Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնս խոր կսկիծով կը հետեւի Աթէնքի շրջակայքը տարածուած ահարկու հրդեհին սփռած մահն ու պատճառած աղէտը:
Վարչութիւնս անմիջապէս որոշեց մասնակցիլ հրդեհէն տուժած քաղաքացիներուն օգնութեան հասնելու նախաձեռնութիւններուն՝ անհրաժեշտ իրեր եւ ուտեստեղէններ նուիրաբերելով այս նպատակին: Առ այս, կապի մէջ մտած է Մարաթոնայի քաղաքապետութեան փոխ-քաղաքապետին եւ պատկան մարմնին հետ, որպէսզի առաւել արդիւնաւէտ ձեւով օգնութեան իր բաժինը կատարէ:
Այսպիսի ցաւալի պահերուն, տառապողներուն օգնութեան ձեռք երկարելու պատրաստակամութեամբ միայն եւ բոլորին միասնական ճիգերով, կարելի կ՛ըլլայ յոյս ներշնչել յուսալքուածին եւ դիմագրաւել ցաւն ու աւերը:
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի
Շրջանային Վարչութիւն
Աթէնք 25 Յուլիս 2018