Ինչ­պէս յայտ­նի է, ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է նաեւ հայ կա­նանց ու ե­րե­խա­նե­րու մէկ մա­սը թրքաց­նե­լու եւ իս­լա­մաց­նե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, որ նոյնպէս պէտք է դի­տար­կել ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծի­րէն ներս եւ հա­մա­րել ­Մեծ Ե­ղեռ­նի կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին տար­րե­րէն մէ­կը, քա­նի որ բռնի իս­լա­մա­ցո­ւած հայ կա­նայք եւ ե­րե­խա­նե­րը փրկո­ւած են զուտ ֆի­զի­կա­պէս, իսկ որ­պէս ցեղ` ոչն­չա­ցո­ւած:
Արդ, Akunq.netը կը հրա­պա­րա­կէ եր­կու օս­մա­նեան փաս­տա­թուղ­թեր եւ ա­նոնց ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը` Ան­գա­րա­յի շրջա­նին մէջ գտնո­ւող շի­նու­թեան մը մէջ հա­ւա­քո­ւած հայ որ­բե­րուն մա­սին: Ա­ռա­ջին փաս­տա­թուղ­թին մէջ ­Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Թա­լէա­թը ան­պա­տեհ կը հա­մա­րէ հայ ե­րե­խա­նե­րու` այդ շէն­քին մէջ հա­ւա­քա­կան կեր­պով մնա­լը եւ կը հրա­հան­գէ, որ զա­նոնք ցրո­ւեն իս­լա­մա­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ: Իսկ երկ­րորդ փաս­տա­թուղ­թը այդ հրա­հան­գին պա­տաս­խանն է` տրո­ւած Ան­գա­րա­յի փոխ-­նա­հան­գա­պետ Ա­թի­ֆի կող­մէ, որ ո­րոշ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դէ այդ շրջան­նե­րուն մէջ գտնո­ւող հայ կա­նանց եւ ե­րե­խա­նե­րու թի­ւե­րուն մա­սին եւ կը յայտ­նէ, որ հայ մա­նուկ­նե­րը բա­ժա­նո­ւին իս­լա­մա­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ:
­Սոյն փաս­տա­թուղ­թե­րը օս­մա­նեան ար­խի­ւէն գտած, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն թարգ­մա­նած եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Հար­ցե­րու Ու­սում­նա­սի­րու­թեան Կեդ­րո­նին տրա­մադ­րած է ա­մե­րի­կաբ­նակ պոլ­սա­հայ ու­սում­նա­սի­րող ­Գէորգ ­Յա­կո­բեա­նը: