ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Յատուկ՝ «Ազատ Օր»-ին համար

Օս­մա­նա­կան կայս­րու­թեան գո­յու­թեան ըն­թաց­քին, Է­գէա­կան ծո­վին ա­րե­ւե­լեան կող­մը (ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տան), իր վեց վի­լա­յեթ­նե­րով (­Վան, ­Կա­րին, ­Խար­բերդ, ­Բա­ղեշ, ­Տիգ­րա­նա­կէրտ եւ ­Սե­պաս­տիա) հան­րա­ծա­նօթ էր գիւ­ղատն­տե­սա­կան մար­զով ու գիւ­ղատն­տե­սա­կան մար­զէն ներս իր ըն­կե­րա­յին-դա­սա­կար­գա­յին հո­ղա­գործ-մշա­կող միա­ւո­րով: ­Վեց վի­լա­յեթ­նե­րու գիւ­ղատն­տե­սա­կան մար­զի ար­տադ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց՝ ա­ւա­տա­պե­տա­կան հա­մա­կար­գով, որ կը պա­րու­նա­կէ ա­ղա­նե­րու, շէյ­խե­րու եւ պէ­քե­րու կող­մէն հո­ղե­րու սե­փա­կա­նա­տի­րում իսկ ռա­յա (հո­ղա­գործ-մշա­կող դա­սա­կարգ) միա­ւո­րու­թեան ստրկա­կան կար­գա­վի­ճա­կի տակ չա­րա­չար շա­հա­գոր­ծել:
Է­գէա­կան ծո­վի ա­փին միւս կող­մը (ա­րեւմ­տեան), ար­տադ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը տար­բեր էին քա­նի տար­բեր էին նաեւ ար­տադ­րա­կան մի­ջոց­նե­րը. ­Մա­քե­տո­նիոյ աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րած­քը ար­դէն իսկ դե­ւա­կո­խած էր ճար­տա­րո­ւես­տա­կա­նաց­ման շրջա­նը: ­Դե­ւա­կո­խե­լով ճար­տա­րո­ւես­տա­կա­նաց­ման շրջա­նը, ար­տադ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ղա­ներ, շէյ­խեր, պէ­քեր ու ռա­յա­ներ պա­րու­նա­կե­լու փո­խան կը պա­րու­նա­կէին ըն­կե­րա­բա­նա­կան մա­կար­դա­կով ճանչ­ցո­ւած՝ քաղ­քե­նիու­թիւն (բոր­ժո­ւա) եւ բա­նո­ւո­րու­թիւն (պրօ­լե­տա­րիատ):
Ե­թէ կարճ, եզ­րա­կա­ցու­թեամբ պի­տի անդ­րա­դառ­նանք Է­գէա­կան ա­րե­ւե­լեան ա­փի վեց վի­լա­յեթ­նե­րուն մէջ տա­րո­ւած հայ ռա­յա­յի ըն­կեր­վա­րա­կան պայ­քա­րի ընդ­դէմ ա­ղա­նե­րու, շէյ­խե­րու եւ պէ­քե­րու մա­սին ու ա­նոր տար­բե­րու­թիւ­նը ճար­տա­րո­ւես­տա­կան շրջան­նե­րէն, կար­ժէ՛ մէջ­բե­րել հսկայ մտա­ւո­րա­կան, ­Մի­քա­յէլ ­Վա­րան­դեա­նի հե­տե­ւեալ գրու­թիւ­նը՝ իր «Հ.Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թիւն. Ա­ռա­ջին ­Հա­տոր»ի, «ՀԱՅԴՈՒԿԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄ ԵՒ ՏԵՐՐՕՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» բա­ժի­նին մէջ. «Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք, սա­կայն, որ օ­տա­րու­թեան դէմ ծա­ռա­ցած այն ազ­գե­րը- ի­տա­լա­ցին, լե­հը, իր­լան­դա­ցին, ուն­գա­րա­ցին, զո­ւի­ցե­րիա­ցին- ու­նե­նա­յին ի­րենց հայ­րե­նի հո­ղին վրայ իսկ՝ նա­խա­պատ­մա­կան ցեղ մը, ներ­քին դա­ւա­դիր, ո­սոխ ուժ մը, որ շա­րու­նակ թի­կուն­քէն զար­նէր ի­րենց ռազ­միկ­նե­րը եւ կաշ­կան­դէր ա­նոնց թա­փը՝ բուն թշնա­մուն՝ բռնա­պե­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ, չե­զո­քաց­ներ ու խոր­տա­կէր ա­նոնց բո­լոր ա­զա­տագ­րա­կան ճի­գե­րը: Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք միւս կող­մէն, այդ ազ­գե­րու վրայ ծան­րա­ցած բռնա­պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը- աւստ­րիա­կա­նը, անգ­լիա­կա­նը, ռու­սա­կա­նը- սո­վո­րու­թիւն ու­նե­նա­յին ըմ­բոստ­նե­րու ա­րարք­նե­րուն հա­մար պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեան կո­չե­լու եւ կո­տո­րե­լու ան­մեղ, ան­մասն ժո­ղո­վուր­դը… Որ­քա՛ն պի­տի փո­խո­ւէր այդ ազ­գե­րու ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը եւ ա­նոր հե­տե­ւան­քը…»
Ար­դեօք ի՞նչ էր քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան վի­ճա­կի Օս­մա­նա­կան կայս­րու­թեան Է­գէա­կա­նի միւս ա­փին, ի՞նչ­պի­սի կար­գա­վի­ճա­կի մէջ էին ար­տադ­րա­կան ու­ժե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:
­Յետ- ե­րիտթր­քա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան հրա­պա­րա­կած 1913ի մար­դա­հա­մա­րին, ­Սա­լո­նի­քա քա­ղա­քի բնակ­չու­թեան ընդ­հա­նուր 157,889 թի­ւէն, հրեա­նե­րը կը կազ­մէին՝ 61,439 (39%), տա­ճիկ­նե­րը՝ 45,889 (29%), ­Յոյ­նե­րը՝ 39,956 (25%) եւ ­Պուլ­կա­րա­ցի­նե­րը՝ 6,263 (4%):
­Կազ­մե­լով ազ­գաբ­նակ­չու­թիւն­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, հրեա­նե­րը նաեւ կազ­մած ե­ղան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը: Ա­նոնք (հրեա­նե­րը), կը գտնո­ւէին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ 15-րդ ­դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, երբ 1492 թո­ւա­կա­նին, սպա­նա­կան կը հրա­պա­րա­կէ նշա­նա­ւոր ալ­համպ­րա­յի հրո­վար­տա­կը, որ կը վտա­րէր հրեա­կան բնակ­չու­թեան սպա­նա­կան հո­ղե­րէն: Վ­տա­րո­ւե­լով սպա­նա­կան հո­ղե­րէն, հրեա­նե­րը կը գաղ­թեն դէ­պի հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէ (Մա­րոք, Թու­նուզ, Ալ­ճե­րիա, Լի­պիա, Ե­գիպ­տոս), Ի­տա­լա­կան ­Վե­նե­տի­կի ա­փե­րը եւ ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի նա­ւա­հանգս­տեան քա­ղա­քը: Ս­պա­նիա­յէն գաղ­թե­լով զա­նա­զան վայ­րեր, հրեա­նե­րը նաեւ ի­րենց հետ կը գաղ­թեց­նեն ի­րենց ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, մշա­կոյթն ու ի­րենց լե­զուն. ի­րենց խօ­սած լե­զուն կը կո­չո­ւէր լա­տի­նօ, որ խառ­նուրդ էր սպա­նե­րէ­նի ու եփ­րա­յե­րէ­նի: Ս­պա­նիա­յէն գաղ­թած հրեա­նե­րը ի­րենց ծննա­դա­վայ­րէն ար­դէն իսկ ա­րո­ւես­տի տի­րա­պե­տող ան­հատ­ներ էին, ո­րոնք կը զբա­ղէին վա­ճա­ռա­կա­նու­թեամբ, ա­ռեւտ­րու­թեամբ եւ ար­հեստ­նե­րով:
­Հաս­տա­տո­ւե­լով ի­րենց նոր գաղ­թա­վայ­րե­րը, ա­նոնք շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց զբա­ղում­նե­րը ու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ընդ­լայ­նե­ցին ու զար­գա­ցու­ցին զա­նոնք:
19-րդ ­դա­րու ըն­թաց­քին հրեա­նե­րը կը դառ­նան Թե­սա­ղո­նի­կէի ճար­տա­րո­ւես­տա­կա­նաց­ման մղիչ ու­ժը, ո­րոնք կը յա­ջո­ղին հաս­տա­տել տպագ­րու­թեան, ծխա­խո­տի, կո­շի­կի, օ­ճա­ռի, գոր­գի եւ հա­գուս­տե­ղէ­նի ճար­տա­րո­ւեստ­նե­րը եւ գե­րիշ­խել թե­սա­ղո­նի­կիի նա­ւա­հան­գիս­տի, մթե­րա­տու­նե­րու վրայ: ­Ցա­մա­գա­յին ու ծո­վա­յին փո­խադ­րա­կան մի­ջոց­նե­րով թե­սա­ղո­նի­կէն աշ­խար­հին կ­՚ար­տա­ծէր՝ արմ­տե­ղէն, ծխա­խոտ, բամ­բակ, ա­փիոն, կա­շի եւ շե­րա­մի բժոժ­ներ: ­Ճար­տա­րո­ւես­տա­կան մար­զը կը պա­րու­նա­կէր մօ­տա­ւո­րա­պէս 20.000 բա­նո­ւոր­ներ եւ եր­կա­թու­ղա­յին մար­զէն ներս բա­նո­ւոր­նե­րու հետ միա­սին, քա­ղա­քի բա­նո­ւոր­նե­րու թի­ւը կը հաս­նէր 25.000-ի, ո­րոնց ազ­գաբ­նակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը կազ­մէին հրեա­նե­րը: Ու­րեմն Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ի տար­բե­րու­թիւն վեց վի­լա­յեթ­նե­րուն, ուր հայ մշա­կը կ­’օգ­տա­գոր­ծո­ւէր տա­ճիկ ա­ղա­նե­րու, շէյ­խե­րու եւ պէ­քե­րու կող­մէն, հոն հրեա սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րը ար­դէն ի­րենց սե­փա­կա­նա­տի­րած ճար­տա­րո­ւեստ­նե­րու գոր­ծա­րան­նե­րէն ներս կ­’աշ­խատց­նէին չախ­չա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ հե­րա բա­նո­ւոր­ներ, այս­պի­սով ի տար­բե­րու­թիւն վեց վի­լա­յեթ­նե­րուն, ուր ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան ու ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քար­նե­րը զի­րար կ­’ամ­բող­ջաց­նէին, Թե­սա­ղո­նի­կիի մէջ պայ­քա­րը լոկ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան բնոյթ կը կրէր:
Ա­ւե­լի մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մղո­ւած մղո­ւած ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան ա­զա­տագրա­կան պայ­քա­րի, կ­’ար­ժէ հա­յացք մը տալ երկ­րորդ սահ­մա­նադ­րա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ըն­թաց­քէն մին­չեւ պալ­քան­նե­րու պա­տե­րազմ եւ Թե­սա­ղո­նի­կէի միա­ցու­մը յու­նաս­տա­նին, Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ գոր­ծող ըն­կեր­վար բա­նո­ւոր­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան, որ քա­ղա­քի մէջ գոր­ծող գլխա­ւոր ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւնն էր:
­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ա­ռա­ջին հրեա­կան-ըն­կեր­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը հիմ­նո­ւի 1908ին. ուր 30 չափ ան­հատ­ներ (ներ­կա­յաց­նե­լով քա­ղա­քի տար­բեր ճար­տա­րո­ւես­տա­յին գոր­ծա­րան­նե­րը) կը գու­մա­րեն ի­րենց հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վը ու հիմք կը դնեն ըն­կեր­վա­րա­կան ա­կում­բին: Ըն­կեր­վա­րա­կան ա­կում­բի գլխա­ւոր հիմ­նա­դիրն էր Ա­ւ­րա­համ ­Պըն-Ա­րո­յեա, որ ա­կում­բը հիմ­նադ­րու­թիւ­նէն ա­ռաջ հիմ­նած էր ար­դէն «ըն­կեր­վա­րա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հրեա­կան խմբակ»ը որ կը գոր­ծէր Պուլ­կա­րիոյ ըն­կեր­վար ժո­ղովր­դա­վար բա­նո­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան թե­սա­ղո­նի­կիի մաս­նա­ճիւ­ղին հսկո­ղու­թեան տակ:
