Ապ­րիլ 24ին, ­Պոլ­սոյ ­Ֆէ­րի­քէօյ շրջա­նի Ս. ­Վար­դա­նանց ե­կե­ղե­ցիին ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռ. Էր­տո­ղա­նի կող­մէ «ցա­ւակ­ցա­կան ու­ղերձ» մը ղրկո­ւած է եւ կար­դա­ցո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով մա­տու­ցո­ւած Ս. ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին:
Ին­ծի պէս շա­տեր տե­սած են, լսած կամ կար­դա­ցած ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին ու­ղեր­ձը: ­Լաւ պի­տի ըլ­լար, որ ­Հա­յաս­տան եւ սփիւռք(ներ), հա­յե­րը եւ ի­րենց բա­րե­կամ­նե­րը, հե­տե­ւէին նա­մա­կի պա­րու­նա­կու­թեան՝ ճիգ ը­նե­լով մտա­ծէին չը­սո­ւա­ծին մա­սին:
­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին կող­մէ Ապ­րիլ 24ը յի­շո­ւած ըլ­լա­լու փաս­տը դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճապ­կու­մով պէտք չէ վա­րա­գու­րէ չը­սո­ւա­ծը:
­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը «ի­րենց կեան­քը կորսն­ցու­ցած օս­մա­նեան հա­յե­րու թոռ­նե­րուն» ցա­ւակ­ցու­թիւն կը յայտ­նէ:
Flou artistique…
Այդ­պի­սի՛ն է նա­խա­գահ Ռ. Էր­տո­ղա­նի ցա­ւակ­ցա­կան ու­ղեր­ձին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը:
­Կը գրէ.-
«Այս տա­րի նոյն­պէս յար­գան­քով կը յի­շեմ Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի դժո­ւար պայ­ման­նե­րուն մէջ ի­րենց կեան­քը կորսն­ցու­ցած օս­մա­նեան հա­յե­րը եւ ցա­ւակ­ցու­թիւն կը յայտ­նեմ ա­նոնց թոռ­նե­րուն»:
­Հար­ցում. ինչ­պէ՞ս ի­րենց կեան­քը կորսն­ցու­ցած են այդ օս­մա­նեան հա­յե­րը:
­Քա­նի որ նա­խա­գահ Ռ. Էր­տո­ղան յար­գան­քով կը յի­շէ՝ յար­գան­քով նաեւ տուրք պէտք է տայ ճշմար­տու­թեան:
Այդ մար­դիկ ի­րենց «կեան­քը կորսնցու­ցած» են ռազ­մա­ճա­կա­տի՞ վրայ, մե­ռած են հա­մա­ճա­րա­կի՞, հե­ղե­ղի՞ կամ երկ­րա­շար­ժի՞ զոհ եր­թա­լով: Այդ մար­դիկ ի­րենք կրա­ւո­րա­կան կեր­պո՞վ կորսն­ցու­ցած են ի­րենց կեան­քե­րը: Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի ե­ղած է զան­գուա­ծա­յին կեր­պով կեանք կորսնց­նել: Ե­թէ չէ ե­ղած բնա­կան ա­ղէտ, ե­թէ այդ օս­մա­նեան հա­յե­րը զան­գո­ւա­ծա­բար հա­րա քի­րի չեն ը­րած, ինչ­պէս այդ պա­տա­հե­ցաւ կարգ մը ա­ղանդ­նե­րու պա­րա­գա­յին, այդ «յար­գան­քի» ու­ղեր­ձը պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ա­նուն­ներ եւ հաս­ցէ­ներ ին­չո՞ւ չի ճշդեր, յա­նուն ճշմար­տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան:
­Նա­խա­գահ Ռ. Էր­տո­ղան պատ­մու­թեան մաս­նա­կի ըն­թեր­ցու­մը կ’ը­նէ, երբ կ’ը­սէ.- «Որ­պէս տա­րա­ծաշր­ջա­նի եր­կու հնա­գոյն հա­սա­րա­կու­թիւն­ներ՝ թուր­քերն ու հա­յե­րը հա­զար տա­րի է ուս-ու­սի տո­ւած կ’ապ­րին նոյն տա­րած­քին մէջ, կը կի­սեն նոյն պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը»:
Ա­ւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լար, որ Ռ. Էր­տո­ղան քիչ մը ա­ւե­լի յստակ ըլ­լար եւ ը­սէր, որ հա­յե­րը այդ տա­րա­ծաշր­ջա­նը կ’ապ­րէին, ու­նէին մշա­կոյթ, քա­ղաք­ներ, վան­քեր, ե­կե­ղե­ցի­ներ՝ թուր­քե­րու ներ­խու­ժու­մէն դա­րեր ա­ռաջ, ը­սէր նաեւ «ուս-ու­սի» տո­ւած եւ ապ­րած եր­կու հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րէն մին, միւ­սի աշ­խա­տան­քին, ա­նի­րաւ­ման եւ շա­հա­գործ­ման հա­մա­կարգ ստեղ­ծած էր:
Ինչ կը վե­րա­բե­րի «նոյն պատ­մու­թիւ­նը կի­սե­լու»ն, այդ ե­ղած է տի­րա­կա­լի եւ հպա­տա­կի յա­րա­բե­րու­թիւն, ճնշո­ղի եւ ճնշո­ւո­ղի, շա­հա­գոր­ծո­ղի եւ շա­հա­գոր­ծո­ւո­ղի: ­Պէտք է ը­սէր գէթ, որ «ափ­սոս, այդ­պէս պէտք չէ ըլ­լար», այն ա­տեն վստա­հու­թիւն կը վե­րա­կանգ­նէր: Իսկ «նոյն մշա­կոյ­թը» ինչ­պէ՞ս եւ ո՞ւր ե­ղած է:
­Ճիշդ է ը­սո­ւա­ծը.- «­Հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը թէ՛ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան, թէ՛ մեր հան­րա­պե­տու­թեան 100տա­րո­ւան ան­ցեա­լին, դաս­տիա­րա­կե­լով թան­կա­գին զա­ւակ­ներ, շատ մեծ ներդ­րում­ներ ու­նե­ցած է մեր երկ­րի զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ»:
­Ճիշդ է, հա­յուն տա­ղան­դը եւ ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը ներդ­րո­ւած են, փո­ղե­րա­նո­ցէն մին­չեւ նա­ւա­տորմ, սահ­մադրու­թեան մշա­կում, երգ-երաժշ­տու­թեան յօ­րի­նում, ճար­տա­րա­պե­տա­կան կո­թող­ներ, նոյ­նիսկ ար­դի ­Թուր­քիոյ այ­բու­բե­նի եւ լե­զո­ւի բա­րե­կար­գու­մը հա­յը ը­րած է, բայց հայ մշա­կոյ­թը զար­գա­ցած է ա­ռան­ձին, հե­տե­ւած է իր ու­ղիին, իր բազ­մա­դա­րեան ժա­ռան­գու­թեան շա­րու­նա­կու­թեան գի­ծին, հա­կա­ռակ միւս հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ ե­ղած ա­մէն կար­գի հա­լա­ծանք­նե­րու եւ ճնշում­նե­րու:
Ռ. Էր­տո­ղան պէտք է ը­սէր, թէ ինչ­պէ՞ս եւ ին­չո՞ւ «ի­րենց կեան­քը կորսըն­ցու­ցած են» գրող­ներ, գիտ­նա­կան­ներ, ի­րա­ւա­բան­ներ, բժիշկ­ներ, ե­րես­փո­խան­ներ:
Ինչ­պէ՞ս ի­րենց «կեան­քը կորսն­ցու­ցած են» ի­րա­ւա­բա­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս եւ ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան ի­րա­ւունք ու­նե­ցող «մե­պուս» Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ է­ֆէն­տի կամ բժիշկ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ, եւ շար­քը հա­րիւր­նե­րով է:
Լ­սե­լով Ռ. Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րը, քիչ կը մնայ, որ զինք դա­սենք սուր­բե­րու կար­գին: Կ­’ը­սէ.- «­Բո­լո­րիս միա­ցեալ նպա­տակն է, որ դա­րեր շա­րու­նակ իր խինդն ու տխրու­թիւ­նը միաս­նա­բար կի­սած այս եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը բու­ժեն ի­րենց ան­ցեա­լի վէր­քերն ու ա­ւե­լի հզօ­րաց­նեն մարդ­կա­յին կա­պե­րը…»:
Այդ ո՞ր խին­դը բաժ­նած են ջար­դող­նե­րը եւ ջար­դո­ւող­նե­րը, տե­ղա­հա­նող­նե­րը եւ տե­ղա­հա­նո­ւող­նե­րը, ի­րենց զի­նո­ւոր ըն­կեր­նե­րը ջար­դող­նե­րը եւ ջար­դո­ւող­նե­րը, հայ­րե­նա­հա­նո­ւած­նե­րը եւ ա­նոնց ինչ­քե­րուն տի­րա­ցող­նե­րը, ա­նոնց բազ­մա­դա­րեան հայ­րե­նի­քը իւ­րաց­նող­նե­րը եւ ան­հայ­րե­նիք ըլ­լա­լու դա­տա­պար­տո­ւած­նե­րը:
­Խինդ եւ տխրու­թիւն բաժ­նե­լու ինք­նա­տիպ ե­ղա­նակ մը…
Այ­սօր ո՞ւր են «ի­րենց կեան­քը կորսն­ցու­ցած օս­մա­նեան հա­յե­րու թոռ­նե­րը»… Ար­ժան­թին, Աւստ­րա­լիա, ­Քա­նա­տա, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մեծ ու փոքր քա­ղաք­նե­րը, ա­րա­բա­կան հիւ­րըն­կալ եր­կիր­նե­րը, Եւ­րո­պա, ­Հա­յաս­տան: Ա­նոնց մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու մա­սին ո՞վ պի­տի խօ­սի:
Այդ ի­րա­ւունք­նե­րը ան­հա­տա­կան են, կը վե­րա­բե­րին ինչ­քի, նաեւ ազ­գա­յին են եւ կը վե­րա­բե­րին հայ­րե­նի­քի, որ բռնագ­րա­ւո­ւած է:
­Մէկ հա­տիկ տրա­մա­բա­նա­կան պատ­ճառ պէտք է տալ, թէ ինչ­պէ՞ս Աղ­թա­մա­րի Ս. ­Խաչ ե­կե­ղե­ցին հա­յա­պատ­կան հո­ղի վրայ չի գտնո­ւիր… կամ այն հո­ղը, ուր ան կը գտնո­ւի, հա­յու հայ­րե­նիք չէ:
­Նա­խա­գահ Ռ. Էր­տո­ղան պի­տի մեծ­նայ այն օ­րը, երբ աշ­խար­հի առ­ջեւ քա­ջա­բար յայ­տա­րա­րէ, որ «օս­մա­նեան հա­յե­րու» դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծո­ւած է հո­ղի տի­րաց­ման հա­մար, հող՝ որ հա­յու հայ­րե­նիք էր, եւ այժմ պէտք է ար­դա­րա­հա­տոյց ըլ­լալ եւ թոռ­նե­րուն վե­րա­դարձ­նել հայ­րե­րու բռնագ­րա­ւո­ւած հայ­րե­նի­քը:
Ն­ման քա­ղա­քա­կան կե­ցո­ւածք տար­բեր ո­րակ կ’են­թադ­րէ ցա­ւակ­ցա­կան դա­տարկ ըն­թա­ցի­կէն եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու «ճա­նա­չում»նե­րէն, եւ դուռ կը բա­նայ պատ­մա­կան ար­կած­նե­րու ան­մարդ­կա­յին հե­տե­ւանք­նե­րու սրբագ­րու­թեան:
Այն ա­տեն կա­րե­լի է, հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ, «ուս-ու­սի ապ­րիլ» եւ «կի­սել խինդ ու տխրու­թիւն»:
Եւ մուտք գոր­ծել «մարդ­կայ­նաց­ման» դռնէն:
­Պի­տի գտնո­ւի՞ խա­ղա­ղու­թեան մրցա­նակ­նե­րու դափ­նե­կիր մը, որ բա­խէ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին ա­պա­րան­քին դու­ռը, եւ ա­ռանց տուրք տա­լու բազ­մա­գոյն շա­հախնդ­րու­թիւն­նե­րու, պա­հան­ջէ՝ որ ճշմար­տու­թիւ­նը ը­սո­ւի եւ ի­րա­ւուն­քը վե­րա­հաս­տա­տո­ւի:
­Հան­րա­յին կար­ծիք կազ­մա­ւո­րող եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ ազ­դող տի­րա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը ին­չո՞ւ մո­ռաց­կոտ եւ մսկոտ են, երբ կար­գը կու գայ մարդ­կա­յին եւ ար­դա­րու­թեան հիմ­նա­հար­ցե­րուն:
­Կամ՝ ո՞ր հա­շիւ­նե­րով ընտ­րու­թիւն կ’ը­նեն, selectif են:
­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռ. Էր­տո­ղա­նի «ցա­ւա­կա­ցա­կան ու­ղերձ»ը կար­դա­ցի ­Փա­րիզ լոյս տես­նող «­Նոր ­Յա­ռաջ» թեր­թի 27 Ապ­րիլ 2017ի հա­մա­րին մէջ եւ բարձ­րա­ձայն խորհր­դա­ծե­ցի: