­Ծայ­րա­յեղ ծանր կը շա­րու­նա­կէ մնալ ­Լի­բա­նա­նի մէջ հա­յու­թեան ապ­րած ճգնա­ժա­մը, ­Պէյ­րու­թի ա­հա­ւոր պայ­թու­մէն մօտ ե­րեք շա­բաթ ետք։
­Լի­բա­նա­նի հայ հա­մայն­քի կա­րիք­նե­րուն հաս­նե­լու հա­մա­խումբ ջան­քե­րը՝ հա­մայն հա­յու­թեան, Ս­փիւռ­քի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի պե­տու­թեանց կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւած քայ­լե­րու զու­գոր­դումն է, որ ուղ­ղո­ւած է մեղ­մաց­նե­լու մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ա­ռօ­րեան՝ դրա­մա­կան նպաստ­նե­րով, բնա­կա­րան­նե­րու վե­րա­նո­րո­գում­նե­րով, դե­ղո­րայ­քի եւ սննդամ­թեր­քի հայ­թայ­թու­մով։
Ինչ­պէս ծա­նօթ է, նա­խա­պէս կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, հա­մա­հայ­կա­կան այս ճի­գին ար­դէն միա­ցած են Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն եւ գա­ղու­թի Ազ­գա­յին ու ­Միու­թե­նա­կան մար­մին­նե­րը, գու­մար­ներ նո­ւի­րե­լով այս նպա­տա­կին, միա­ժա­մա­նակ թե­լադ­րե­լով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնք փու­թա­ցած են օգ­նե­լու՝ դրա­մա­տան հա­շիւ­նե­րու մի­ջո­ցաւ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լով նո­ւի­րա­հա­ւա­քին։
­Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան մօտ խո­րա­ցած ճգնա­ժա­մը սա­կայն, մեր բո­լո­րին կող­մէ գե­րա­գոյն մա­տու­ցում կը պա­հան­ջէ, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ գործ­նա­կան գու­մա­րի մը ա­պա­հո­վու­մը։
Այս աշ­խա­տան­քը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու եւ մեր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն դի­մե­լու հա­մար, հան­գա­նա­կու­թիւ­նը հա­մա­կար­գող միա­ցեալ խոր­հուրդ մը ստեղ­ծո­ւած է, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ըն­թաց­քին կապ պի­տի հաս­տա­տէ մեր ազ­գա­յին­նե­րուն հետ, ի­րենց ազ­նիւ նո­ւէր­նե­րը ստա­նա­լու հա­մար։
­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,
­Լի­բա­նա­նի հա­յու­թեան օգ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը՝ մեր ազ­գա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ մարդ­կա­յին ազ­նո­ւու­թեան դրսեւ­րումն է։


Դ­րա­մա­հա­ւա­քին կա­րե­լի է մաս­նակ­ցիլ դրա­մատ­նա­յին հե­տե­ւեալ հա­շիւ­նե­րու մի­ջո­ցաւ.-
Εθνική: IBAN GR1801101840000018429600283
Alpha Bank: IBAN GR0201401140114002002005300
Πειραιώς: IBANGR2801720420005042068319229

­Կա­րե­լի է նաեւ կապ պա­հել հե­ռա­ձայ­նի հե­տե­ւեալ թի­ւե­րուն 2109574973-2109575011

­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւն
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն
­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն
­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւն