Կրթական եւ դաստիարակչական ծրագիրներու փոխանակման ծիրէն ներս, Գոմոթինիի պետական երաժշտական երկրորդական վարժարանի աշակերտութիւնը հիւրընկալած է երաժիշտ աշակերտներու խումբ մը, որոնք Յունաստան եկած են Ռումանիայէն, Չեխիայէն եւ Գերմանիայէն։
Յոյն եւ օտար աշակերտներու խումբը, իրենց ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ այցելեցին նաեւ Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցին, մօտէն ծանօթանալու համար քաղաքի մէջ գործող հայկական համայնքի կեանքին։ Անոնց դիմաւորեց Առաջնորդական փոխանորդ եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս Ծ.վրդ. Սաղտըճեան, որ նախապէս անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու գործունէութեան, ապա ներկայացուց Յունաստանի մէջ հայութեան պատկերը եւ Գոմոթինիի հայկական համայնքը։ Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ, յատուկ նշում ըրաւ Փոքր Ասիոյ աղէտի 100-րդ տարելիցին, յոյն եւ հայ գաղթականներու ժամանումին, Յունաստանի հիւրընկալ պատրաստակամութեան պատսպարելու տարագիր զանգուածները, ինչպէս նաեւ անդրադարձ եղաւ հայութեան զարգացման մասին երկար տասնամեակներու ընթացքին։ Ներկայացուեցաւ հայ ժողովուրդի պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը ու հայ մշակոյթի ներդրումը համաշխարհային իրականութեան մէջ։ Յոյն եւ օտար աշակերտները բազմաթիւ հարցումներով տեղեկութիւններ ստացան Հայր սուրբին կողմէ, ինչպէս նաեւ ծանօթացան եկեղեցւոյ ծեսին ու աւանդութիւններուն։
ԹՂԹԱԿԻՑ