Սիրելի
հայրենակիցներ
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը դրամահաւաքի կը ձեռնարկէ եւ կը դիմէ ձեզի, որպէսզի միասնաբար թիկունք կանգնինք եւ կարենանք օգնութեան ձեռք երկարել Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն՝ թեաթեւցնելու համար իրենց ցաւը, մեր նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ:
Սիրելի հայրենակիցներ
Փետրուար 6-ին Միջին Արեւելքը հարուածած 7,8 ուժգնութեամբ ահաւոր երկրաշարժը աղետալի հետևանքներ ունի նաև Սուրիոյ վրայ, պատճառ դառնալով հազարաւոր զոհերու եւ վիրաւորներու ու փուլ տալով բազմաբնակ շէնքեր:
Տարիներու պատերազմին ստեղծած բազմաթիւ տագնապները դիմագրաւող
Սուրիահայութիւնը կրկին կը մատնուի նոր սարսափի եւ անորոշութեան եւ անմիջական կարիքներու դէմ հանդիման կը գտնուի: Վնասուած են բնակարաններ, գործատեղիներ, ինքնաշարժներ, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ։ Ցաւով կ՛արձանագրենք որ կան հայ զոհեր:
Արդէն իսկ անցնող օրերուն Հալէպի եկեղեցիներուն, ազգային կեդրոններուն եւ Ճեմարանին ու դպրոցական ինքնաշարժներուն մէջ ապաստան գտած են հայորդիներ: Սնունդի մատակարարումը եւ օգնութեան աշխատանքները կը կատարեն ակումբի կամաւոր հայ երիտասարդները։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղէ Հ.Օ.Մ.ի աշխարհասփիւռ միաւորներուն եւ բոլո՛ր հայրենակիցներուն, անմիջապէս օգնութեան ձեռք մեկնելու ծանր երկրաշարժէն տուժած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը արդէն իսկ իր առաջին նիւթական օգնութիւնը ուղարկած է վնասուած շրջանին:
Մարդասիրական այս նպատակին համար, ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել Հայ Կապոյտ Խաչի դրամատան հաշիւին՝
Εθνική Τράπεζα
GR1801101840000018429600283
Δικαιούχος Αρμενικός Κυανούς Σταυρός
«ΣΕΙΣΜΟΣ ΣΥΡΙΑ» նշումով
Կարելի է նաեւ ուղակի յանձնել ձեր
նուիրատուութեան գումարը
Հ.Կ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան:
Կասկած չկայ, որ հալէպահայութիւնը պիտի յաղթահարէ այս փորձութիւնը եւս որովհետեւ մինակ պիտի չըլլայ:
Ձեռք ձեռքի մեր հայրենակիցներու կողքին։
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի
Շրջանային վարչութիւն
Աթէնք, 9 Փետրուար 2023