէտք է տեղեկացնեմ, որ դժբախտաբար մեր դրամատան մէջ պահեստի դրուած ձեր պապենական հարստութիւնը… վերջացաւ: Ուրեմն այսօրուընէ սկսեալ, դժբախտաբար պիտի չկարենանք անգամ մը եւս իրարու հետ գործակցիլ…
Ժանօն, դրամատան տնօրէնին շնորհակալութիւն յայտնելով մեկնեցաւ, ու սրճարան մը մտնելով՝ ֆրանսական սուրճ մը ապսպրեց: Երբ սուրճը բերին, սիկարէթ մըն ալ վառեց, ու սկսաւ լրջօրէն մտածել իր առնելիք յաջորդ քայլերուն մասին…
Որպէս առաջին քայլ… ծախուեցաւ հօրենական խանութը: — (Գործը… ու անշուշտ հողամասն ալ…):
Ստացած գումարով ապրեցաւ մօտաւորապէս… երկու տարի: — (Փաշայի նման…):
Յաջորդաբար ծախուեցան…
1.- Բոլոր միւս հողամասերը: — (Երկու տարի եւս արքայական կեանք…):
2.- Մօր ոսկեղէնները: — (Վեց ամիս եւս թագաւորական կեանք…):
3.- Տունին կահ-կարասիները: — (Չորս ամիս եւս իշխանական կեանք…):
4.- Նոյնինքն հօրենական տունը: — (Ամա՜ա՜ա՜ն դուք ալ, այսքան մարդ վարձքով կ՚ապրին կոր, ի՞նչ պիտի ըլլայ որ…: — (Մէկ տարի եւս ազնուական կեանք…):
Իր ստացած բոլոր գումարներուն «շոգիացումէն» ետք… սկսան ծախուիլ… ա) ինքնաշարժը, բ) սուղնոց հագուստները, գ) կօշիկները, եւ վերջապէս՝ դ)… ինչ որ կրնար իրեն առանց աշխատանքի, որոշ հասոյթ մը ապահովել: — (Ութը ամիս եւս փառաւոր կեանք…):
Իրեն զգուշացնողներուն կը պատասխանէր…
-Եղբայր… դրամը ծախսելու համար ստեղծուած է… անակ չէ՞… միթէ հետերնի՞ս պիտի տանինք…
Կ՚ըսեն որ պատրաստ դրամը, ջուրի նման մատներուդ մէջէն կը սահի-կ՚երթայ…
Այժմ մեր «մէսիյէ» Ժանօն, աղքատ Ղազարոսի նման, բոլորին կողմէն մոռցուած, — (ի՞նչ զարմանալի բան է, հազիւ թէ մարդու մը դրամը վերջանայ, կը վերջանան նաեւ իր անցեալի բոլոր բարեկամութիւնները), — հարուստներուն կողմէ այն վախով, որ յանկարծ իրենցմէ դրամ չուզէ, աղքատներուն կողմէ, կարծես տեսակ մը իրմէ վրէժ լուծելու համար, նստած էր իր թաղին սրճարանին «խարխուլ» աթոռներէն մէկուն, խոր ու սեւ խորհուրդներու մէջ թաղուած, եւ իր ապագան կը մտածէր, երբ յանկարծ իրեն մօտեցաւ «առաւ-բախաւ Սագօ»ն, — (ծօ ասի բանտէն ե՞րբ դուրս ելաւ), — որ կարծես զգալով Ժանոյին վատ կացութիւնը, հարցուց…
Բարեւ Ժանօ, քեզի սուրճ մը կրնա՞մ հրամցնել, հետդ խօսելիք ունիմ…
Սիրով, շնորհակալ եմ… — (մօտ մէկ շաբաթ, սուրճ մը նոյնիսկ չէր խմած):
Սիկարէթ մըն ալ կը վառե՞ս…
Այս վիճակին ոչ թէ սիկարէթ… կաղամբի տերեւ հրամցնէին իրեն պիտի ծխէր… յուզուած ըսաւ…
Աստուած թող քեզի երկա՜ր կեանք տայ…
Մտիկ ըրէ Ժանօ, քու մասիդ ես բաւական մտածեցի, եւ որոշեցի քեզի գործ մը առաջարկել…
Գո՞րծ մը… այսինքն պէտք է որ աշխատի՞մ…
Բնաւ երբեք…: Դուն ֆրանսերէն կը խօսի՞ս, անանկ չէ՞…
Այո, կը խօսիմ…
Ուրեմն ես վստահելի անձի մը պէտքութիւնը ունիմ, որ ամիսը մէկ-երկու անգամ Զուիցերիա ճամբորդէ, ու կարգադրէ հոնտեղի գործերս: Տալիք ամսականս բաւական բարձր է, ու վստահ որ քեզի պիտի ապահովէ արժանավայել կեանք մը:
Ընելիք գործս օրինաւո՞ր է, — (հարցուց Ժանօն, որ Սագոյին ինչ ըլլալը շատ լաւ գիտէր):
Անշո՛ւշտ… թէ՛ օրինաւոր է, եւ թէ՛ ալ պարկեշտ է…
Այսի՞նքն, ըսէ նայիմ, ի՞նչ պիտի ընեմ…
Ամիսը երկու անգամ ես քեզի պայուսակ մը պիտի տամ, դուն ալ այդ պայուսակը պիտի տանիս տաս Զուիցերիացի գործակիցիս: Ինքն ալ քեզի պայուսակ մը պիտի տայ, որ պիտի բերես տաս ինծի… Եղած-չեղածը աս է…
Աղէ՜կ… այդ պայուսակը ինչո՞ւ դուն չես տանիր կոր…
Շիտակը ես օդանաւով ճամբորդելը, հէչ չեմ սիրեր… կը վախնամ… ձգէ որ ֆրանսերէն ալ չեմ գիտեր… գործընկերս ալ միայն ֆրանսերէն կը խօսի…
Կարծես թէ Ժանօն տակաւին բոլորովին չէր համոզուած…
Երդում կ՚ընե՞ս որ ընելիք գործս օրինաւոր է…
Կ՚ընեմ… երկու ձեռքովս ալ…
Տանելիք պայուսակիս մէ՞ջը ինչ կայ…
Վերջին նորաձեւութեան վերաբերեալ, կնոջական հագուստներու օրինակներ, որոնք չեմ ուզեր որ մրցակիցներուս ձեռքը հասնին… ուրե՞մն… ի՞նչ կ’ըսես… համաձա՞յն ես…
Ժանօն համաձայնեցաւ, եւ որոշուած օրը օդակայան ժամանեց: Մաքսական քննութեան ժամանակ, մաքսապետը հարցուց…
Յայտարարելիք որեւէ բան ունի՞ք պարոն…
Միայն նորաձեւ հագուստներ ունիմ, խնդրեմ պայուսակս քննեցէք, — ըսաւ Ժանօն:
Ոչինչ, ոչինչ, հարկ չկայ… կրնաք անցնիլ, — ըսաւ մաքսապետը:
«Ժամէ՛», անկարելի՛ է, բացարձա՛կապէս կը մերժեմ այս ձեւով անցնիլը, ես օրինաւոր ու պարկեշտ քաղաքացի մըն եմ, եւ կը պահանջեմ որ մանրամասնօրէն, անմիջապէս պայուսակս քննէք…
Ըսելը, եւ արագ մը հագուստներու օրինակներով լեցուն պայուսակը բանալը մէկ եղաւ:
Մաքսապետը, խնդիրը չերկարելու նպատակով, արագօրէն քննեց պայուսակը, ապա գոցեց, ու բարի ճամբորդութիւն մաղթելով, Ժանոյէն խնդրեց որ օդանաւ բարձրանայ…
Զուիցերիա ունեցած գործը վերջացնելով, եւ հոն իրեն տրուած եւ նոյնպէս հագուստներու օրինակներով լեցուած պայուսակը առնելով, Ժանօն բռնեց վերադարձի ճամբան:
Մաքսատան մէջ բախտի բերմամբ, հանդիպեցաւ նոյն մաքսապետին, որ իրեն ճանչնալով, փորձեց առանց քննութեան, իրեն արագ մը անցնել…
Ի՞նչ եղեր է եղեր… ո՞վ պիտի անցնի առանց քննութեան… Ժանօ՞ն մը…
Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ, եւ անգամ մը եւս ո՛չ…
Մաքսապետէն քննութիւն պահանջեց, ու որեւէ առարկութիւն չվերցնելով, անմիջապէս բացաւ պայուսակը…
Մաքսապետը, հագուստներով լեցուն պայուսակին արագ նայուածք մը նետելէ ետք, գոցեց, եւ վերադարցուց Ժանոյին:
Աման Աստուած, դո՞ւն ես մը եղեր պայուսակը գոցողը…
Կարծես արժանապատուութիւնը վիրաւորած ըլլային, կաս-կարմիր եղած, Ժանօն պայուսակը նորէն բացաւ, եւ մաքսապետէն պահանջեց որ մանրամասնօրէն քննէ…
Մաքսապետը կէս ջղայնացաց, պայուսակը կրկին գոցելու փորձ մը ըրաւ…
Ի զո՜ւր…
Ժանօն չձգեց, ու ասանկով… մէկը բանալով, միւսը գոցելով, մէկը այս կողմէն քաշելով, միւսը միւս կողմէն քաշելով, չես գիտեր ինչպէ՞ս եղաւ, ու պայուսակը գետին իյնալով… բացուեցաւ երկրորդ, գաղտնի յատակ մը…
Յատակ մը սակայն որ լեցուած էր… զուիցերիական սուղնոց եւ որակաւոր ժամացոյցներով…
Նստած բանտին իր նեղ խուցին մէջ, Ժանօն գլուխը կը պայթեցնէր, սակայն չէր կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ եւ իրեն նման անձ մը, որ ուսանած էր ամէնաբարձր մակարդակի քոլէճներուն մէջ, եւ սորված լեցուն օտար լեզուներ, խաբուած ըլլար անգրագէտ Սագոյին կողմէ…
Խեղճը չէր կրնար անդրադառնալ, որ Սագոյին նման մարդիկ, կ՚աշակերտեն կեանքի փորձառութեան ամէնաբարձր մակարդակի դպրոցին մէջ, ուր եւ կ՚ուսանին… խաբէութեան համաշխարհային լեզուն…
06/04/2020
minsar55@gmail.com