Մօտաւորապէս 2 ամիսներ առաջ, յունահայութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ծնունդ առած «Օլիմփոս լեռնէն մինչեւ Արարատ» խորագրով Թեսաղոնիկէի քաղաքապետարանի ձայնասփիւռի կայանէն (FM 100.6) հայկական սփռումը, որ կը վայելէ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ «Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ մեծ ջանքեր կը գործադրէ, արդէն իսկ մեծ ժողովրդականութիւն շահած է ու կը վայելէ համայնքէն ներս որպէս գործունեայ ու արդիւնաւէտ աշխատանք՝ նկատի առնելով ժողովուրդին սէրը հայ մշակոյթին, հայ երգին, հայ արուեստին, ինչպէս նաեւ՝ ազգային եւ եկեղեցական կապուածութեան ու պատկանելութեան։
Հերթական դրութեամբ, ամէն Երկուշաբթի օրերը,- բնականաբար նկատի առնելով արձակուրդներն ու այլ տեղական տօները,- կէսօրէ ետք ժամը 3։00-4։00ին, յունարէն եւ հայերէն լեզուներով, կը փոխանցուին հայ մշակոյթի, հայ երգի, հայ արուեստի տիտաններէն ներկայացումներ, հոգեւոր ու ազգային տօներու յիշեցումներ, օտար երգերու ունկնդրութիւն, հարցազրոյցներ՝ օտար, յոյն եւ յայտնի դէմքերու, ինչպէս օրինակ՝ փրոֆեսոր Եաննիս Խասիոթիսի հետ. նաեւ՝ կենդանի ներկայութեամբ հայկական գործիքներու վրայ նուագող համայնքէն ներս երիտասարդ հայ արուեստագէտներու կողմէ ներկայացումներ, ինչպէս օրինակ՝ արուեստագէտ Յակոբ Ղազարեան իր անձնական քամանչայով, եւ Film Maker Վահագն Կարապետեան, որոնք մեզի համար հպարտութիւն կ’առթեն ու երաժշտութեամբ մեր ժողովուրդի հոգին կ’ազնուացնեն ու մեզ կը վերացնեն դէպի տարբեր վայր՝ գէթ ժամ մը հեռու մնալով աշխարհի տաղտուկներէն ու մանաւանդ մեր մշակոյթի, ազգի, եկեղեցւոյ արժէքները օտար հանրութեան ներկայացնելով որպէս հպարտութեան աղբիւր։
Նշենք, որ համայնքի երիտասարդներէն Յովիկ Գասապեան՝ ստանձնելով սոյն սփռումներու հաղորդավարութիւնը, մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ բոլորիս ու պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ կը կատարէ իրեն յանձնուած պարտականութիւնը։ Անոր կողքին՝ դարձեալ մեր համայնքի երիտասարդուհիներէն եւ «Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհի Ռոզա Թերզեան եւս իր մասնակցութիւնը կը բերէ՝ պրպտումներ կատարելով երաժիշտներու մասին տեղեկութիւններ քաղելով ու յայտագիրը հարստացնելով։ Յայտնենք, որ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանը եւս իր մասնակցութիւնը կը բերէ՝ հայերէն լեզուով փոխանցելու օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնն ու ազգային արժէքներու հրամայականը կատարելով։
Յիշեցնենք, որ հայկական սփռումը կրնաք ունկնդրել նաեւ online` FM 100.6.gr live, ինչպէս նաեւ մեր յունական դիմատետրի էջին՝ «Από τον Όλυμπο στο Αραράτ» like տալով կը քաջալերէք մեզ։
Բարի երթ ու բարի առաքելութիւն։
Թղթակից