­Պըն-Ա­րո­յեա­յի ըն­կեր­վա­րա­կան ա­կում­բը ծնե­լով (մարմ­նա­պէս) պուլ­կա­րիոյ ըն­կեր­վար ժո­ղովր­դա­վար բա­նո­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ծո­ցէն, ա­նոր տե­սա­բա­նա­կան-գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան աշ­խա­րա­հա­յաց­քը սա­կայն կը բաժ­նէր Աւստ­րիոյ ըն­կեր­վար ժո­ղովր­դա­վար­նե­րու աւստ­րօ­մարք­սա­կա­նու­թիւ­նը (ո­րուն հայ­կա­կան տար­բե­րա­կի տե­սա­բա­նը ­Գա­րե­գին ­Խա­ժակն է) որ հիմ­նո­ւած է քա­ղա­քա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան վրայ ըստ ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մող ազ­գաբ­նակ­չու­թեան եւ ըստ այնմ դա­սա­կար­գա­յին պայ­քար մղել. Աւ­րա­համ ­Պըն-Ա­րո­յեա կը հստա­կաց­նէ իր հիմ­նած ըն­կեր­վա­րա­կան ա­կում­բի գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան հիմ­քե­րը երբ ան կը յայ­տա­րա­րէ որ «Օս­մա­նա­կան ժո­ղո­վուր­դը կազ­մո­ւած է տար­բեր ազ­գու­թիւն­նե­րէ ո­րոնք կ­’ապ­րին նոյն տա­րած­քին վրայ եւ ա­մէն մէ­կը ու­նի իր սե­փա­կան լե­զուն, մշա­կոյ­թը, գրա­կա­նու­թիւ­նը, սո­վո­րու­թիւնն ու նկա­րա­գի­րը» ու ըն­կեր­վա­րա­կան ա­կում­բի կազ­մա­կեր­պա­կան հիմք որ­դեգ­րե­լու պատ­ճա­ռը նկա­տի ա­ռած է «յի­շեալ ազ­գա­յին ու լե­զո­ւա­կան նկա­տո­ղու­թիւն­նե­րէն մէկ­նե­լով, յար­մար գտանք որ լա­ւա­գոյն մի­ջոցն է հիմ­նել կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, ուր բո­լոր ազ­գու­թիւն­նե­րու ան­դա­մակ­ցին ա­ռանց հե­ռա­նա­լու ի­րենց լե­զո­ւէն ու մշա­կոյ­թէն» եւ այս­պի­սով ըն­կեր­վա­րա­կան ա­կում­բը շու­տով իր ա­նու­նը կը փո­խէ ըն­կեր­վար բա­նո­ւոր­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թեան, որ հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թիւն մըն էր Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ գոր­ծող գլխա­ւոր չորս ազ­գաբ­նակ­չու­թիւն­նե­րէ կազ­մո­ւած բա­նո­ւոր­նե­րու՝ հրեա­նե­րու, պուլ­կա­րա­ցի­նե­րու, յոյ­նե­րու եւ տա­ճիկ­նե­րու. ըլ­լա­լով հան­դերց ազ­գաբ­նակ­չու­թիւն­նե­րու հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թիւն, ա­նոր տի­րող մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ե­ղած են հրեա­նե­րը եւ ան ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը կորսնց­նէ վեր­ջին եր­կու խում­բե­րը (յոյ­ներ եւ տա­ճիկ­ներ)՝ ու­նե­նա­լով մե­ծա­մաս­նու­թեամբ հրեա­ներ եւ փոքր քա­նա­կով պուլ­կա­րա­ցի­ներ:
Իր հիմ­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին իսկ օ­րե­րէն, ըն­կեր­վար բա­նո­ւոր­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կը սկսի թե­սա­ղո­նի­կիի լայ­նա­ծա­վալ գոր­ծա­րան­նե­րէն ներս կազ­մա­կեր­պել աշ­խա­տա­ւո­րու­թիւ­նը (ըստ ­Պըն-Ա­րո­յեա­յին, ըն­կեր­վար բա­նո­ւոր­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կը միու­թե­նա­կա­նաց­նէ 5.000 բա­նուոր­ներ) ա­ռանց սե­ռի խտրու­թեան:
­Դաշ­նակ­ցու­թեան (ըն­կեր­վար բա­նո­ւոր­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կը կրճա­տո­ւէր այդ­պէս) ա­ռա­ջին կազ­մա­կեր­պած մի­ջո­ցա­ռու­մը կ­՚ըլ­լայ 1909-ին ­Մա­յիս մէ­կի, աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ: Աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան կը յա­ջոր­դէ ե­րիտթր­քա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռա­ջին ա­մեա­կի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը (1909) ­Յու­լիս 23-ին:
Ըն­կեր­վար բա­նո­ւոր­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կառ­չած էր օս­մա­նա­կա­նու­թեան եւ ե­րիտթ­րա­քա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն ե­ղած է յե­ղա­փո­խու­թեան ջա­տա­գող եւ 1909 հա­կա-յե­ղա­փո­խա­կան պե­տա­կան հա­րո­ւա­ծի ժա­մա­նակ, իր ան­դամ­նե­րը ­Պըն-Ա­րո­յեա­յի գլխա­ւո­րու­թեամբ կա­մա­ւո­րա­բար ըն­կե­րակ­ցած են օս­մա­նա­կան բա­նա­կին տա­պա­լե­լու հա­մար հա­կա-յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն:
1910-ի սկիզբ­նե­րուն, դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ե­րիտ­թուր­քե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հետզ­հե­տէ կը սկսին սրե­լու երբ 1911-ին օս­մա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կ­’ար­գի­լեն մա­յիս մէ­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը եւ կ­’աք­սո­րեն ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ըն­կեր­վա­րա­կան գլուխ­նե­րը դէ­պի պալ­քան եւ կ­’ար­գի­լեն ըն­կեր­վա­րա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու հրա­պա­րա­կում­նե­րը: Իր աք­սոր­ման ըն­թաց­քին սեր­պիա­յի մէջ, ­Հոկ­տեմ­բեր 18, 1911-ին, ­Պըն-Ա­րո­յեան կը մաս­նակ­ցի Պալ­քա­նի ըն­կեր­վա­րա­կան հա­մա­գու­մա­րին, ուր պաշ­տօ­նա­պէս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը դա­տա­պար­տեց ի­տա­լօ-օս­մա­նա­կան պա­տե­րազ­մը ու կոչ ուղ­ղեց ա­պա-ռազ­մա­կա­նաց­ման ու պալ­քա­նի ինք­նա­վա­րու­թեան:
­Պալ­քա­նի ըն­կեր­վա­րա­կան հա­մա­գու­մա­րի կող­քին, դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը նաեւ կա­պի մէջ էր ըն­կեր­վա­րա­կան երկ­րորդ մի­ջազ­գայ­նա­կա­նին հետ. դաշ­նակ­ցու­թեան եւ երկ­րորդ մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի հետ կապ հաս­տա­տող ե­ղած են ­Շաուլ ­Նա­հու­մը եւ ­Ժո­զեֆ ­Հա­զա­նը. վեր­ջի­նը լաւ յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ ե­ղած է ֆրան­սա­յի ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րուն հետ:
Իր օս­մա­նա­կան գե­րիշ­խա­նու­թեան տակ գտնո­ւե­լու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին, դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած է նաեւ իր սե­փա­կան մա­մու­լը՝ չորս լե­զու­նե­րով՝ լա­տի­նե­րէն, պուլ­կա­րե­րէն, թրքե­րէն եւ յու­նա­րէն:
­Դաշ­նակ­ցու­թեան օր­գա­նի ա­նու­նը ե­ղած է բա­նո­ւոր­նե­րու օ­րա­թերթ, որ հրա­տա­րա­կո­ւած է 1909-էն մին­չեւ օս­մա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հա­լա­ծանք­նե­րը 1911-ին, ա­պա մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին (1911-1912) ու­նե­ցած է մէկ լա­տի­նօ («աշ­խա­տա­ւո­րա­կան հա­մե­րաշ­խու­թիւն») եւ մէկ հատ ալ թրքե­րէն («պայ­քար») թեր­թեր:
­Յետ-պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, երբ թե­սա­ղո­նի­կէն կը միա­նայ ­Յու­նաս­տա­նին, ըն­կեր­վար բա­նո­ւոր­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թիւնն ալ իր կար­գին հետզ­հե­տէ կը յար­մա­րի ներ-­Յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան մի­ջա­վայ­րին ու կը միա­նայ հե­տա­գա­յին ­Յու­նաս­տա­նի ըն­կեր­վար աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան (հե­տա­գա­յին կա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւի ­Յու­նաս­տա­նի հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թիւն) հիմ­նադ­րու­թեան գոր­ծըն­թաց­քին մէջ, ո­րուն անդ­րա­նիկ նպա­տա­կը նաեւ հիմ­նո­ւած էր ըն­կեր­վար բա­նո­ւոր­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ինք­նա­վա­րու­թեան վրայ սա­կայն հե­տա­գա­յին երբ ըն­կեր­վար աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը յա­րի հա­մայ­նա­վա­րու­թեան, հոն նախ­կին դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը (ինչ­պէս ­Պըն-Ա­րո­յեա) կը հե­ռա­ցո­ւին նո­րաս­տեղծ կու­սակ­ցու­թիւ­նէն եւ այս­պի­սով ըն­կեր­վար բա­նո­ւոր­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թեան, իբ­րեւ ինք­նո­րոյն կազ­մա­կեր­պու­թիւն վերջ կը դրո­ւի: Ըն­կեր­վար բա­նո­ւոր­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պէտք չէ դի­տո­ւի միայն իր տե­ղա­կան (­Թե­սա­ղո­նի­կէի) օս­մա­նա­կան երկ­րորդ սահ­մա­նադ­րա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ըն­թաց­քէն մին­չեւ պալ­քան­նե­րու պա­տե­րազմ եւ Թե­սա­ղո­նի­կէի միա­ցու­մը ­Յու­նաս­տա­նին (1908-1912) այլ նաեւ ա­նոր գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան ձգած ժա­ռան­գու­թիւ­նը ար­դի ­Յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ (մա­նա­ւանդ ձա­խա­կող­մէան), ինչ­պէս ա­նոր հո­վա­նիէն ե­լած հա­մայ­նա­վար եւ հա­մայ­նա­վար­նե­րէն բաժ­նո­ւած՝ «­Սի­րի­զա» (կրճա­տում` ­Ձա­խե­րու ար­մա­տա­կան դա­շին­քին), բազ­մամ­շա­կու­թա­յին (իբ­րեւ չորս ազ­գու­թիւն­նե­րու հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թեան որ­դեգ­րող) քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին (ար­հես­տակ­ցա­կան միու­թիւն­ներ) ու ար­դի ­Յու­նաս­տա­նի ըն­կեր­վա­րա­կան ու ար­հես­տակ­ցա­կան միու­թե­նա­կան գլխա­ւոր կո­րիզ եւ օս­մա­նիոյ պալ­քա­նի եւ Մա­քե­տո­նիա­յի ճար­տա­րո­ւես­տա­կան կեդ­րոն­նե­րէն ներս ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծով (ըն­կեր­վար բա­նո­ւոր­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թեան պա­րա­գա­յին՝ հրեա­կան) ըն­կեր­վա­րա­կան փորձ ինչ­պէս հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին Հ.Յ.Դ. եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ն: